«ԴՐՕՇԱԿ».- 2020ի Սեպտեմբերի 27ին, Արցախի դէմ լայնամասշտապ յարձակումից ժամեր անց, ՀՅԴն յայտարարեց, որ կոչ է անում մէկ կողմ դնել ներքաղաքական տարակարծութիւնները եւ համազգային միասնութեամբ լծուել հայրենիքի պաշտպանութեան գործին։ Հէնց ժամեր անց էլ Դաշնակցութեան առաջին վաշտը ճանապարհուեց մարտադաշտ, իսկ որոշ ժամանակ անց վերջինիս միանալու էին կուսակցութեան միւս վաշտերը։ ՀՅԴի ներգրաւուածութիւնը չսահմանափակուեց այս, առանց այն էլ ծանրակշիռ դերակատարութեամբ։ Աշխոյժ աշխատանքներ են ձեռնարկուել զանազան բնոյթի օժանդակութիւնների կազմակերպման ու դրանց խրախուսման, զանգուածային միջոցառումների կազմակերպման, քաղաքական-դիւանագիտական եւ այլ ուղղութիւններով։ Մի փոքր ներկայացրէք նաեւ այս աշխատանքը։
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.– Պատերազմի բռնկումէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴն իր ուղեկից միութիւններnվ ու համակիրներով ծաւալեց հայրենիքի օժանդակութեան լայն տարողութեամբ աշխատանք՝ հետեւեալ չորս ուղղութիւններով.
ա.- Մարդուժի տրամադրում. 2016ի ընդհարումներուն արդէն յայտնի դարձած էր կամաւորական ջոկատներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը. ուստի, մենք նախաձեռնեցինք պահեստազօր ստեղծելու գործին, որպէսզի մարզուած մարդուժ տրամադրենք հայոց բանակին, երբ վտանգուին Հայաստանի ու Արցախի սահմանները։ Այդ նախաձեռնութիւնը ապա ստացաւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան հանգամանք եւ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան գործակցութեամբ թափ առաւ աշխատանքը:
27 Սեպտեմբերին, թուրք-ատրպէյճանական-վարձկան հրոսախումբի յարձակումէն անմիջապէս ետք, մեր վաշտերու պատրաստուած տղաքը՝ տարբեր խումբերով, մեկնեցան Արցախի ռազմաճակատ եւ, բոլորին վկայութեամբ՝այդ կամաւորները ունեցան պատուաբեր եւ խիստ կարեւոր ներդրում Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան մէջ: Տուինք բազմաթիւ զոհեր, որոնց յիշատակին առջեւ ակնածանքով կը խոնարհինք, եւ ունեցանք բազմաթիւ վիրաւորներ, որոնց բժշկական եւ ընկերատնտեսական կարիքները պարտինք կարգաւորել համակուսակցական ճիգով։ Հրադադարէն ետքն ալ մեր տղաքը լծուեցան Սիւնիքի պաշտպանութեան գործին:
Կարդացեք նաև
Պահեստազօրի աշխատանքը կը շարունակուի այսօր ալ, որպէսզի միշտ ունենանք պատրաստ մարդուժ ի հարկին աջակցելու համար հայոց բանակին, մանաւանդ այս վերակազմաւորման շրջանին:
բ.- Քաղաքական աշխատանք. մեծ թափ առին մեր մարմիններու, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ճամբով տարուող քաղաքական շփումները եւ իրազեկման արշաւը: Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ու անկախութեան ճանաչման արշաւը արձանագրեց լուրջ յառաջխաղացք մանաւանդ Եւրոպայի մէջ. աշխարհով մէկ բարձրացաւ բողոք՝ թուրք-ատրպէյճանական-վարձկաններ հրոսախումբի պատերազմական ոճիրներուն, ցեղապաշտական հայատեաց դրսեւորումներուն, փանթրքական եւ նոր օսմանեան նկրտումներուն եւ միջազգային օրէնքներու ոտնահարումներուն դէմ. շարք մը երկիրներու մէջ նախաձեռնեցինք օրէնքներու կամ կառավարական որոշումներու նախագիծերու՝ կասեցնելու համար զինամթերքի հոսքը դէպի Ատրպէյճան. յատուկ յարաբերութիւններ մշակեցինք Մինսքի համանախագահող երկիրներու, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Եւրոպական միութեան՝ օրէնսդիր օղակի, գործադիր իշխանութեան եւ դեսպանութիւններու հետ. դատապարտեցինք Ատրպէյճանի եւ յատկապէս Թուրքիոյ դերը հայութեան դէմ սանձազերծուած հայատեաց ցեղապաշտական արշաւին եւ նորօսմանեան ծրագիրներ յառաջ քշելնուն մէջ. եւ վերջապէս՝ միջազգային քաղաքական շրջանակներուն բացատրեցինք Թուրքիոյ՝ հարաւային Կովկաս թափանցելու ճիգերը եւ Արցախեան բանակցութիւնները կասեցնելու կործանարար դերը:
գ.- Քարոզչական եւ ցուցական գործունէութիւն. Ատրպէյճան եւ Թուրքիա աշխարհով մէկ կազմակերպեցին քարոզչական ապատեղեկատուական գրոհ՝ արդարացնելու համար իրենց յարձակողապաշտ միտումները. պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, եւ մինչեւ այսօր, կազմակերպուած սուտերով ողողեցին եւ կ՛ողողեն միջազգային մամուլը, հեռատեսիլը, ձայնասփիւռի ալիքները, կայքէջերը եւ ընկերային ցանցերը՝ ծաւալելով արհեստավարժ, համադրուած եւ մեծածախս քարոզչութիւն: Այդ գրոհին հակադարձելու եւ հայկական տեսակէտները ներկայացնելու համար մեր բոլոր հնարաւորութիւններով կազմակերպեցինք բազմաշերտ արշաւ: Առաւել՝ շղթայազերծեցինք ցուցական արարքներ համաշխարհային մայրաքաղաքներու մէջ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դիմաց: Անհրաժեշտ էր մեր թշնամիներուն ցոյց տալ, թէ միակամ է աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ հաստատակամ՝ իր հայրենիքի պաշտպանութեան մտադրութեան մէջ՝ բոլոր ճակատներու վրայ: Եւ հայութիւնը կրցաւ իսկապէս բռնցքուիլ՝ մէկդի դնելով բոլոր ներքին տարակարծութիւնները, որպէսզի նպաստէ պատերազմին յաջող ելքին:
դ.- Հանգանակութիւններ. համահայկական հանգանակութիւնները մեծ յաջողութեամբ ընթացան ու աւելի փոքր տարողութեամբ դրամահաւաքներ այսօր ալ կը շարունակուին: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը անմիջապէս արձագանգեց նիւթական ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի կոչին եւ տրամադրեց աւելի քան 170 միլիոն տոլարի գումար Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին:
Հանգանակութեան նպատակն է՝ հասնիլ Արցախեան պատերազմին իբրեւ արդիւնք հարցեր դիմագրաւած զինւորականներու եւ կամաւոր ազատամարտիկներու բժշկական-ընկերային-տնտեսական-բնակարանային, ինչպէս նաեւ՝ անապաստան եւ անօթեւան ընտանիքներու ապրուստի էական կարիքներուն։ Անթոյլատրելի է անշուշտ, որ այդ գումարները յատկացուին այլ նպատակներու, պարզապէս ֆինանսաւորելու համար պետութիւնը: ՀՅԴն ժողովուրդին կոչ ուղղեց՝ անվերապահ մասնակցելու այդ հանգանակութեան։ Ուրախութեամբ նկատեցինք, որ աշխարհասփիւռ մեր մարմինները, միաւորները, ուղեկից միութիւնները (մանաւանդ ՀՕՄը), հաստատութիւններն ու համակիրները անվերապահօրէն կատարեցին իրենց «պարտք»ը եւ լայն բացին իրենց քսակները:
Այս բոլորը կատարուեցաւ, հակառակ այն իրողութեան որ Սեպտեմբերեան պատերազմին նախորդող մէկ տարուան ընթացքին այլ հանգանակային նպատակներու համար շարունակաբար դիմած էինք մեր ժողովուրդին՝ հասնելու համար Միջին Արեւելքի, եւ մասնաւորաբար Լիբանանի ու Սուրիոյ տագնապահար հայութեան բազմաթիւ կարիքներուն:
Ինչպէս արդէն անդրադարձայ, այսօր ալ կը շարունակուին հանգանակութեամբ գումարներ ապահովելու աշխատանքները։ Բնականաբար հիմա պիտի կեդրոնանանք Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրներուն եւ Հայաստանի մէջ ապաստանած, թէ Արցախ վերադարձած անօթեւան ժողովուրդին ընկերատնտեսական կարիքներուն վրայ։
«ԴՐՕՇԱԿ».- Յայտնի է, որ պատերազմական օրերին, գործակցութեան նպատակով, շփումներ են եղել նաեւ Հայաստանի վարչապետի հետ։ Միւս կողմից այսօր Դաշնակցութիւնը պահանջում է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Եթէ կարելի է անդրադարձէք եւ այս հարցերին։
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ ձգտած է կապ պահել երկրի բարձրագոյն ղեկավարին հետ, որպէսզի կարծիքներու ուղղակի փոխանակում կատարուի, կարենայ առաջին աղբիւրէն տեղեկութիւններ ստանալ եւ միաժամանակ փոխանցել իր տեսակէտներն ու կեցուածքները։ Վարչապետին հետ երկար ժամանակէ ի վեր այդ հաղորդակցական կապը չկար, բայց պատերազմական օրերուն եւ անոր ճիշդ նախորդող շրջանին, մենք քանի մը հանդիպումներ ունեցանք՝ հիմնականին մէջ փոխանցելու համար մեր մտահոգութիւնները եւ լսելու պատերազմական զարգացումներու պաշտօնական վերլուծումը։ Պատերազմին ընթացքին փոխանցած էինք նաեւ, որ, հակառակ մեր ունեցած հիմնական տարակարծութիւններուն, մենք պատրաստ ենք այլ հարցեր մէկ կողմ դնել եւ կեդրոնանալ հայ պետականութեան ու բանակի օժանդակութեան հարցին վրայ, Արցախի պատերազմին ապահովելու համար հայութեան յաղթանակը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեր առաջին հանդիպումներուն փոխանցած էր իր գնահատանքը, որ Դաշնակցութիւնը առաջին օրէն մարդուժով մասնակցած էր պատերազմին եւ նաեւ համահայկական-համաշխարհային առումով քաղաքական, քարոզչական եւ հանգանակային աշխատանք կը տանէր, որպէսզի հայանպաստ ելք ունենայ պատերազմը։ Դժբախտաբար, սակայն, այդ հանդիպումներուն ընթացքին եւ անկէ դուրս՝ անկեղծ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններու փոխանցում չեղաւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, նոյնիսկ երբ այդ ներկայացուցիչները կ՛ընդունէին, թէ իրավիճակը շատ աւելի վատ էր, քան հրապարակային պաշտօնական տուեալները:
Մենք ալ, անդրադառնալով հանդերձ որ պաշտօնական տեղեկութիւնները չէին համապատասխաներ իրական կացութեան, ընդունելով նաեւ, որ պատերազմական իրավիճակ էր, ռազմական դրութիւն գոյութիւն ունէր եւ պարտաւոր էինք չհակասելու պետական-պաշտօնական տեղեկատուութեանց, մնացինք զուսպ. անշուշտ շատ ծանր կը կշռէր մեր խիղճին վրայ այն հանգամանքը, որ հայկական կողմը ունէր բազմաթիւ զոհեր, մեծ թիւով վիրաւորներ եւ պատերազմի հայանպաստ ելք չէր ուրուագծուեր։ Բան մը, որ կը ժխտուէր իշխանութեան կողմէ եւ կ՛ըսուէր, որ մենք այլընտրանք չունինք՝ բացի մինչեւ վերջ պայքարելէ։
Պատերազմին ընթացքին ի յայտ եկան մեծ դժուարութիւններ՝ անկազմակերպ վիճակ, զօրակոչի անկանոն յայտարարութիւններ, քաղաքական անտեղի միջամտութիւններ եւ ռազմաճակատի վրայ լուրջ ձախողութիւններ։ Մեզի համար անընդունելի էր այն իրողութիւնը, որ ունէինք բարձրաստիճան փորձառու սպաներ, որոնք որքան ալ տարակարծիք ըլլային այս իշխանութեան կեցուածքներուն նկատմամբ, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած էին օժանդակելու պատերազմի գործողութիւններուն եւ իրենց ունեցած հեղինակութիւնն ու կարողութիւնը տրամադրելու հայ բանակին։ Պատասխանը միշտ եղած էր նոյնը՝ կտրուկ մերժում։ Յամենայնդէպս, արդիւնքը արդէն յստակ է, պատերազմի ընթացքին մասին տակաւին կան շատ մութ կէտեր, որոնց ակնարկած էր նոյնիսկ Արցախի նախագահը իր ուղերձին մէջ, եւ որոնք վստահաբար պիտի բացայայտուին։
Այս բոլորը ստեղծեցին ներազգային շատ վատ մթնոլորտ։ Պատերազմին աւարտէն ետք, երբ յստակացաւ ազգային աղէտին տարողութիւնը, մեզի համար բացայայտ դարձաւ, որ որեւէ ելք չկայ այս կացութենէն՝ բացի հող յանձնած եւ ծանր պարտութեան առաջնորդած Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն եւ այս իշխանութեան հեռացումէն: Պարզ է, որ պարտուած ու պարպուած վարչապետը, ամէն ինչ յանձնելու տրամադրութեան մէջ գտնուող անձը, ազգը սուտերով ապակողմնորոշած ղեկավարը չի կրնար որեւէ հայանպաստ կեցուածք ապահովել միջազգային ուժերէն կամ իսկապէս դիմադրել մեր թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի բոլոր նկրտումներուն. էական է վայրկեան առաջ փոխարինել զինք, որպէսզի ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերով ամուր վարչապետ մը՝ շրջապատուած փորձառու եւ կարող ուժերով, ստեղծէ ատակ, ազգանուէր դէմքերով կառավարութիւն, ստանձնէ սանձը այս երկրին, կարենայ յոյսը վերադարձնել մեր ժողովուրդին եւ ձեռք բերէ հայանպաստ արդիւնքներ չարաբաստիկ Յայտարարութեան անորոշ կէտերուն վերաբերեալ եւ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին:
