Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Զարմանքով կը հետեւինք Հայաստանի իշխանութիւններու վարած փակ ականջներու քաղաքականութեան. «Գանձասար»

Դեկտեմբեր 25,2020 10:47

«Գանձասար». Հայրենիք կը կորսնցնենք, պայքարունակ մեր ժողովուրդը ամէն միջոցի կը դիմէ սթափ պահելու իշխանութիւններն ու հայրենիքին իրաւունքները պաշտպանելու, ներկայ անել կացութենէն ելքեր որոնելու ու փրկելու երկիրը մեր սահմանը հասած թշնամիին վտանգէն, սակայն դէմ յանդիման կը յայտնուի իշխող տարրին փակ ականջներուն եւ բիրտ ուժին:

Ժողովուրդը այս աստիճան անտեսելու եւ բռնի ուժ կիրարկելով անոր ձայնը պարզապէս չլսելու այս ոճը յար եւ նման է ջայլամի քաղաքականութեան, որ վտանգը տեսնելով, իր զաւակներուն իսկ զգուշացումները, պոռթկումը անտեսելով, գլուխը կը խրէ հողին մէջ:

Կառավարութեան շէնքին դիմաց այսքան ոստիկաններ կուտակելը, փոխարէնը Հայաստանի ու Արցախի սահմանները անպաշտպան թողուլը ուժի դրսեւորման սխալ ուղղութեան փաստացի վկայութիւնն է: Բռնատիրական կարգեր հաստատող, մեր հայրենի ժողովուրդը թշնամիին ենթակայ պահող ինչպիսի՞ իշխանաւորներու ականատեսը կ’ըլլանք այսօր:

Ցաւ է տարին փակել ոչ թէ միայն պատերազմէն պարտական դուրս եկած ըլլալու իրողութեան, այլեւ պետական մտածողութեան անկումի իրականութեան հաստատումով:

Մինչեւ ե՞րբ կարելի է անտեսել կացութենէն դուրս գալու միջոցներ որոնող պայքարունակ ժողովուրդը:
Մինչեւ ե՞րբ կարելի է երկիրը թողուլ անապահով ու բաց թշնամիին նկրտումներուն դիմաց, փոխարէնը ուժ կուտակել ժողովուրդին դէմ, պայքարիլ անոր դէմ:
Տարածքներ կը կորսնցնենք, առանց ուշքի գալու եւ անդրադառնալու որ 30 տարիներու պետականաշինութեան բացթողումները ցայսօր կը շարունակուին պետականակործան քաղաքականութեամբ:

Արցախեան վերջին պատերազմը փաստեց, որ կարելի չէ յոյսեր կապել ո՛չ ռազմավարական դաշնակիցներու, ոչ ալ Մինսքի խումբի համանախագահներու ձեւականութենէ քայլ մը անդին չանցնող յայտարարութիւններուն:

Միակ վստահելի ուժը ժողովուրդն է, եթէ ան ալ քայքայուի, մեր պետութիւնը տապալումի ուղին պիտի բռնէ:
Անցնող ամէն օր նոր տարածքի մը կորուստին ականատեսը կը դառնանք, Խորհրդային Միութեան օրերուն գծուած սահմանները կը փորձեն պարտադրել ուժասպառ դարձած մեր ժողովուրդին, զինադադարէն ետք նոր գերիներ կը վերցնեն, նոր տարածքներ կը գրաւեն, իսկ ներկայ իշխանութիւնը սառնասրտօրէն բռնի ուժը կ’ուղղէ իր ժողովուրդին դէմ, թշնամիին դէմ ուղղելու փոխարէն:

Զինադադարը ակնբախ խախտումի կ’ենթարկուի, նոր հողեր կը գրաւուին, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները Երեւան հասնելու ասպարէզ կը կարդան, փոխարէնը վարչապետի մամլոյ խօսնակին կը վերապահուի պատասխանել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը արհամարհող երկու նախագահներուն:

Այս կացութեամբ ամէն բացուող օր վտանգ է մեր հայրենիքին ու պետութեան գոյութեան համար:
Իշխանութիւնը միջոց է վերջապէս երկրին ապահովութիւնը, ժողովուրդին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, մեր սահմանները պահելու խոստում է ան: Ո՞վ կը պահէ այդ խոստումը այս պահուն…:

Այդ խոստումը ոչ միայն դրժուած է, այլեւ պարտութեան հոգեբանութեամբ փոխարինուած:
Տարին կը փակենք յուսալով, որ մեր հայրենիքի ղեկին կանգնին այնպիսի արիասիրտ, ժողովրդանուէր այրեր, որոնք մեր պետութիւնը փրկեն անկումէ ու կասեցնեն 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրէն վերջ իսկ շարունակուող մեր հայրենախլումը:

Մեր յոյսը պայքարունակ ժողովուրդն է, որ համերաշխ մթնոլորտին մէջ պիտի կարենայ ելքեր որոնել այս կացութենէն ու փրկել մեր երկրին ու պետականութեան թաւալգլոր անկումը:

«Գ.»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031