Թէեւ բնական է, որ վերջին ծանօթ դէպքերէն ետք ապրինք հիասթափութեան եւ յուսահատական պահեր, բայց երբեք իրաւունք չունինք ընկրկելու ու անձնատուր ըլլալու: Մեր ազգը իր գոյութեան վիպական օրերը շատոնց ապրած է: Դեռահաս մը չէ, որ տարուի զգացական վերիվայրումներով ու խարխափի:
Հասուն ու սպիտակահերի տարիք ունինք ազգերու պատմութեան մէջ: Ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ. «Մեր գլուխէն շատ տաք ու պաղ անցած է», հետեւաբար, սխալներ թոյլատրելի չեն մեզի: Կ՛ապրինք այնպիսի օրեր, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրէն, ինչո՞ւ չէ՝ մեր բոլորէն կը պահանջուին կատարեալ ուշադրութիւն եւ իմաստութիւն: Դոյզն անուշադրութիւնն անգամ այսուհետեւ կործանարար է այն պատառիկին համար, որ հարիւրամեակներու զոհողութիւններով ու արիւնով կերտուած ու պահպանուած է:
Ազգային հաւաքական անփութութեան եւ անհեռատեսութեան գինը շատ սուղ վճարեցինք, երբ փորձեցինք բնութեան արդար օրէնքը անտեսել կամ կարճատեսօրէն՝ շրջանցել: Աչքաթող ըրինք մեր հայրենիքի սրբութիւնները ոտնակոխողներուն աններելի արարքները (չըսելու համար ուրիշ բան): Անգիտակ ու ոչ-մասնագէտ անձնաւորութիւններու յանձնեցինք ճակատագրական որոշումներու պարտականութիւնը: Երբեմն նոյնիսկ մեր սեփական շահերը մեզի թելադրեցին ըսել. «Ինծի ի՛նչ. ի՛նչ կ՛ուզեն՝ թող ընեն»: Այս տրամաբանութիւնը յաճախ իբրեւ լօզունգ գործածեցինք՝ պատճառաբանելով. «Մեր ձեռքէն բան չի գար, թող իրենք մտածեն, պահանջեն, պաշտպանեն…», որովհետեւ կարծէք թէ այս կեցուածքը մեզի ալ ձեռնտու էր…: Իսկապէս որ… Ո՞վ պիտի խանգարէ իր տաքուկ ու ապահով նստավայրը: Հաւաքականօրէն հաշիւ չպահանջեցինք հայ ազգին պատմութիւնը նսեմացնել փորձողներէն: Ազգովին չսաստեցինք Ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն հրաժարողները: Մեղմ եւ սոսկ անհատական արձագանգներու սահմաններուն մէջ պահեցինք կրօնքն ու մշակոյթը նուաստացնողները սանձելու արարքները: Հետեւաբար, պէտք չէ շատ զարմանալ այսօրուան իրավիճակէն: Մեր սնուցածն է, որ հիմա կը վերադառնայ մեզ յօշոտելու: Մեր հաւաքական երէկը մեզ հասցուց այսօրուան վիճակին, ու չենք գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի հասցնէ մեզ եւ ե՛րբ կանգ պիտի առնէ…:
Խօսի՞նք, եւ ի՞նչ՝ անոնց մասին, որոնք լիովին հաւկուր դարձած են այսօր: Անոնց ազգային խիղճին սլաքը շատոնց բթացած է, երբ անոր կողմնացոյցը Թուրքիոյ հետ բաց սահմանի դարպասները ծեծած է՝ ի գին ազգային արժանապատուութեան:
Կարդացեք նաև
Ո՛չ, ամէն բան մութ չէ, ամէն բան անգոյն պէտք չէ տեսնել: Համոզուած ենք, որ ազգային մտածողութեան բիւրեղացումը հրամայական մըն է, որուն համար բազմամակարդակ եւ բազմակողմանի աշխատանք պէտք է տարուի բոլոր ոլորտներուն եւ մակարդակներու վրայ: Ազգային հաւաքական գիտակցութիւնն ու ազգային ոգին հիմնաքարն են ազգ-հայրենիք տաճարին: Այս արժէքը կարելի չէ հիմնաւորել ազգային սովորական զգացական երեւոյթներու դրսեւորումով, այլ մեր կամքը պէտք է խարսխուած ըլլայ ազգային հետեւողական տեսլականի վրայ, սեւեռած՝ հեռահաս ծրագիրներու եւ նպատակասլաց գործունէութեան ուղեգիծով:
Ազգայինը կրնանք պահել միայն ազգովին…
Թամար ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում