Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը, նկատի ունենալով, որ Լառնագա քաղաքին փողոցներէն մէկը, կը կրէ BOZ KURT (Grey Wolves) անունը, դիմեց Լառնագայի քաղաքապետարան, յայտնելով Յանձնախումբին վրդովումը։
Փոխ Քաղաքապետին հետ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին, ներկայացուեցան հիմք հանդիսացող պատճառները փոխելու անունը։ Ան խոստացաւ, որ հարցը պիտի քննէ Քաղաքապետարանի աւագանին։ Հայ Դատի Յանձնախումբը մօտէն պիտի հետեւի գործընթացին եւ տեղեակ պահէ գաղութը։