Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Կը խնդրուի ձեր սրտէն ճչալ․․․»․ «Հայրենիք»

Հունվար 23,2021 11:05

Ամօթ, զարմանք, հիասթափութիւն, նախատինք, աղտոտութիւն, կոտրած դուռ-պատուհան, գրասենեակներու մէջէն բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն համակարգիչներու գողութիւնը, թղթապանակներու խառնիճաղանճը անճանաչելի դարձուցին իր վեհութեամբ դարաշրջաններ բոլորած լռակեաց այդ գրասենեակները։ Այս շէնքը այլեւս այն չէ՛, ինչ որ մինչեւ հիմա ճանչցուած էր որպէս Միացեալ Նահանգներու Խորհրդարան եւ Ներկայացուցիչներու Տուն։

Տունը՝ հայրենասիրութիւն խորհրդանշող Աբրահամ Լինքընին, Ճօրճ Ուաշինկթընին, Թոմաս Ճէֆըրսընին նման հիմնադիրներու։

Այո՛, Նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի երազած շէնքը, որ Վայելչօրէն Փառահեղ՝ միաժամանակ Պարզ եւ Յարմարաւէտ վայրը պիտի ըլլար Միացեալ Նահանգները աշխարհին ներկայացող իր դիմագիծով վեհութեան փլուզումին հասցուցին։

Օրին 17 մրցակիցներու ներկայացուցած նախագիծերը շատ մանրազննին մաղէ անցած էին, ընդունելի չէին գտնուած վեհութեան պակասի պատճառով, երբ անսպասելիօրէն նամակ մը կը հասնի Սկովտիացի ծագումով Բժիշկ Վիլեամ Թորընթօնի նախագիծովը։ Առաջարկուածը անմիջապէս հաւանութեան կ՛արժանանայ, եւ պաշտօնապէս կը հաստատուի Նախագահ Ուաշինկթընի կողմէ Յուլիս 25, 1793-ին։

Այս պատկառելի շէնքը կարգ մը վերանորոգումներէ ու յաւելուածական փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք, այսօր համայն աշխարհի մէջ կը համարուի ճարտարապետականօրէն վեհ ու գեղեցիկ կառոյց մը, որ ըստ Միաց․ Նահանգներու հիմնադիր հայրերուն երազանքին, անոր ոճն ու ձեւը պէ՛տք է խորհրդանշէ երկրին ժողովրդավարութիւնը։

Սակայն, Յունուար 6, 2021-ին պատահածը Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ հաւաքուած քաղաքացիներուն խուժանավարի յարձակումէն ետք, սարսափահար ականատեսները եղանք ի տես պատկառելութիւնը ոտնակոխուած այս կառոյցին։ Սրտիս խորքէն անզօր ճչալէն աւելի աղաղակելու պահանջք զգացի։

Այո՛, ճիշդ կը կարդաք։ Բերանս փակ՝ սրտիս խորքէն ճչալու պահանջք զգացի․․․ երբ խոշոր տառերով վերի այդ թելադրութեան հանդիպեցայ։ Ճաբոնական խաղավայր-զբօսայգիի մը մէջ նորաբաց շատ բարձր ոլորուն սահնակէն յանկարծակի վար սահողներուն ճչոցները Քովիտի ժահրով արտաշնչելը սահմանափակելու – կարելի չափով կանխարգիլելու համար․․․ Այո՛, խոշոր գիրերով գրուած էր․․․ «կը խնդրուի», այո՛ ճիշդ այդպէս․․․ «Կը խնդրուի ձեր սրտէն ճչալ ․․․»

Ի՞նչպէս լուռ մնալ երբ այդ ակնածանք պարտադրող, կառուցելու համար տարիներով մտածուած այս շէնքին սրահները ամբոխներուն կեղտին ու ջարդարարութեան զոհ կ՛երթան։ Ի՞նչպէս կարելի է լուռ աղաղակել երբ այսօր լեցուած են 25 հազար երիտասարդ զինուորականներով, որոնք իրենց քնատոպրակներով մարմարեայ հայելանման յատակին վրայ օրերով քնանալու պարտադրանքին տակ են, Յունուար Վեցի նման կատարուելիք հաւանական նոր խուժումի մը արգելք կարենալ հանդիսանալու։

Պահ մը փոխադրուեցայ ի՛մ Հայաստանս։ Մեր հինգ հազար զոհուած-մարտիրոսացած արցախեան Հայ երիտասարդները աչքիս առաջ կենդանացան եւ շարուեցան քով քովի․․․ այստեղի զինուորականներուն հետ։

 

Զարմինէ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031