Մոսկուայի մէջ 11 Յունուարին տեղի ունեցած Փութին-Ալեւ-Փաշինեան հանդիպումէն՝ հայութեան ակնկնալութիւններուն առումով մուկ մ’իսկ չծնաւ, ինչպէս կարելի է հետեւցնել դռնփակ բանակցութիւններէն բխած յայտարարութենէն:
Եւ ահա, նոր յայտարարութեան չորս կէտերը կը շրջանցեն շարք մը հիմնական, հայութեան համար կենսական հարցեր, ի յայտ կու գայ, որ բանակցողները կեդրոնացած են 9 Նոյեմբերի համաձայնութեան այն կէտին վրայ, ըստ որուն, պէտք է «ապաշրջափակել» Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխադրական ճամբաները (երկաթուղի եւ ինքնաշարժներու ճամբաներ), որոնցմէ պիտի օգտուին երկու երկիրներն ու Ռուսիա:
Եթէ հարցը վերաբերէր Ֆրանսայի ու Սպանիոյ, կամ Զուիցերիոյ ու Իտալիոյ, տակաւին՝ Պելճիքայի ու Գերմանիոյ միջեւ փոխադրամիջոցներու կարգաւորման, բնականաբար մարդիկ ուրախանալու ամէն պատճառ պիտի ունենային: Հարցը հոն է, որ հազիւ 2 ամիս առաջ վերջ գտած պատերազմէն ժառանգ մնացած ամէնէն սուր հարցերը մէկդի ձգուած են. բացայայտ է, որ Ալիեւ եւ Փութին իրենց հաշիւները կարգի դրած են, իսկ Հայաստանի վարչապետը, որ Արցախի «Երկաթէ Շերեփ»ը ձեռքէ հանելէ ետք, մինչեւ իսկ «Թուղթէ Շերեփ» մը չունենալով գացած է Մոսկուա, ահա ճակատաբաց, հպարտօրէն կը յայտարարէ, թէ իր միտքէն անցածները մինչեւ իսկ քննարկման սեղան չեն բերուած («ապրի՛ս, տղա՛յ, ինչպէ՛ս տեղը նստեցուցիր Ալիեւը»): Բանակցութեան սեղանին շուրջ նստած թէ յաջորդած ասուլիսին պահուն, Փաշինեան ունէր այն երեւոյթը, թէ անպատրաստ, դասը լաւ չսորված աշակերտի պէս հասեր էր Մոսկուա, մինչդեռ, Մոսկուա առաքելութեան նախօրեակին, ան նոյնքան ճակատաբաց կը յայտարարէր, որ տնտեսական եւ առեւտրական հարցերու դասաւորումին համար, նախապայման են գերիներու եւ Արցախի կարգավիճակին մասին յստակացումներ, լուծումներ: Հիմա, աղէտալի պարտութիւնը ամրագրող համաձայնագիրէն 2 ամիս ետք, վաղը հանդիսատես պիտի ըլլանք այս նոր ձախողութիւնը գովերգող քարոզչական արշաւներու, չքմեղանքներու, սակայն երբեք պիտի չլսենք. «Առռռա՜, ի՞նչ անենք. ես ձախողանքից բացի՝ ոչինչ կարող չեմ անել…»
Փաստօրէն, Փութին գոհ է, որ զինադուլը կը մնայ անխախտ, իր ուժերը լաւ կը կատարեն իրենց վստահուած դերը (յետ-պատերազմեան դրական գիծերէն միակը՝ հայութեան համար), իսկ Ալիեւ կը պարծենայ, թէ Արցախի հարցը արդէն անցեալին կը պատկանի, հիմա բացուած են գործակցութեան հորիզոնները: Պէտք չէ, անշուշտ, գնահատանք զլանալ Փաշինեանի, որ համարձակութիւնը ունեցաւ գէթ յայտարարելու, որ գերիներու-զոհերու մարմիններուն փոխանակման եւ Արցախի (էական) հարցին մասին ոչինչ իրականացած է, դատարկաձեռն կը վերադառնայ Մոսկուայէն:
Կարդացեք նաև
Այլ խօսքով, եթէ Մոսկուայի մէջ հայութեան դիտանկիւնէն մուկ իսկ չծնաւ, կրնանք ըսել, որ Փաշինեան հետը պիտի բերէ… ջայլամ մը, կամ գոնէ ջայլամի հաւկիթ մը: Ո՜վ գիտէ, վաղը կրնայ ի յայտ գալ, որ «բերանացի յաւելուածներ» կան Մոսկուայի համաձայնագիրին մէջ, ինչպէս որ բերանացի համաձայնութիւններ ի յայտ եկան 10 Նոյեմբերէն ետք, եւ արցախեան ու սիւնիքեան տարածքներ (որոնց մասին ոչինչ կար համաձայնագիրին մէջ) պատառ-պատառ կը յանձնուին Ազրպէյճանին, որուն «Ճի. Փի. Էս.»ները քարտէս կը ձեւաւորեն մի՛շտ ի վնաս հայկական տարածքներու…: Իշխանութեան զուռնաճիներն ալ կը դատապարտեն շուռնուխցիներն ու Կապանի այլ գիւղացիները, որոնք ազերիներուն բռնագրաւած տուները հրոյ ճարակ կը դարձնեն: Անոնցմէ մէկը ամենայն յանդգնութեամբ յայտարարեց. «Ձեզի ո՞վ ըսաւ, որ ազերիներուն հալալ հողին վրայ երթաք, տուն շինէք» (չէ՞ որ հիմա կը քարոզենք, որ անցեալ 30 եւ աւելի տարիներուն, մենք ենք եղեր ազերիներէն հող խլող-բռնագրաւողը: Ահա թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ ազերիներուն հետ ղարտաշութիւն մշակելը):
Արդեօք պէտք է ենթադրել, որ «լուծումի փուլային տարբերա՞կ»ն ալ նոր մեկնաբանութիւն ու կիրարկում կը գտնէ, այսինքն՝ պատերազմի դաշտին վրայ (իրական թէ սարքովի) պարտութենէն ետք, հայկական կողմը հիմա տարածքներ եւ այլ իրաւունքներ պիտի կորսնցնէ փուլ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում: