Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեանին, այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Նոր Տարուան նախաշեմին կայացած այս հանդիպումը առիթ մըն էր շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս նաեւ իր օրհնութիւնը հայցելու ՌԱԿ 100-ամեակի յոբելենական տարուայ համար նախատեսուած ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ծրագրած ձեռնարկներուն:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ տեղեկացուեցաւ, յոբելենական տարին մեկնարկող 2021-ի իր օրացոյցին որպէս կարգախօս՝ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը որդեգրած է Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Արցախի Տարի» պատգամը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի ենթարկուեցան ընդհանրապէս մեր ազգը ու յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած կացութեան հետեւանքները։ Անորոշութիւններով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ պայմաններուն մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հայրենիքէն ներս նոր էջ մը բանալու ու մեր ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան