Գերիներ կը փոխանակուին երկու կողմերուն միջեւ, սակայն նոյն պահուն միակողմանի կերպով գերիներ կը վերցուին, հա՛յ գերիներ: Աղաղակող եւ ամօթալի օրինակը՝ Հատրութի վերոյիշեալ երկու գիւղերուն մէջ ծառայող՝ քանի մը տասնեակ բանակայիններն են, որոնք ինկած են ազերիներուն ձեռքը: Պատմութիւն կերտած խիզախ հայ զինուորին վարկն ու փառքն ալ խնդրոյ առարկայ դարձած են:
Այս պատահածին իբր չքմեղանք՝ կը թելադրուի որ պէտք չէ չափազանցել եւ գերիներուն թիւը բարձրացնել հարիւրէ աւելիի, յետոյ, այսքանով ալ չբաւարարուելով, այլ «պլըֆ» մը նետուեցաւ, իբրեւ թէ ռուս խաղաղապահներ պաշարուած են կամ գերի ինկած: Մոսկուա փութաց հերքել եւ աստիճան մը աւելի խայտառակել սուտասանը…
Քարտէ՞ս: Ի՞նչ քարտէսի մասին կը խօսուի: Ո՛չ կապոյտ, ո՛չ ալ կարմիր գիծ գոյութիւն ունի: Ինքն իրեն կանաչ լոյս տուած թշնամին առօք-փառօք, բարձունքէ բարձունք կը ցատկէ, ամէն տեղ տնկելով իր դրօշը: Այս կացութեան դիմաց, բրիտանացի գրագէտ եւ «Alice’s Adventures in Wonderland» գործի հեղինակ, Լէուիս Քարոլի (1832-1898) մէկ խօսքն է, որ կը կիրարկուի թշնամիին կողմէ. «Կարդա՛ ուղղութիւնները եւ ուղղակի պիտի ուղղուիս ճիշդ ուղղութեամբ»:
Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի իշխանաւորին եւ գործակիցներուն անփութութիւնն ու թափթփածութիւնը, չըսելու համար՝ ստրկամտութիւնը, այնպիսի մակարդակի հասած են, որ Պաքուի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած յաղթանակի տողանցքին, Իլհամ Ալիեւի՝ «Սիւնիքը, Երեւանն ու Սեւանը Ատրպէյճանի կը պատկանին» արտայայտութեան պատասխանելով, վարչապետին խօսնակը՝ Մանէ Գէորգեանը, փոխանակ կտրուկ կերպով մերժելու եւ հերքելու՝ բոլորովին միամիտ յայտարարութեամբ մը գոհացաւ, տեղեկացնելով, թէ նմանօրինակ պահանջներ չկան… Նոյեմբեր 10-ին հրապարակուած համաձայնագրին մէջ:
Կարդացեք նաև
Ահաւասիկ ջայլամի դատարկ քաղաքանութեան մը ստեղծած՝ «Գորդեան հանգոյց»-ը, որ քանդելու համար կը շարունակուին արժանապատուութեան ցոյցերը, գործադուլերն ու դասադուլերը, օր ըստ օրէ նոր օղակներ նուաճելով, առանց բրտութեան եւ ապօրինութեան:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում