Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Թուրքիա շղթայազերծած է համաշխարհային պատերազմ, որուն փորձառական թատերաբեմը այսօր Կովկասն է. «Հայրենիք»

Հունվար 09,2021 11:43

Թուրքիա կը սարսափի, Եւրոմիութեան պահանջած բարեկարգումներէն, մարդկային իրաւանց յարգումէն մանաւանդ, որ աշխարհագրական այդ շրջանի բնիկներուն յաւելեալ իրաւունքներ կ’ընձեռէ, կը քաջալերէ ինքնավարութեան եւ անջատման պահանջները, ինչ որ անընդունելի է թրքութենէ տարբեր տարածքային ըմբռնումի: Իսկ այդ բնիկները, զորս այսօր կը կոչեն «փոքրամասնութիւններ», հոն էին թուրքերէն առաջ, տէր էին այդ հողերուն: Եւրոպան եւ Ամերիկան պատասխանատուութիւն ունին անոնց նկատմամբ:

Հարց է, թէ Եւրոմիութի՞ւնն է որ կը խոչնդոտէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը, թէ՞ Թուրքիան ինք կը խուսափի:

Այս միտքերու հետքով եթէ ընթանանք, ստիպուած կ’ըլլանք մենք մեզի, Թուրքիոյ եւ աշխարհին ուղղելու հետեւեալ հարցումը. Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ ԹՈՒՐՔ: ՔԻՒՐՏԸ, ՅՈՅՆԸ, ՀԱՅԸ եւ ԱԼԵՒԻՆ ՍՏԻՊՈՒԱ՞Ծ ԵՆ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ՀԱՄԱՐԵԼ ԹՈՒՐՔ: Ինչպէս տեղեկագրի մը մէջ նշած է թուրք մտաւորական Պասքին Օրան, օսմանի կայսրութեան մէջ բոլոր քաղաքացիները «օսմանցի» էին, անոր յաջորդած Թուրքիոյ մէջ բոլոր քաղաքացիները «թուրք» են, որ անգիտացումն է ժողովուրդի կարգ մը հատուածներու ցեղային, կրօնական եւ մշակութային ինքնուրոյնութեան, մերժում՝ տարբերութեան իրաւունքի: Պասքին առաջարկած էր զատորոշել ազգային-ցեղային բնոյթը քաղաքացիութենէ, ընդունիլ «թուրքիացի» եզրը (թիւրքիյէլի): Նման առաջարկ դէմ կ’երթայ թուրք ազգային ըմբռնումին, որ քեմալական հանրապետութեան հիմն է: Արդիւնքը այն է, որ հայկական ցեղասպանութիւն, յոյներու եւ ասորիների դէմ հալածանքներ պատճառ եղած են, որ քրիստոնեաներու թիւը 3 միլիոնէն իջնէ հազիւ 200.000ի: Ո՞վ հաշիւ կը պահանջէ, ո՞վ կը խօսի:

Եւրոմիութիւնը լիաբուռն կ’օժանդակէ Թուրքիոյ, որպէսզի ան բարեկարգումներ ընէ անդամակցութեան համար, զարգացնէ մշակութային, կրօնական, լեզուական տարբերութիւններ յարգող քաղաքակրթութիւն, ազգայնամոլական եւ կրօնական անհանդուրժողութեան դէմ: Ազատական-ժողովրդավարական յառաջընթացի մասին կը խօսուի, բայց զանգուածը եւ մտայնութիւնները չեն փոխուիր, իսկ հիմա, Էրտողանի օրով, ազգայնական-կրօնական կարծրացումը կը շեշտուի, հակառակ Հրանդ Տինքի, Ֆեթհիյէ Չեթինի եւ ուրիշներու սադայէլի շրջանակէն դուրս գալու ճիգերուն, որոնք մնացին մասնակի:

Այսօր նոյնիսկ քեմալական աշխարհիկ (լայիկ) գաղափարը երկրորդական է: Կը գերիշխէ Էրտողանի կրօնական-պահպանողական միտքը:

Թուրքիոյ ոչ-թուրք բնակչութիւնը նուազած է, քաղաքական ազդակ չէ, բացի քիւրտերէն, բնակչութեան 25%ը: Հայերը 55.000-60.000 են, յոյները՝ 5.000, հրեաները՝ 60.000: Այս երեքը Լոզանի դաշնագրով ճանչցուած են որպէս փոքրամասնութիւն: Այլ արեւելեան եկեղեցիներ, որոնց անդամները 40.000էն պակաս են, ճանաչում չունին որպէս փոքրամասնութիւն: Փոքրամասնութիւնները հազիւ 150.000 են, բնակչութեան 0,2էն նուազ:

Թուրք ազգը ինքզինք կը սահմանէ կրօնական պատկանելիութեամբ (իսլամութիւն) եւ թրքութեամբ (պարտադրուած կամ ընդունուած):

Ոչ մէկ ոչ-թուրք իսլամ խմբաւորում չէ ընդունուած որպէս փոքրամասնութիւն: Քիւրտերը (աւելի քան 15 միլիոն), շուրջ մէկ միլիոն արաբները, եւ ալեւիները (քիւրտեր եւ թուրքեր) ճանչցուած են որպէս թուրք, քանի որ իսլամ են, կամ թուրք են՝ ուստի իսլամ: Կան ներգաղթած փոքրամասնութիւններ, անոնք ալ օրինական ոչ մէկ ճանաչում ունին. աբխազներ, ալպանացիներ, պոսնիացիներ (շուրջ մէկ միլիոն), չերքէզներ (շուրջ 3 միլիոն), վրացիներ, լազեր, թաթարներ, եւայլն: Կրօնական նոյնութեան պարագային, փոքրամասնութիւնները կը թրքանան:

Այս թիւերը նկատի չունին Թուրքիոյ թաքնուած-իսլամացած հայերը:

Պատմութիւնը սառած է: Արեւմուտքը նահանջեց եւ Լօզանի դաշնագիրը թաղեց Հայկական եւ Քրտական Հարցերը: Թուրքիոյ մէջ ոչ-թուրք իսլամները կը համարուին թուրք, չունին ոչ մէկ տարբերութեան իրաւունք, իսկ հայերը եւ հրեանները, որոնք ընդունուած էին որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ, մաս չեն կազմեր թուրք ազգին, քանի որ իսլամ չեն:

Թրքութիւնը տարբերութեան իրաւունք չ’ընդունիր, նոյնիսկ երբ այդ պահանջը կու գայ կրօնակիցէ: Այսպէս, 1930-ին, Արդարութեան նախարարը կը յայտարարէր. «Իմ գաղափարս հետեւեալն է, որ բոլորը, բարեկամ եւ թշնամի, եւ լեռները, թող գիտնան որ այս երկրին տէրը Թուրքն է: Անոնք որոնք Թուրք չեն միայն մէկ իրաւունք ունին. ծառայ ըլլալու իրաւունք, այս ստրկութեան իրաւունք է» (Միլլիյէթ, 19 Սեպտեմբեր 1930):

Քրիստոնեայ համայնքները, նաեւ հայերը, կը շարունակեն հիմնական նոյն պահանջները ունենալ. անոնք իրաւունք չունին կրօնական հաստատութիւններ ստեղծելու, հիմնելու կրօնական պատրաստելու անկախ վարժարաններ: Հակառակ ամերիկեան ճնշումներու, Թուրքիա չ’ընդունիր Պոլսոյ յոյն Պատրիարքի տիեզերական տիտղոսը: Պետութիւնը ոչինչ կ’ընէ հակափոքրամասնական եւ հակասեմական հրատարակութիւններուն դէմ: Հակառակ Եւրոպայի պահանջին, Թուրքիա կը մերժէ ալեւիներուն համայնք ըլլալու իրաւունքը: Կրկնութիւն պիտի ըլլայ խօսիլ քիւրտերու մասին. անոնք կը համարուին անգոյ խմբաւորում կամ թշնամի:

Ոչ ոք կը հաւատայ թրքական քարոզչութեան, որ Լոզանի դաշնագրով ճանչցուած փոքրամասնութիւնները Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին երջանիկ: Անոնցմէ դուրս ոչ մէկ փոքրամասնութիւն ճանչցուած է, ինչպէս՝ արաբները, վրացիները, ալեւիները, եզիտիները: Քիւրտերը ճանչնալ որպէս փոքրամասնութիւն (15 կամ 20 միլիոն) պիտի նշանակէր ընդունիլ, որ Թուրքիան միայն թրքական չէ:

Թուրքիան հակառակ իր նուաճած հզօրութեան, կը նմանի տեւաբար ինքզինք պաշտպանող բերդի մը, ուր, ինչպէս թուրքերը կ’ըսեն, կան «ներքին թշնամիներ»: Նպատակ. երկիրը դարձնել միացեղ:

Ի՞նչ պէտք է ընեն հայրենիք կորսնցուցած, իրենց հողերուն վրայ որպէս օտար կամ երկրորդ դասու քաղաքացի ապրող իրաւազրկուած ժողովուրդները: Յիշել վերը նշուած նախարարին խօսքը: «…թող գիտնան որ այս երկրին տէրը Թուրքն է: Անոնք որոնք Թուրք չեն միայն մէկ իրաւունք ունին. ծառայ ըլլալու իրաւունք, այս ստրկութեան իրաւունք է»:

Արեւմուտքը եւ Ռուսիան այս բոլորը գիտեն եւ չեն հակազդեր:

Արդեօ՞ք ապագային պիտի ըսեն՝ չգիտցանք որ այսպէս պիտի ըլլար, երբ կանգնին իրենց եւ աշխարհի սպառնացողին դիմաց:

Անիրաւուածները, իրենց հողին վրայ որպէս օտար ապրողները եւ հայրենիք կորսնցուցածները, յանուն իրաւունքի եւ արդարութեան, կը կարենա՞ն ճակատ կազմել ցեղապաշտին, ազգայնամոլին եւ բռնագրաւողին դէմ: Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ:

Թուրքիա շղթայազերծած է ազգայնամոլ, ցեղապաշտ եւ կրօնական դրոշմով համաթուրանական կայսրութեան ստեղծման իր անունը չըսող համաշխարհային պատերազմ, որուն փորձառական թատերաբեմը այսօր Կովկասն է:

Մարք ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031