Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ի, Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքն ու յատկապէս ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներուն պալատը բեմ դարձան խուժանային յարձակումներու, որոնց աւելի դաժան տարբերակը պատմութեան անցած է Գերմանիոյ մէջ, երբ Ատոլֆ Հիթլէրի պաշտօնավարութեան առաջին օրերուն, հրոյ ճարակ դարձաւ այդ օրերու խորհրդարանը եւ ճամբայ բացաւ նացիներու իշխանութեան ամրապնդման: Բարեբախտաբար ամերիկացի «նացիներու» այս փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ:
Տոնըլտ Թրամփ յաջողեցաւ նորագոյն գագաթնակէտ մը նուաճել «Ամերիկան փառայեղ դարձնելու» (Make America great again) իր երթին ճամբուն (հաւանաբար սա իր «Կարապի երգը» ըլլայ այս կալուածին մէջ), երբ հրապարակաւ, առանց բառերը ծամծմելու, Սպիտակ տան առջեւ կանգնած ամպիոնէն իր ծայրայեղական հետեւորդները խրախուսեց «քալելու» խորհրդարանի շէնքին վրայ եւ նեցուկ կանգնելու «քաջ հանրապետականներուն», որոնք վերջին ճիգ մը կ’ընէին անվիճելօրէն կորսուած դատ մը պաշտպանելու համար:
Փաստօրէն, Նոյեմբերի ընտրութիւններէն ասդին, Թրամփ կարելի ու անկարելի ամէն միջոցի դիմեց՝ ինքզինք յաղթական ներկայացնելու համար. անոր բոլոր փորձերը փշրուեցան ամուր պատերու բախելով, եւ ահա, երբ խորհրդարանը օրէնքէն բխած՝ պարզ ձեւականութեան համար քուէներու վերջին հաստատումը կը կատարէր, եւ նոյնինքն փոխ նախագահ Մայք Փենս կը պատրաստուէր հաստատելու Ճօ Պայտընի ընտրուած ըլլալը, նախագահին եւ անոր նոյնքան տխմար փաստաբանին՝ Ճիւլիանիի ու քանի մը «համաուղեղ» հանրապետականներու խրախուսանքով, բազմահազար խուլիկաններ խուժեցին խորհրդարանի շէնքէն ներս, խափանարարութեան խայտաբղէտ ցուցադրութիւն մը կատարեցին, քանի մը ժամ ահաբեկումի մատնեցին ոստիկաններ, խորհրդարանականներ, պաշտօնեաներ, տակ ու վրայ ըրին գրասենեակներ: Արդեօք ամերիկացիք ինչպիսի՜ հպարտանքով դիտեցին դէպքերուն լուսանկաներն ու ժապաւէնները…
Ինքզինք ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու դրօշակիր հռչակած Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ մութ ու ամօթալի օր մը, որուն արձագանգները, միաձայն դատապարտանքներով, տարածուեցան աշխարհով մէկ: Մինչեւ իսկ Թրամփի սիրելիներէն… Նեթանիահու (ինք ալ ոճրագործ աւազակ մը) դատապարտեց եղածը:
Կարդացեք նաև
***
Ահա թէ ի՛նչ կ’ըլլայ, երբ պարտեալ մը կը շարունակէ կառչած մնալ աթոռին: «Նարնջագոյն մարդը», Սպիտակ տուն հասնելէ առաջ իսկ, բացած էր ժողովուրդին երկփեղկումը խորացնելու մրցավազքը, որ յաջորդ 4 տարիներուն «զարդարուեցաւ» սուտերու, ցեղապաշտական արտայայտութիւններու, բռնամիջոցներու խրախուսանքի եւ ասելի ու անասելի «սխրագործութիւններու», նաեւ՝ աշխարհի մօտակայ ու հեռաւոր երկիրներու հետ հակադրութեանց ու թշնամանքի ալիքներով:
Հարցը հասաւ հոն, որ անոր գործակիցները հանգրուան առ հանգրուան հեռացան իրմէ, եւ ահա, վերջին օրերուն, քանի մը նախարար եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար եւս կը լքեն անուղեղ արարածը, որ 7 Յունուարի, ի վերջոյ լուռ կերպով ընդունեց պարտութիւնը եւ հաստատեց, թէ իշխանութիւնը պիտի փոխանցէ ընտրեալին: (Առայժմ մոռցուած են անվիճի յանցապարտներու ներում շնորհելու նախագահին որոշումները):
Բնականաբար հարց կը մնայ, թէ թրամփասէրներն ու անոր ի նպաստ քուէարկողները կը տեսնե՞ն այս բոլորը, տակաւին նման արարքներ արդարացնող խելամիտներ կա՞ն, թէ մտային կուրութիւնը պիտի շարունակէ զանոնք գերի պահել…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում