Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Պարտուած իշխանութիւն մը, որ իր կենսագրութիւնը նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին անցուցած է ժողովուրդը խաբելով, բարոյական իրաւունքը չունի մնալու երկրի ղեկին». «Եռագոյն»

Դեկտեմբեր 25,2020 17:24

«Եռագոյն». Հարցազրոյց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանին հետ

«Հորիզոն»
.- 2020 թուականը դժուար տարի մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար: Գորոնաժահր, Լիբանանի տնտեսական տագնապ եւ ապա նաւահանգիստի պայթում, իսկ վերջերս, արցախեան պատերազմն ու ՀՀ Կառավարութեան զիջողական քաղաքականութիւնը: Այս իմաստով, կարելի՞ է համառօտ ներկայացնէք ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի տարած աշխատանքները: Ի՞նչ մարտահրաւէրներ ու ձեռքբերումներ ունեցաք անցնող տարուան ընթացքին:

Մ.Գ.– Կեդրոնական Կոմիտէի մեր կազմը գործի լծուեցաւ 2019-ի Յուլիսին, յետ ՀՅԴ Շրջանային մեր Ժողովի գումարման: Ամառնային շրջանը յատկացուցինք ծրագրաւորման ու ճանապարհային քարտէզի մշակման գործին՝ մեկնելով Շրջանային ժողովէն բխած բանաձեւերէն ու առաջադրանքներէն, ինչպէս նաեւ շրջանիս կազմակերպական կարիքներէն: Այս հիման վրայ, օրինակ, առաջնահերթաբար՝ յառաջացուցինք Արցախի օժանդակութեան յանձնախումբը, իսկ Լոռի-Ջաւախքի արդէն իսկ գործող յանձնախումբը համալրեցինք նոր աւիւնով: Երկու յանձնախումբերու պարագային ալ՝ մշակուեցան աշխատանքային ծրագրեր՝ շուտով ի գործ դրուելու: Դեկտեմբերի սկիզբը, Դաշնակցութեան օրուան առթիւ, իբրեւ պատգամաբեր Հայաստանէն հրաւիրեցինք ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Ընկ. Իշխան Սաղաթէլեանը, որուն այցը ունէր նաեւ այլ նպատակ մը՝ ջրել Հայաստանի մէջ շրջանառուող այն սադրուած մօտեցումներն ու ըմբռնումները, որոնք կը փորձէին անջրպետ մը տեսնել Հայաստանի ու սփիւռքի մեր կառոյցներուն միջեւ: Առաւել եւս, ընկ. Սաղաթէլեանի այցը նաեւ առիթ մը եղաւ, որպէսզի քաղաքական բարձրաստիճան հանդիպումներ կազմակերպենք քաղաքապետական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ:

Սակայն եւ այնպէս, այդ օրերուն սկիզբ առաւ Գորոնաժահրի համավարակը, որ քիչ անց հասաւ Գանատա եւ նոր իրականութեան մը առջեւ դրաւ բոլորս: Պէտք էր ամէն ինչ վերանայիլ, վերածրագրել եւ դնել նոր հունի մէջ՝ նկատի ունենալով նոր պայմաններն ու հարկադրանքները: Այդ բոլորը ընելն ու գործի անցնիլը երկար ժամանակ չխլեց մեզմէ: Ի պատիւ մեր բոլոր կոմիտէներուն եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն՝ եղանք ժողովուրդին հետ, աշխատեցանք ժողովուրդին համար: Մեր բոլոր կոմիտէներն ալ անմիջապէս շտապ օգնութեան յանձնախումբեր կազմեցին՝ օժանդակութեան կարիք ունեցող մեր հայորդիներուն հասնելու համար: Հեռաձայնային թէժ գիծեր հաստատուեցան եւ բոլոր քաղաքներուն մէջ ուր կազմակերպական ներկայութիւն էինք՝ մեր կարելին ըրինք հասնելու բոլոր մեզի դիմող հայորդիներուն: Առաւել եւս՝ մեր կազմակերպչական-յարաբերական հարթակը փոխադրեցինք առցանց ոլորտ, վերաշխուժացուցինք մեր ժողովական կեանքը՝ օգտուելով արհեստագիտութեան ընձեռած արդիական միջոցներէն:

Այս աշխատանքներուն զուգահեռ, համավարակի այս արտակարգ ու անդամալուծող իրավիճակին մէջ, դիմագրաւեցինք նոր մարտահրաւէրներ՝ համահայկական մակարդակով: Լիբանանի տնտեսական ու գորոնաժահրի տագնապ, սուրիահայութեան տնտեսական եւ համաճարակի տագնապ, ու քիչ անց՝ Օգոստոս 4-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ահաւոր տարողութեամբ պայթում: Մեր յառաջացուցած Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմինը, մեր ուղեկից միութիւններէն եւ հաստատութիւններէն բաղկացած ներկայացուցչական կազմով, երկու հանգանակային արշաւ ու թելեթոն կազմակերպեց եւ միաւորուած ճիգերով՝ իր կարելին ըրաւ համագաղութային մասնակցութեամբ՝ անգամ մը եւս հասնելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Արցախեան պատերազմի պայթումը՝ մեզ մղեց ամբողջակա’ն զօրաշարժի ենթարկելու մեր կառոյցը: Մեր ուժերը գերլարեցինք եւ բոլոր ճակատներու վրայ անցանք գործի: Պատերազմի սկիզբի օրերէն իսկ, չափակշռելով կացութեան օրհասական վիճակը, առաջնորդուեցանք գանատահայութեան բոլոր ուժերը ի մի բերելու սկզբունքայնութեամբ: Ընդհանուր զօրաշարժի այս թափին մէջ՝ նպատակաուղղուած ու անխոնջ գործի անցան մեր Հայ Դատի յանձնախումբերը, կոմիտէները, երիտասարդական, ուսանողական եւ ուղեկից միութիւնները, ամբո’ղջ գաղութը, մեծով ու փոքրով։ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբը, առաւել՝ մեր նահանգային յանձնախումբերը, 44 օր անդադար Գանատայի պետական տարբեր օղակներու մօտ բարձրացուցին հատու’ բողոքի ձայն, յստակ պահանջներ դրին սեղանի վրայ ու իրազեկ պահեցին զանոնք գետնի վրայ տիրող իրադարձութիւններէն: Միւս կողմէ, պատերազմի յաջորդող իսկ ժամերուն, Կեդրոնական Կոմիտէի Արցախի օժանդակութեան յանձնախումբը անմիջապէս սկսաւ իր հանգանակային արշաւին՝ հասնելու համար Արցախի կարիքներուն։ Արժէ կարեւորութեամբ շեշտել Հայ Դատի մեր շրջանային յանձնախումբի եւ անոր Օթթաուայի գրասենեակին տարած յարաճուն ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամներ, Գանատայի խորհրդարանի Գանատա-Արցախ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական կուսակցութիւններ դատապարտեցին ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։ Հայ Դատի յանձնախումբը մնայուն կապի մէջ էր պետական գերատեսչութիւններու եւ նախարարութիւններու հետ՝ առաջ մղելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ մեր ժողովուրդին սպառնացող գոյութենական վտանգին հարցերը՝ ի դիմաց թուրք-ազերիական նախայարձակ ներխուժման: Հայ Դատի շրջանային եւ նահանգային յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ սկիզբ առին շատ մը նամակարշաւներ, որոնցմէ կ’առանձնացնեմ մէկ օրինակ՝ Գանատայի արտգործ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին ուղղուած ստորագրահաւաք-նամակարշաւը: Այս արշաւին ու անոր նախորդած Հայ Դատի քուլիսային մեծ ճնշումին իբրեւ արդիւնք՝ ան սառեցուց գանատական L3Harris Wescam ընկերութեան տեսախցիկներու վաճառքը Թուրքիոյ՝ որոնք կը գործածուէին անոր արտադրած անօդաչու թռչող սարքերուն վրայ: Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հիմամբ՝ ծերակուտական Լէօ Հուսաքոսի հետ մօտէն աշխատեցանք՝ որ ճանաչման բանաձեւ ներկայացուի Գանատայի ծերակոյտին ծէջ: Նոյնանման աշխատանքներ ծաւալուեցան Քեպէգի եւ Օնթարիոյի խորհրդարաններուն մէջ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի գծով դրական կեցուածքներով: Տեղւոյն մեր կոմիտէներու, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ համայնքներու տենդոտ աշխատանքի արգասիքն էր այս: Օնթարիոյի պարագային՝ որոշիչ դեր ունեցաւ նաեւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ՝ Արիս Պապիկեանը: Այս ծիրին մէջ, հարկ է ընդգծել նաեւ որ Լաւալի քաղաքապետարանը յատուկ բանաձեւով ճանչցաւ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը: Հոս եւս, տեղւոյ կոմիտէին ու Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին՝ մեծ եղաւ դերը Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Արամ Էլակոզի:

ՀՅԴ Գանատայ երիտասարական եւ ուսանողական թեւերը, ձեռք ձեռքի տուած գանատահայ երիտասարդութեան հետ, ամբողջ 44 օր բողոքի հանրահաւաքներով ու ցոյցերով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին, Արցախին ու հայ զինուորին։ Այս իմաստով՝ տեղական լրատուամիջոցներէ ու հանրային կարծիքէն՝ ունեցանք նկատառելի արձագանգներ: Ամփոփելով, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ցուցական եւ թէ՛ նիւթաբարոյական օժանդակութեան առումներով՝ գանատահայութիւնը շարժեցաւ իբրեւ մէկ-միասնակամ բռունցք, սակայն տեղի ունեցաւ անսպասելին… Ստորագրուեցաւ Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ եռակողմ համաձայնագիրը: Ան ուրիշ բան չէր եթէ ոչ՝ անձնատուութեան ամօթալի փաստաթուղթ մը, որու մշտական սպառնալիքի ու աղէտի ծանր ստուերը՝ տակաւին կախուած Հայաստանի ու Արցախի ազգային անվտանգութեան, գոյութեա’ն իսկ երաշխիքներուն վրայ։

«Հորիզոն»
.- Արցախեան պատերազմն ու ՀՀ. կառավարութեան զիջողական քաղաքականութիւնը յուսախաբութեան ու դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուց բոլորիս մօտ, երբեմն նոյնիսկ խաբուած ըլլալու զգացումը արթնցաւ շատերու մօտ: Ինչ ձեւով պիտի շարունակենք մեր օժանդակութիւնները Հայրենիքին:

Մ.Գ.– Դժբախտաբար, այսօր այնպիսի իրողութեան մը առջեւ ենք, որ յուսախաբութեան, դժգոհութեան ու պարտութեան զգացումները ցնցած են իւրաքանչիւրիս հոգին: Բայց եւ այնպէս, Դաշնակցութիւնը «Յարատեւ կռիւ»ի կուսակցութիւնն է, ինչպէս բնորոշած է մեր հիմնադիրներէն՝ Քրիստափոր Միքայէլեանը: Այդ յարատեւ պայքարը պիտի շարունակենք այս հանգրուանին եւս՝ վճռականօրէ’ն կանգնելով հայ ժողովուրդին, հայոց բանակին եւ զինուորներուն կողքին: Մենք պատրաստ ենք այս հեռաւոր ափերէն, հայրենի մեր ժողովուրդին ամէն գնով սատար հանդիսանալ ու նեցուկ կանգնիլ հայրենիքին։

Յետ-պատերազմեան առումով շա’տ աշխատանքներ կան կատարուելիք, եւ մեր ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով՝ պիտի շարունակենք գործօն մէկ օղակը ըլլալ հայրենիքի համար մղուող փրկութեան յարատեւ պայքարին: Արցախի եւ Հայաստանի մեր քոյր ու եղբայրներուն թիկունքին կանգնած, ամէն ինչ պիտի ընենք մեղմացնելու համար անոնց կսկիծն ու կորուստները, յանու՛ն մեր նահատակներուն: Մենք պատրաստ ենք ամէն ինչի, բայց եւ այնպէս, չենք հանդուրժեր Հայաստանի ներկայ իշխանութեան ապաշնորհ, ապազգային ու պարտուողական քաղաքականութիւնն ու ամէն գնով աթոռին կառչած մնալու բռնազբօսիկ ճիգերը: Պարտուած իշխանութիւն մը, որ իր կարճ կենսագրութիւնը նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին անցուցած է ժողովուրդը խաբելով, բարոյական իրաւունքը չունի մնալու երկրի ղեկին: Այս իմաստով կը զօրակցինք Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի մեր ընկերներուն ու եւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման ազգային մտածելակերպ ունեցող իւրաքանչիւր հայրենակիցի կեցուածքին՝ կատարել անցնցում իշխանափոխութիւն, հաստատել ժամանակաւոր կառավարութիւն եւ կատարել արտահերթ ընտրութիւններ, որպէսզի ժողովուրդը ինք որոշէ թէ ինչպէս պիտի դուրս գայ այս փակուղիէն, որ ցեղասպանութենէն ետք՝ մեր նորագոյն պատմութեան ամենացնցիչ հարուածն է:

Մենք տրամադրուած ենք երկարաշունչ պայքարի: Սա վերջին արարը չէ մեզի համար, այլ ամէն ինչ պիտի կատարենք յառաջ երթալու եւ նուազագոյն վնասով դուրս գալու պարտադրուած այս նուաստացուցիչ համաձայնագրէն: Որքան ալ որ ծանր է հարուածը, որքան ալ սրտաբեկող՝ մենք համահայկական ճիգերով պէտքէ ամէն ինչ ընենք՝ համաձայնագրին մէջ բաց ձգուած Արցախի կարգավիճակի հարցի բարւոք լուծման համար:

«Հորիզոն»
.- Հայաստանը արդէն իսկ տնտեսական, ընկերային, հոգեբանական ու մարդկային ճգմաժամի եզրին է: Ի՞նչ ձեւով պիտի շարունակենք մեր օժանդակութիւնները Հայրենիքին:

Մ.Գ.– Ինչպէս ըսինք, պատերազմի առաջին իսկ օրէն, ՀՅԴ Գանատաի կեդրոնական կոմիտէն՝ Գանատայի տարածքին գործող իր բոլոր կառոյցներով եւ ուղեկից միութիւններով, իր ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով լծուեցաւ Արցախի ի նպաստ համագանատական նուիրահաւաքին: Այս օրերուն եւս օժանդակութիւնները կը շարունակուին եւ պիտի շարունակուին զանազան մակարդակներու վրայ: ՀՕՄ-ին հետ համադրաբար պիտի մասնակցինք երկու նախաձեռնութիւններու՝ «Թիկունք Կանգնի՛ր Արցախեան ընտանիքի մը» եւ «Ամանորի Նուէր» ծրագիրներուն, որոնք կը միտին օժանդակութիւն հասցնել նահատակներու, հաշմանդամ զինուորներու եւ տեղահանուածներու ընտանիքներուն ու երեխաներուն: Առաջին ծրագրին համար՝ արդէն կատարած ենք անմիջական 100,000 ամերիկեան տոլարի փոխանցում մը ՀՕՄ-ին: Ծրագիր ունինք աշխատանքային կամաւոր խումբեր ղրկել Հայաստան՝ կազմուած մեր Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու անդամներէն, որոնք գետնի վրայ պիտի կատարեն օժանդակութեան աշխատանքները: Օժանդակութեան աշխատանքներու կողքին, պետական տարբեր օղակներու մէջ պիտի շարունակենք առաջ մղել արդէն իսկ սկսած՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման հարցը, հայ ռազմագերիներու վերադարձի եւ թուրք-ազերիական պատերազմական ոճիրներու բացայայտման աշխատանքները, որոնք յոյժ կարեւոր են այս հանգրուանին, մանաւա’նդ կենսական հրատապութիւն ունեցող մեր գերիներու խնդիրը:

«Հորիզոն».– Արցախ-Ատրպէյճան պատերազմի ընթացքին գո՞հ էիք Գանատայի բռնած քաղաքական-դիւանագիտական դիրքորոշումներէն, վերատեսութեան կ’ենթարկէ՞իք կարգ մը յարաբերութիւններ պետական պաշտօնատար կարգ մը անձանց հետ: Ի՞նչ նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Հայ Դատի աշխատանքները այսօր եւ յառաջիկային:

Մ.Գ.– Ի հեճուկս Հայ Դատի յանձնախումբերու բազմապատիկ ու բազմաբովանդակ ճիգերուն, բողոքի ցոյցերուն եւ գանատահայութեան հատու կեցուածքներուն, Գանատայի վարչապետի գրասենեակէն մինչեւ կառավարութեան յետին պաշտօնատարը որդեգրեցին մեղկ ու անողնաշար քաղաքականութիւն մը: Հակառակ որ Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի, ու խորհրդարանական կարգ մը կուսակցութիւններու համայնքիս մօտիկ անդամներ դատապարտեցին ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, սակայն ընդհանուր առմամբ կառավարութեան դիրքորոշումը եղաւ խուսափողական: Կառավարութենէն հիմնականօրէն պահանջեցինք՝ պետական մակարդակով դատապարտել թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, դատապարտել ճիհատիստ ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը այս պատերազմին, ճանչնալ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու կասեցնել ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ: Ձայն ծպտուն չելաւ առաջին երեք կէտերու պարագային… Ունեցանք հատուկենտ շօշափելի արդիւնքներ՝ օրինակ վերեւ նշուած Wescam սարքերու վաճառքի սառեցումը կամ արտգործ նախարարի բերնով կոչը՝ որ Թուրքիան հեռու մնայ այս պատերազմէն: Մնացեալ բոլոր երեւոյթները եւ բարեկամութեան գեղեցիկ բանաձեւումները՝ թուեցան ձեւականութիւններ են պարզապէս:

Բացարձակապէս գոհ չենք Գանատայի բռնած քաղաքական-դիւանագիտական կրաւորական դիրքորոշումներէն: Իսկ վերջերս, Արտգործ նախարար Շամփայնի հանդիպումը ազերիական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, հակառակ որ ան մեզի քանի մը առիթներով վստահեցուցած էր որ պիտի չառնէ նման քայլ, անվստահութեան լուրջ խնդիր ստեղծեց մեր մօտ:

Բնականաբար, Գանատայի ներկայ իշխանութեան հանդէպ այս անվստահութեան մթնոլորտը կլանած է նաեւ մեր գաղութը: Այս իմաստով, մենք մեր հաշուարկները կը կատարենք, եւ եթէ այսպէս շարունակուի՝ յառաջիկայ ընտրութեանց կը կարծեմ որ հայ համայնքը քուէարկութեան առումով՝ կողմնորոշուելու դժուարութիւն չունենար:

Եզրափակելով, կ’ուզեմ անգամ մը եւս հաւաստիացնել որ մեր աշխատանքները պիտի շարունակուին նորոգ սլացքով ու եռանդով՝ յանուն Արցախի, Հայաստանի ու մեր ժողովուրդին: ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը, իր ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով՝ պիտի շարունակէ գործօն մէկ օղակը ըլլալ մեր յարատեւ պայքարին:

Առիթը օգտագործելով՝ կ’ուզեմ Գանատայի Դաշնակցական ընտանիքի անունով՝ շնորհաւորել գանատահայութեան Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով որ 2021 թուականին սկիզբ կ’առնէ համազգային մեր վերականգնումի, հայրենիքի փրկութեան եւ նոր նուաճումներու մեկնարկը:

Հարցազոյցը վարեց՝ Քրիստափոր Միքայէլեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031