ԴՐՕՇԱԿ.– Ստեղծուած ծանր կացութեան մէջ ի՞նչ առաջնահերթ անելիքներ էք տեսնում Հայաստանի իշխանութիւնների, քաղաքական ուժերի եւ ընդհանրապէս մեր ժողովրդի համար։
Յ.Տ.Խ.– Անմիջականօրէն՝ Հայաստանի քաղաքական որեւէ իշխանութեան հիմնական ընելիքը ստորագրուած Յայտարարութեան անորոշ բաժիններու առաւելագոյն հայանպաստ լուծումներ ապահովելու խնդիրն է. բան մը, որ դժբախտաբար կարելի չէ իրագործել այս իշխանութեան օրօք։ Քաղաքական ուժերը եւ մտաւորականութիւնը, որոնք համախմբուած են ՀՅԴի շուրջ, արդէն իսկ բացայայտած են իրենց կեցուածքը՝ ստեղծել հայրենիքի փրկութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն, որպէսզի ժողովուրդին մօտ վերազարթնի յոյսը, վերադառնայ ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ պարտուողական, ընկճուած հոգեբանութենէն դուրս գայ ամբողջ ժողովուրդը։ Ապա՝ որոշ կայունութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուելէ ետք, դիմուի ժողովուրդին, որպէսզի իր կամքը արտայայտէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու միջոցաւ:
Մինչեւ այդ ընտրութիւնները, անհրաժեշտ է, որ հայրենիքի փրկութեան կառավարութիւնը աշխատի Հայաստանի տնտեսական անկումի կասեցման ուղղութեամբ, բնականոն պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի հնարաւորինս կասեցնէ հաւանական արտագաղթի հոսքը եւ իր կարեւոր նպաստը բերէ Արցախի վերականգնումին։ Իսկ այս նպատակները անիրագործելի կը մնան, եթէ ներկայ իշխանութիւնը, իր վարչապետով, չհեռանայ իշխանութենէն:
ԴՐՕՇԱԿ.- Նոր տարին դիմաւորեցինք տագնապալի սպասումներով եւ անորոշութիւններով։ Անհոգ օրեր չեն սպասւում մեզ։ Առաջին հերթին յիշենք արցախցիների առջեւ ծառացած հոգսերի ու մարտահրաւէրների մասին։ Այնուամենայնիւ ամէն նոր տարուայ հետ միշտ կապւում են լաւատեսական յոյսեր ու ակնկալիքներ։ Ի՞նչ կը մաղթէիք մեր հայրենիքին, մեր ժողովրդին եւ մեր ընկերներին։
Յ.Տ.Խ.– 2020ը աղէտալի տարի էր. շարունակական հարուածներու եւ տագնապներու տարի: Կրկին յիշենք Լիբանանի մէջ Հոկտեմբեր 2019էն սկսած անկումը, Սուրիոյ մէջ պատերազմական, տնտեսական եւ առողջապահական տագնապը, համաճարակի համաշխարհային աղէտը, Լիբանանի մէջ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը եւ վերջ ի վերջոյ վերանկախացեալ մեր հայրենիքի նոր պատմութեան Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութեան մեծագոյն աղէտը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ալ, շատերու նման, ստիպուեցաւ վերանայիլ իր ծրագիրները, վերարժեւորել անոնցմէ մէկ քանիին առաջնահերթութիւնները եւ կեդրոնանալ այդ այլազան տագնապներու եւ աղէտներու բերումով հայ ժողովուրդին կրած վնասներուն եւ հայրենիքին ու հայութեան տրամադրելի օժանդակութեանց վրայ։ Միաժամանակ, անշուշտ, չենք մոռնար այս յուսահատական մթնոլորտէն մեր ժողովուրդը դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոր վերադառնայ իր առասպելական արիութեան ոգին։
Ուրեմն մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին կը մաղթենք վճռակամութիւն՝ վանելու համար համատարած ընկճուածութիւնն ու պարտուողական հոգեբանութիւնը. իսկ մեր ընկերներէն կ՛ակնկալենք, որ մնան պինդ՝ վերանորոգ կորովով եւ անսակարկ նուիրումով կեդրոնանալ 2021ի հետեւեալ առաջնահերթութիւններուն վրան.
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ քաղաքական բեկումնային փոփոխութիւն.
Փաշինեանի եւ իր վարչախումբի հեռացումը առաջին էական քայլն է։ Ազգային փրկութեան կառավարութեան հաստատումէն ետք պարտինք համախմբել հայրենի ու համահայկական ուժերը, միասնաբար դիմագրաւելու հայրենի մարտահրաւէրները՝ հաստատելու համերաշխութիւն եւ քաղաքական բնականոն գործընթացներ, վերադարձնելու ազգային գաղափարախօսութիւնը որպէս հիմնարար սկզբունք, ամրապնդելու ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը, կասեցնելու տնտեսական գահավիժումը, ապահովելու բոլոր հայ գերիներու վերադարձը, յաւերժացնելու Արցախի պատերազմի նահատակներուն յիշատակը եւ հասնելու անոնց ու վիրաւոր զինուորներու եւ կամաւոր ազատամարտիկներու ընտանիքներու կարիքներուն, հզօրացնելու հայոց բանակը, վերահաստատելու Արցախի կարգավիճակին շուրջ բանակցութիւնները, բարելաւելու Հայաստան-Ռուսիա եւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները եւ վերադարձնելու բանականութիւնը քաղաքական փոխյարաբերութեանց մէջ:
Արցախի վերականգնում.
Դաշնակցութեան համար Արցախի նորօրեայ կորուստները մնայուն չեն. հրադադար հաստատուած է, բայց պատերազմը չէ աւարտած. պիտի գայ պահը վերականգնելու Արցախի իրաւունքներն ու ամբողջական սահմանները: Մինչ այդ՝ անհրաժեշտ է հրադադարի պայմանները բարելաւել, վերակառուցել քաղաքներն ու գիւղերը, արցախահայութեան համար ապահովել Արցախի վերադարձի բարենպաստ պայմաններ, հասնիլ անօթեւան ընտանիքներու կարիքներուն, զարգացնել տնտեսութիւնը, իսկ համաշխարհային մակարդակի վրայ շեշտել Արցախի բացարձակ ինքնորոշման իրաւունքը եւ աշխատիլ վերականգնել Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներքոյ բանակցային գործընթացը:
Սփիւռքի վերաշխուժացում.
Սփիւռքն ալ պարտինք դուրս բերել Արցախեան կորուստի յարուցած ահաւոր ցնցումէն, եւ անոր վերադարձնել հաւատքը հայրենիքի ու հայութեան պայծառ ապագային նկատմամբ: Կը յուսամ, որ կը կարենանք 2021ին իրականացնել նաեւ Սփիւռքի հարցերու խորհրդաժողովը՝ արտերկրի հայութեան նոր աւիշ հայթայթելու եւ համահայկական առաջնահերթութիւնները ճշդելու համար:
Մենք բոլորս՝ իբրեւ մէկ ու ամբողջական հայութիւն, պէտք է սթափօրէն գնահատենք, թէ կը գտնուինք միանգամայն նոր կացութեան առաջ։ Այդ կը պահանջէ նոր ծրագրումներ եւ, անշուշտ, բազմապատկուած ջանքեր՝ տասնամեակներու փոթորկալի ճամբայ կտրած, սակայն մեծ ալեկոծութեան պատճառաւ ետ շպրտուած մեր ազգային նաւուն ընթացքը դարձեալ ուղղորդելու համար դէպի ազգային մեծ նպատակներու հասցնող հանգրուաններ: Արդ՝ բոլորս պարտինք աշխատիլ վերահաստատելու հայութեան միասնականութիւնը, վերականգնելու այն հաւատքն ու ոգին, որոնք երկար դարերու եւ փորձութիւններու ընդմէջէն ապահոված են ազգային մեր դժուար երթը: Մենք պարտաւոր ենք կատարել հետեւութիւններ մեր ոչ-հեռաւոր անցեալի սխալներէն ու բացթողումներէն եւ՝ մէջքերնիս շտկած, միտքերնիս պարզած՝ առաջ շարժելու, կողմնորոշուելով միա՛յն մեր ազգային գերագոյն շահերով ու ազգային իտէալներով:
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում