ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց
Մինսքի Խմբակի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպաններուն եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին յղեց նամակ մը, որուն մէջ դատապարտեց 27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Թուրքիոյ եւ Լիպիայէն ու Սուրիայէն ահաբեկչական վարձկաններու ամբողջական աջակցութեամբ շղթայազերծուած յարձակումը:
Մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Դժբախտաբար թշնամական արարքները կասեցնելու համաձայնութիւնը գոյացաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն` տագնապի լուծման միջնորդութիւն կատարելու միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ մարմինէն դուրս: Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը հետեւանք է ուժի ապօրինի կիրարկման եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի կողմէ նշուած լիարժէք հաւասարակշռուած բանակցութիւններու, եւ կը ներկայացնէ պատմական ժառանգութեան ու հազարամեակներէ ի վեր հայերով բնակեցուած տարածքի բռնի փոխանցում մը»:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը թուեց Արցախի մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական կոթողներուն հասած դիտաւորեալ վնասները` նշելով, որ անոնք կը յիշեցնեն 2005-2006 թուականներուն ազրպէյճանական բանակին կողմէ Ջուղայի մէջ հազարաւոր խաչքարերու քանդումը:
Կարդացեք նաև
«Հայ տեղահանուածներու կացութիւնը եւս մտահոգիչ է եւ ապահովական լուրջ մտավախութիւններ կը ստեղծէ: Հայերը չեն կրնար վերադառնալ այն շրջաններ, որոնք բռնագրաւուած են երկրի մը կողմէ, որ վճռած է հայերը բնաջնջել, երկիր մը, ուր հայերու սպանութիւնը վարձատրելի է, ուստի եւ քաջալերուած իրողութիւն մը, որ յստակօրէն արտացոլուած էր Ռամիլ Սաֆարովի օրինակին մէջ», յայտնեց Հայ դատի մարմինը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը վերոնշեալ երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց` հայ մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութիւնը պաշտպանելու Ազրպէյճանի պետութեան կիրարկած մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութենէն` ընդգծելով, որ այդ կոթողները, «որոնք այժմ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ են, յստակօրէն կը վկայեն, թէ այդ հողերը հայկական են: Իրողութիւն մը, որ չէ վրիպած ազրպէյճանական իշխանութիւններուն եւ անոնց ժիհատական վարձկաններուն ուշադրութենէն, ինչ որ այդ կոթողները մեծապէս կը վտանգէ»:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ նշեց, որ Ազրպէյճան արհեստականօրէն կը ձգձգէ դիակներու եւ պատերազմական գերիներու փոխանակման հոլովոյթը` հայ հասարակութեան մէջ անորոշութիւն ու լարուածութիւն յառաջացնելու, ինչպէս նաեւ պատերազմական գերիներու եւ զոհերու հարազատներուն յաւելեալ հոգեբանական վնաս հասցնելու նպատակով: Ազրպէյճանցի պաշտօնատարներ եւ ընկերային ցանցերու ազրպէյճանական էջեր իրենց կարգին շարունակաբար կը հրապարակեն հայ զոհերու դիակներու հետ անյարգալից վարմունքի եւ գերիներու նկատմամբ անմարդկային, անարգական վերաբերմունքի ու չարչարանքի գործադրութեան լուսանկարներ ու տեսերիզներ` բացայայտ կերպով ոտնահարելով Ժընեւի ուխտն ու Միջազգային մարդասիրական օրէնքը:
«Հրամայական է, որ միջազգային ընտանիքը Պաքուն հաշուետուութեան ենթարկէ այդ բռնարարքներուն համար եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրէ այս հարցը լուծելու համար, որովհետեւ անիկա մարդասիրական հարց մըն է, որ պէտք է բոլոր մնացեալ հարցերէն առաջնակարգ նկատուի: Աւելի՛ն, Պաքուի կողմէ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու մերժումին լոյսին տակ` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պիտի նկատուի միջազգային ընտանիքին հաւաքական ներդրումը շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան վերականգնման, եւ պայմաններ պիտի ստեղծէ մնացեալ բոլոր հարցերը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու համար: Ուստի միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք` պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման աներկբայելի իրաւունքը եւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը»,-նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմին