Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Ձեր կառավարութիւնը լիովին սպառած է իր քաղաքական դրամագլուխը եւ զուրկ է կառավարման համար անհրաժեշտ քաղաքական կամքի կենսական պաշարներէն. «Ասպարեզ»

Հունվար 12,2021 10:41

Տարրական իմաստութիւն է, որ պարտութեան բովէն անցած իշխանութիւնը պէտք է դադրի իր գոյութեամբ խոչընդոտելէ պետականութեան առողջ գործընթացը երկրին մէջ: Հայ անկախ պետականութիւնը պէտք է դադրի ըլլալէ քաւութեան նոխազը վարչապետին սպառած իշխանութեան եւ այս վերջինով խորհրդանշուող բարոյալքիչ պարտութեան: Ընդունիք կամ ոչ՝ դուք ամէն օր կը գործէք պարտութեան դիրքերէ՝ դիմագրաւելով թուրքեւազրպէյճանական դիւանագիտական գրոհը եւ, անշուշտ՝ բազմադիմի քաղաքականութիւնը Ռուսիո՛յ, որ այսօր այլեւս չունի տոկուն եւ ինքնավստահ եւ փորձառու խօսակից մը, որ խօսի Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր իշխանութեան ինքնիշխան դիրքերէն: Այս մեծ բացն է, որ ներկայ իշխանութիւնը իր շարունակուող գոյութեամբ կը պարտադրէ հայոց հայրենիքին: Եւ այնպիսի ժամանա՛կ՝ երբ Հայաստան պէտք է կարողանայ յաջողութեամբ դիմակայել մոսկովեան մարտահրաւէրի բոլոր բարդ բաղադրիչները:

Ամէն քաղաքական ուժ, որ կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան տանիքին տակ, իր դերը ունի հայ անկախ պետականութեան յղացքին մէջ: Բայց մանաւանդ՝ ամէն քաղաքական ուժ ունի իր պիտանիութեան ժամանա՛կը մեր երկրի ազգային գերագոյն շահի կշիռներով չափուած, որմէ անդին անոր գոյութիւնը անընդունելի բեռ է ազգին եւ հայրենիքի վիզին: Իսկ ներկայ պարագային՝ հսկայ ռի՛սկ մը մեր պետականութեան հաշւոյն: Հետեւաբար, ամէն քաղաքական ուժ լռելեայն պարտաւորուած է պիտանիութեան կենսական սահմանը բծախնդրօրէն յարգելու: Ասոնք Սահմանադրութեան չգրուած տողերն են, որոնք պէտք է գրուին օրը-օրին իմաստուն ղեկավարներու քրտինքով: Կը կրկնենք անգամ մը եւս. այսօր, իշխանութեան ղեկը վերստին հանրութեան յանձնելո՛վ է միայն, որ ներկայ իշխանութիւնը կը մտնէ իր պատմական դերին մէջ:

Խորհրդարանական մենատիրութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հանրութեան մէկ մեծ շերտը (որպէս քաղաքական ընդդիմութիւն) իր արդար պահանջներուն համար լուծում կը փնտռէ՝ ապաւինելով քաղաքացիական անհնազանդութեան զէնքերուն եւ պահանջելով ձեր հրաժարականը: Մի ստիպէք, որ անիկա սկսի չհաւատալ նոյնիսկ այդ զէնքերուն եւ մի հրէք պետական գործընթացը դէպի քաղաքական քաոս:

Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ վերջին խօսքը կը պատկանի հանրութեան, իսկ այս վերջինը – ձեր իսկ քաղաքականութեան որպէս հետեւանք — արագօրէն կը դիմէ դէպի բեւեռացում կամ դէպի հաւաքական փախուստ քաղաքականութեան բեմէն: Երկու հակոտնեայ իրականութիւննե՛ր՝ որոնց էական պատգամը սակայն մէկ է մեր պետութեան եւ մեր ապագային համար: Մեր երկրի քաղաքական բեմը պէտք է դուրս գայ իր ներկայ հոգեբանական փակուղիէն եւ այդ փակուղին ստեղծողը եւ ամրապնդողը երկրի պարտութեան պատասխանատու իշխանութիւններն են յանձինս ձեզի եւ ձեր կառավարութեան: Մի՛ փորձուիք ժողովուրդի բարոյալքուած շերտերու կրաւորականութեան վրայ կառուցելու ձեր խախուտ իշխանութիւնը: Խախուտ իշխանութենէն պէտք է օր-առաջ ձերբազատուիլ: Ան կորստական է եւ ոչինչ կրնայ խոստանալ: Ան կը պատուհասէ ձեզ եւ մեր երկիրը հաւասարապէս թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին սպառնալիքներուն դիմաց:

Իսկ եթէ դուք ի վիճակի չէք պահանջուած հաստատակամութեամբ դիրքորոշուելու հայ անկախ պետականութեան այս կենսական չափանիշներուն վրայ, դուք առհասարակ պիտի հրաժարիք որեւէ նոր քայլ առնելէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հաշւոյն: Որ ինքնաբերաբար կը նշանակէ, որ ձեր կառավարութիւնը լիովին սպառած է իր քաղաքական դրամագլուխը եւ զուրկ է կառավարման համար անհրաժեշտ քաղաքական կամքի կենսական պաշարներէն: Բա՛ն մը՝ որ մեր եզրակացութիւնն էր այն իսկ օրէն, որ դուք գաղտնաբար ստորագրեցիք պարտութեան այդ անասելի թուղթը:

Կարո ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031