Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, 2020 Նոյեմբեր 9‐էն ի վեր, լրատուական համակարգը ողողուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի ստորագրած փաստաթուղթի բերած անսպասելի մտահոգութիւններով։
Աւա՜ղ թաւշեայ յեղափոխութեան հերոս՝ Նիկոլ Փաշինեանի անունին կցուեցաւ «դաւաճան» պիտակը։ Ծանր է կրել այդ մակդիրը, մանաւանդ ենթական երբ համոզուած է որ հազարաւոր քաղաքացիներու եւ զինուորներու կեանքը խնայելու սիրոյն դիմած է այդ քայլին։ Անշուշտ նախընտրելի պիտի ըլլար եթէ այդ քայլին քիչ մը աւելի կանուխ դիմած ըլլար։
Պէտք է ընդունիլ որ ով որ ալ ըլլար յանդգնողը ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ, ուր նշուած ըլլար վերադարձնել Ատրպէյճանին հինգ առաւել երկու ղարաբաղեան ազատագրեալ հողերը, թեկուզ Մինսքի խաղաղ բանակցային ճամբով, նոյնն է, ենթակայ պիտի ըլլար «դաւաճան»-ի անբաղձալի կոչումին։ Այլ ճանապարհ կա՞ր արդեօք վերոնշեալ հողերը վերադարձնողի մը համար խուսափիլ այդ սեւ ճակատագրէն կամ կոչումէն։ Թերեւս։
Մեկնելով Աւետարանի պատգամներու թելադրութենէն, հեռու ինձմէ վարչապետը դատելէ իբրեւ «դաւաճան», «յանցաւոր» կամ «մեղաւոր»… Բայց Նոյեմբեր 9‐ի փաստաթուղթը, փափաքելի է դիտարկել բարոյական տեսանկիւնէն։ Ըստ ինքեան այդ փաստաթուղթը կը պարունակէ ստորնութիւն։ Քանի որ ամենադոյզն իրաւունքն անգամ զլացուած է պատերազմը կորսնցնող կողմին։ Արցախին։ Ոտնակոխուած է արդարամտութիւնը։ Մինչդեռ նոյնը չըրին 30 տարի առաջ Ատրպէյճանին երբ կորսնցուց պատերազմը, ոչ մէկ կերպով չիրաւազրկեցին իբրեւ պատերազմը կորսնցնող կողմ, ընդհակառակը շեփորեցին անիրաւ իրաւունքները պաշտպանելով…Ասոր կ՛ըսեն երկու չափ, երկու կշիռ։ Հիմա այն ինչը որ բացայայտ է, Փաշինեանին պարտադրեցին ստորագրել Նոյեմբեր 9‐ի տխրահռչակ յայտարարութիւնը։ Սա կը նշանակէ թէ ստորագրողին ստիպեցին ստորին արարք գործելու։
Կարդացեք նաև
Այսօր աշխարհի դատաստանին առջեւ, Փաշինեանը կրողն է այդ արարքին ճակատագիրը։ Այսպէս է աշխարհի կարգը։ Արարքի մը պատիւը կամ անպատւութիւնը, դերակատարին կը վիճակուի։ 2018‐ի թաւշեայ յեղափոխութեան լուսաւոր պատիւը վիճակուեցաւ իրեն, դերակատարն էր։ Ներկայիս ալ Նոյեմբեր 9‐ի տխուր համբաւը իրեն կը վիճակուի, քանի որ, ասոր ալ դերակատարն է։Հետեւաբար իրեն կը մնայ այս կացութեան մէջ բարոյական վերաբերմունք դրսեւորել, մեկնիլ ինքնակամ եւ յօժար կերպով վարչապետի իր պաշտօնէն հրաժարականը ներկայացնելով։ Այս կերպով ցոյց տուած պիտի ըլլայ իր յարգանքն ու ընկալումը բարոյական արժէքներու հանդէպ։ Վստահաբար գիտակցելու է որ եթէ շարունակէ մնալ պաշտօնին վրայ, այլեւս պիտի չկարենայ վայելել այն բարձր հեղինակութիւնը որ կը վայելէր թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ։
Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան
Փարիզ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում