Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ճիշդ չէ՛ նաեւ յուսալքութեան տակ ընկճուած մնալ. Ճիշդ չէ՛ մանաւանդ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակին գերին դառնալ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղերձը

Դեկտեմբեր 31,2020 14:04

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորեայ (2021) հայրապետական պատգամը

Բացուող Նոր Տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։

Տագնապալից տարի մը եղաւ 2020 տարին համայն մարդկութեան ու յատկապէս՝ մեր ժողովուրդին համար։ Արդարեւ, քորոնա ժահրին ու տնտեսական տագնապին առընթեր, Արցախի պատերազմը իր պատճառած հողային կորուստով ու քանդումներով, զոհերով ու վիրաւորներով խոր ցնցում յառաջացուց ողջ հայութեան կեանքէն ներս։ Վտանգուեցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ նոյնիսկ՝ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։

Ահաւոր վտանգներով եւ աննախատեսելի հետեւանքներով լեցուն ճգնաժամային այս կացութեան դիմաց, ճիշդ չէ՛ անտարբեր մնալ. ճիշդ չէ՛ նաեւ յուսալքութեան տակ ընկճուած մնալ. Ճիշդ չէ՛ մանաւանդ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակին գերին դառնալ։

Արդ, անհրաժեշտ է, որպէս անհատ թէ ազգ, մեր հաւատքը ամրացնել, մեր յոյսը ամրապնդել, մեր կամքը զօրացնել եւ դուրս գալ մեր ներուժը ջլատող ու մեզ դէպի նահանջ առաջնորդող ներկայ անորոշ վիճակէն։ Հայաստանի ու Արցախի մէջ անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներքին բեւեռացումները ծաւալող ու անկայունութիւնը խորացնող քայլերէ, եւ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով շաղախուած նոր էջ մը բանալ մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Ա՛յս է ներկայ պահի հրամայականը։

Արդարեւ, ինչ որ պատահեցաւ Արցախի մէջ կարելի չէ մոռացութեան փոշիին տակ ծածկուած պահել ու մեր կեանքի բնական ընթացքը շարունակել։ Մեր ժողովուրդը հաշուետուութիւն կը պահանջէ։ Հայրենիքին տէրը անձերէն ու իշխանութիւններէն առաջ ու վեր՝ ժողովո՛ւրդն է. անոր ճակատագիրը, ներկան ու ապագան ճշդողը դարձեալ ժողովո՛ւրդն է։ Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը կը մերժէ ներսէն թէ դուրսէն պարտադրուած ոեւէ որոշում կամ համաձայնագիր, որ կը վտանգէ իր գոյութեան ու ինքնութեան հիմերը, իր հայրենիքին անկախութիւնը։ Մեր սուրբերու աղօթքով ու նահատակներու արիւնով թրծուած Արցախի ու Հայաստանի հողերը, մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը չեն կրնար քաղաքական սակարկութեան եւ աշխարհաքաղաքական շահերու զոհը դառնալ։
Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդը իր վերանկախացած հայրենիքով, իր վիրաւոր բայց կանգուն Արցախով, իր հզօր Սփիւռքով “ո՛չ” կ’ըսէ պարտուողականութեան ու յուսահատութեան։ Մենք յաղթանակի ժողովուրդ ենք. մենք Քրիստոսի հաւատքով զօրացած, խաչով յարութիւն կերտած ու կերտող ժողովուրդ ենք։

Հետեւաբար, սուգի քօղը թող վերնայ մեր կեանքէն եւ մեր նահատակներու արիւնով շաղախուած յոյսի ու սիրոյ ծիածանը թող կամար կապէ հայ կեանքի երկնքին վրայ։ Սուգի թափօրին փոխարէն մենք կոչուած ենք յաղթանակի երթ կազմակերպելու եւ քալելու յառաջ կողք-կողքի, սիրտի-սրտի՝ հայրենիքը իր գերագոյն արժէքներով ու ձգտումներով դաւանելով ամէն բանէ վեր, մեր ազգին անբեկանելի իրաւունքները նկատելով մեր կեանքին առանցքը ու նպատակը։ Հայ ազգը այլ ճանապարհ չունի։

Եկէք, սիրելի հայորդիներ, աղօթենք միասին, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ բացուող Նոր Տարին մեր ազգին ու հայրենիքին համար դառնայ երկնային բարիքներով լեցուն օրհնաբեր տարի մը։ Թող Աստուած մեր բանակի նահատակ հերոսներուն երկնային խաղաղութիւն պարգեւէ, վիրաւորներուն եւ բոլոր հիւանդներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում, սգաւոր ընտանիքներուն՝ մխիթարութիւն, Հայաստանին ու Արցախին՝ ապահովութիւն եւ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն՝ առողջութիւն, յաջողութիւն ու երջանկութիւն։
Շնորհաւոր Նոր Տարի։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾՒ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031