Կրկնե՛նք անգամ մը եւս: Որքան ատեն, որ քննարկումը տեղի կ՛ունենայ խորհրդային ներքին սահմաններով ձեւաւորուած կեղծ աշխարհագրութեան տուեալներուն վրայ, հայկական կողմը անպայման տուժող պիտի հանդիսանայ Նոյեմբեր 9ի Եռակողմանի Յայտարարութեան կիրառման գործընթացին մէջ: Հանճար ըլլալու պէտք չկայ այս պարզ ճշմարտութեան վերահասու ըլլալու համար:
Երբեմնի ԼՂԻՄի եւ շրջակայ տարածքներու սահմանները ճշդուած են բոլշեւիկեան Մոսկուայի կողմէ բացէ ի բաց թշնամական դիտաւորութեամբ եւ շատը՝ Ստալինի ձեռքով: Անոնք կը ծառայեն միայն մէկ բան իրագործելու: Անոնք գծուած են Հայաստանն ու Արցախը յաւիտենապէս պատանդի կարգավիճակին մէջ պահելու միտումով: Այդ սահմանագիծերը հարազատօրէն կ՛արտայայտեն Կարսի Պայմանագիրի թուրքեւբոլշեւիկեան յանցագործ ոգին: Անոնց նպատակն է Հայաստանը վերջնականապէս զրկե՛լ իր կենսական տարածութիւններէն: Զայն ընել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, յետոյ նաեւ Վրաստանի եւ անշուշտ գերադրաբար Մոսկուայի քաղաքական ստրուկը:
Երբ Փաշինեանի իշխանութիւնը մեքենական հետեւողականութեամբ — եւ շիլ տրամաբանութեա՛մբ — կ՛ընդունի խորհրդային ներքին սահմանագիծերով առաջնորդուիլ Նոյեմբեր 9ի Եռակողմանի Յայտարարութեան կիրառման գործընթացին մէջ, ան ինքնաբերաբար կը նուիրագործէ հայ ժողովուրդին եւ հայ անկախ պետականութեան դէմ գործուած բռնի հայրենազրկումի թուրքեւբոլշեւիկեան քաղաքականութիւնը: Իրենց հարիւր տարուան հեռաւորութենէն, Քեմալն ու Ստալինն են, որ նորէն լուծարքի կը նստին Հարաւային Կովկասի ռազմաբեմին վրայ ՝ հայ անկախ պետականութիւնը իր էութենէն պարպելու եւ զայն հալեցնելու եւ ի վերջոյ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու յստակ կանխամտածութեամբ:
Պատճառ մը կար, թէ ինչո՛ւ հայկական ուժերը ծով արեան գնով պէտք էր ազատագրէին բոլոր այն հայրենական տարածքները, զորս Փաշինեան Նոյեմբերի 9ին գաղտագողի յօժարեցաւ յանձնել թշնամիին: 1994ին, այդ տարածքները ազատագրելով նորանկախ հայ պետականութիւնը կը ձգտէր սրբագրել թուրքեւստալինեան անարդարութիւնը եւ վերահաստատել մեր երկրի աշխարհաքաղաքական լինելիութիւնը: Հայոց հայրենիքը վերստի՛ն դնել աշխարհի քարտէսին վրայ, իբրեւ ինքնիշխան ուժ: Զայն վերստի՛ն զինել ուժային խաղաքարտերով եւ զայն օժտե՛լ քաղաքացիական հպարտ եւ ամուր յենարանով:
Կարդացեք նաև
Այն Վայրկեանին, որ այդ տարածքները ազատագրուեցան և մաս դարձան հայկական կողմի անվտանգութեան կառոյցի, այդ վայրկեանեն իսկ ինքնաբերաբար և վերջնականօրէն ջնջուեցան նախկին խորհրդային ներքին սահմանները։ Այդ փաստը միջազգային վաւերացում ստացաւ նոյեմբեր 5, 1994 թուակիր Պիշքեքի (Կիրգիզիա) համաձայնագիրով, որուն վրայ իրենց ստորագրութիւնը դրին երեք ինքնիշխան բանակցող կողմեր՝ Ազրպէյճան, Հայաստան Եւ Արցախ: Պիշքեքի համաձայնագիրի ստորագրութեան միջազգային վկաներն էին պարոնայք Կրաչով (ՌԴ պաշտպանութեան նախարար), Քոզիրեւ (ՌԴ արտգործնախարար) եւ Քազիմիրով (յանուն ԵԱՀԿի նախագահութեան): Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Մամետովի կողմէ Մայիս 4, 1994ին, Բաքուի մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի կողմէ Մայիս 10, 1994ին, Երեւանի մէջ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուժի ընդհ. հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի կողմէ Մայիս 11, 1994ին, Ստեփանակերտի մէջ:
Այդ օրն իսկ, Հայաստան եւ Արցախ ինքնաբերաբար հաստատեցին իրենց անվտանգութեան սահմանագիծը (նախայարձակ Ազրպէյճանի դէմ), որ այնուհետեւ ճանաչում ստացաւ իբրեւ «շփման գիծ» ենթարկուելով Ազրպէյճանի շարունակական ոտնձգութիւններուն եւ համաձայնագիրի պայմաններու տեւական խախտումներուն: Այդ օրինախախտումներն իսկ կու գան հաստատելու, որ նախկին խորհրդային սահմանները այլեւս գոյութիւն չունէին: Իրականը անվտանգութեան սահմանագիծն էր, որ կը կարօտէր շուրջօրեայ վերահսկողութեան եւ միջազգային ուշադիր մշտադիտարկման: Այս բոլորը լայնօրէն վաւերագրուած են եւ մաս կը կազմեն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան թղթածրարներուն:
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Նյութն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում