Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Հայաստանը մատնուած է անտէրութեան. ոչ մէկ հակազդեցութիւն թշնամիին ոտնձգութիւններուն համար». «Ասպարեզ»

Հունվար 15,2021 10:12

Արցախեան պատերազմին մասնակից, յաղթութեան բերկրանքն ու հպարտութիւնը ճաշակած, այնուհետեւ փլատակներէն յառնող Արցախ աշխարհի ծաղկման ու զարգացման երջանկութիւնը ապրած, վերջին պատերազմին անմնացորդ մարտնչած հայրենապաշտ ազատամարտիկը, ի տես դաւադրութեամբ ստեղծուած պարտութեան եւ տիրող համատարած ողբերգութեան, զայրոյթն ու ցասումը բռունցքներուն, խոր հառաչանքով կը մրմնջէ. «Այս ինչպէս եղաւ, որ ժողովուրդը յաղթեց ազգին»: Շարունակելով կ՛ըսեմ. «Այն ազգին, որ քանի մը տասնամեակներ առաջ, ներկայի հնարաւորութիւններէն զուրկ, աւելի վատ պայմաններու տակ, իր լաւագոյն որդիներու արեան գնով, կարողացեր էր ազատագրել Հայաստանի դարպասը եղող՝ չքնաղ Արցախը»:

Նիկոլ Փաշինեանն ու իր աղանդաւոր խմբակը եկան խորտակելու Արցախով վաստկած մեր ազգային արժանապատուութիւնը, յաղթանակի հպարտութիւնը, հողահաւաքի-պահանջատիրութեան իրաւունքը եւ հայկեան մեր վարքն ու բարքը: Նիկոլ Փաշինեանը եկաւ պատուէրով, խաւարի ուժերուն կողմէ տրուած յստակ օրակարգով. հողերը յանձնել, Հայաստանը վերածել տարածքի, հայերը՝ ազգային արժէքներէ պարպուած, ստամոքսով երջանկացող անդիմագիծ զանգուածի:

Նիկոլ Փաշինեանի առաջին քայլարշաւին հետեւող, ազգային եւ միջազգային քաղաքականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցող, աշխարհի իրադարձութիւններուն մօտէն ծանօթ, նաեւ իր խօսքերուն տողատակներուն թափանցող իւրաքանչիւր բանիմաց հայ մարդ, չէր կրնար չտեսնել ու կռահել գալիքը: Ան գառնուկի մորթով եկաւ, կրկնելով նոյն յանկերգը. «Ժողովուրդ ջան, սիրում եմ ձեզ, խոնարհում եմ ձեր առաջ… Նոր Հայաստանի մէջ դուք պիտի ապրէք ազատ ու երջանիկ. Սա նոր Հայաստան է»: Ան երբեք չի գործածեց՝ անկախ, ազգ, ազգային պետականութիւն, համերաշխութիւն, միասնականութիւն բառերը: Այնքան «նոր Հայաստան, նոր Հայաստան» վանկարկեց, որ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ հինաւուրց Հայաստանին եւ անոր հազարամեայ մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան վրայ լախտ կ՛իջեցնէր: Անշուշտ յետագայ բոլոր քայլերը ցոյց տուին լախտի առկայութիւնը: Դժբախտաբար ժողովուրդին հետ ազգն ալ պահ մը արբեցաւ Քաջ Նազարեան մեծ խօսիկութեամբ «ազատ եւ երջանիկ» ապրելու, բարեփոխումներ կատարելու խոստումներով, «դուխով» եկող թաւշեայ յեղափոխականի սիրալիրութեամբ: Խաւարի «ասպետները» շատ լաւ ընտրութիւն կատարած էին հայ ժողովուրդին մէջէն ընտրելով՝ սանձարձակ, անհաւասարակշիռ, ամբոխավար, ազգին եւ հայրենիքին դաւաճանելու յանձնառու, հայուն ամէնէն անազնիւ տեսակը, յանձինս Նիկոլ Փաշինեանին:

Ասկէ 2-3 տարի առաջ, երբ տանս նստած վերապահութեամբ կը հետեւէի առաջին քայլարշաւին, հեռաձայնս հնչեց: Հայաստանցի իմ երիտասարդ բարեկամուհիս էր. խանդավառութեամբ կ՛աւետէր իր մասնակցութիւնը «թաւշեայ յեղափոխութեան»: Համբերութեամբ լսեցի. չէի ուզեր ուրախ տրամադրութիւնը փճացնել եւ իր սխալ կողմնորոշման համար վիրաւորել զինք: Սակայն ըսի, թէ չափազանց վերապահ եմ եւ կը ցաւիմ, որ չեմ բաժներ ուրախութիւնը, բայց կը յուսամ ու կը մաղթեմ, որ չի հիասթափուիր, աւելցնելով. «Մի զարմանար եթէ օր մը իրեն ալ ըսեն. «Նիկոլ հեռացիր»»: Շատ զարմացած, այսքան վստահ դիրքորոշմանս պատճառը ուզեց հասկնալ. պատասխանեցի. «Այլ երկիրներու թաւշեայ յեղափոխութեանց դառն հետեւանքները եւ ներքին ձայնիս թելադրանքը. ըսուած է, որ քաղաքականութեան մէջ ներքին ձայնին դերը որոշիչ է: Հետեւաբար համոզուած եմ, որ Նիկոլ Փաշինեանը արտաքին ուժերու պատուէրով եկած է, ապագային գործունէութիւն ծաւալելու»:

Քանի մը ամիսներ յետոյ, երիտասարդ բարեկամուհիս, լսելով ու տեսնելով Նիկոլ Փաշինեանի, վարչապետի անյարիր կեցուածքին ու բառամթերքին, պառակտիչ խօսքերը, ատելութեան սերմանումը, սեւ-սպիտակի, նախկիններ-նորերու բաժանարար դերը, Արցախեան պատերազմի հերոսները նսեմացնող, կարեւոր նախարարութիւններ ջնջող, Առաքելական եկեղեցին արհամարհող, մանաւանդ վեհարանը պղծող եւ աւելի առաջ անցնելով, հայ լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան` բարեփոխումներու անուան տակ ապազգայնացնելու իր շարունակական սադրիչ արարքները, հիասթափեցուցեր էին բանասիրութեան դոկտորայի թեկնածու հայրենասէր հայուհիին: Ան հարց տուաւ. «Առաջին օրէն ինչպէ՞ս գիտէիք Փաշինեանի ազգավնաս ծրագիրներով եկած ըլլալը»: Կրկնեցի նախապէս տուած պատասխանս. «Այլ երկիրներու փորձով, ակնյայտ օրինակներով»: Ուրախ էի, որ անդրադարձեր էր ու կը գիտակցէր իրականութեան: Բայց ափսոս, որ «ազատ ու երջանիկ» ապրելու իղձով տարուած խաւը չնկատեց ազգը թուլացնող, օղակ առ օղակ հիւսուող վտանգը եւ ժամանակին պաշտօնանկ չըրաւ ոգեղէն հայրենիքը քանդելու, ապա հողեղէնը վաճառելու կոչուած դաւաճանին:

Այսօր ազգովին կը գտնուինք ծանր, շատ ծանր ողբերգութեան առաջ: Կորսնցուցինք մեծ Հայաստանի փոքր մասնիկը եղող՝ դրախտավայր Արցախը: Կորսնցուցինք հազարաւոր քաջարի, սիրուն զինուորներ, որոնք իրենց սիրած աղջիկներուն հետ միասին ապագայ մեր զինուորները, գիտութեան, պատմութեան, մէկ խօսքով՝ մշակոյթի պահապանները պիտի ծնէին: Իսկ գերի ինկած մեր զինուորները… Սարսափով ու մղկտանքով կը մտածեմ անոնց մասին, գիտակցելով թշնամիին վայրագութեանն ու դաժանութեանը: Հապա մեր հաշմանդամնե՞րը, անոնց հոգեկան վիճակը, տառապանքը: Անոնք երբեք պիտի չմոռնան եւ իրենց ներկայութեամբ միշտ պիտի յիշեցնեն դաւադրութեամբ ստեղծուած այս ահաւոր աղէտը:

Այսօր լոյսի երկիր Հայաստանը, Արցախն ու համայն սփիւռքահայութիւնը խաւարի ու սուգի մէջ կը տուայտին: Հայ մարդուն ողնասիւնը ուժգին հարուածուած, ազգային արժանապատուութիւնը խորապէս վիրաւոր, խաբուած ու դաւաճանուած, աղէտի ծանրութեան տակ կքած, գլուխը բարձրացնելու անզօր, անէծքի անվարժ իր լեզուով կ՛անիծէ այն օրը, երբ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, ազգուրաց քայլականները բազմեցան ազգային աթոռներու վրայ: Ներկայի ողբերգութեան գլխաւոր պատասխանատուներն են Նիկոլ Փաշինեանն ու իր «Եռատօ թագուհի» կինը՝ Աննա Յակոբեանը, որ աւելի վտանգաւոր է քան Նիկոլ Փաշինեանը: Յիշենք, որ հայոց պատմութեան մէջ Եռատոն հաւասար է դաւաճանութեան: Աննա Յակոբեանը, եթէ ազգային գաղափարախօսութիւն կրող հայուհի ըլլար, վստահօրէն պիտի նախընտրէր իր ջոկատը անուանել «Սօսէ» կամ «Փառանձեմ» եւ ոչ թէ «Եռատօ». նաեւ պիտի յորդորէր իր ամուսնոյն, որ յանուն ազգին եւ հայրենիքին, հրաժարի փառքի աթոռէն: Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. անոնք ի սկզբանէ եկած էին դաւաճանելու: Սակայն ոչ ոքի մտքով կ՛անցնէր այսքան ստոր դաւաճանութիւն: Արեամբ ազատագրուած հող հայրենին` գողտրիկ Արցախը 30 արծաթով ծախել ետք թշնամիին, ան կը շարունակէ մաս առ մաս Ատրպէյճանին նուիրել Նժդեհեան սերունդի արեամբ շաղախուած Սիւնիքի, Որոտանի շրջաններէն հողամասեր: Անցեալին քոչուոր թաթարները վախով եւ խնդրանքով կու գային իրենց հօտերը առածելու մեր կանաչազարդ դաշտավայրերուն եւ սարերուն վրայ. այսօր, նոյն թաթար ցեղի զինուորները, օր ցերեկով, սանձարձակ կը զետեղեն իրենց կանաչազարդ դրօշակները մեր հինաւուրց հողերուն վրայ: Սահմռկեցուցիչ տեսարան հայ մարդուն համար: Հայաստանը մատնուած է անտէրութեան. ոչ մէկ հակազդեցութիւն թշնամիին ոտնձգութիւններուն համար:

Իշխանութիւնը իր լռութեամբ իր համաձայնութիւնն եւ մեղսակցութիւնը: Ազգը երբեք պիտի չներէ թշնամիին առջեւ ծունկի եկած, սեփական ժողովուրդը տնազուրկ, հայրենազուրկ դարձուցած, հայկեան տոհմն ու հայրենիքը թշնամիին ու աշխարհին առջեւ նուաստացուցած Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր անողնաշար խմբակին:

ՄԱԳՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031