Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

«Արդէն կը խօսուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու միտող պայմանագրի մը մասին». «Ասպարեզ»

Դեկտեմբեր 15,2020 11:13

Արդէն կը խօսուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու միտող պայմանագրի մը մասին, որուն նախագիծը ենթադրաբար քննարկման տակ է ներկայիս Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ: Եթէ հաւաստի է այս տեղեկութիւնը եւ մենք կը գտնուինք կատարուող — կամ կատարուա՛ծ — նոր իրողութեան մը առջեւ, ազգը իրաւունք ունի ընդվզումով հակազդելու այս նախաձեռնութեան: Եւ մեծապէս արդարացի է այս ընդվզումը, երբ դեռ թշնամի ուժերու ոտնձգութիւններով կը շարունակուին կռիւները Արցախի դիրքերուն վրայ, երբ դեռ մեր նահատակները չենք յանձնած հողին եւ երբ թշնամին իր ռազմամոլութեամբ կը սոնքայ Սիւնիքն ու Վայոց Ձորն ու Գեղարքունիքն ու Սեւանը կուլ տալու իր յաւակնութիւնը բացէ ի բաց յայտարարելով:

Նկատի առնելով իրերու այս շփոթ վիճակը, առաջին հերթին, հրամայական է, որ հանրութիւնը լիովին իրազեկուի, թէ իսկապէս ինչե՞ր տեղի կ՛ունենան քուլիսներու ետին: Ովքե՞ր կը գործեն իր թիկունքին եւ թէ ովքե՞ր իրենց տխեղծ քաղաքականութիւնը կը փորձեն պարտադրել մեր պետութեան արդէն իսկ վթարուած իրականութեան:

Այս նախաձեռնութեան առաջին հրապարակումը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի հեռատեսիլէն: Պարզ է, որ Նոյեմբեր 9ի Եռակողմանի Համաձայնագրին վրայ ստորագրութիւն դնող երեք կողմերէն միա՛յն մէկը բացարձակ պարտութեան տնօրինումով մաս կը կազմէ այդ ամօթալի փաստաթուղթին: Միւս երկուքը յաղթողներն են: Ազրպէյճան՝ Մոսկուայի կողմէ իրեն շնորհուա՜ծ «յաղթանակ»ով, բայց այնուամենայնիւ՝ յաղթանակո՛վ: Իսկ Մոսկուա՝ իր անվիճելի եւ գերակշիռ յաղթանակով՝ որ զինք առանձինն կը դնէ պատերազմող կողմերու միջեւ տնօրինող ուժի տիրական դիրքերուն վրայ: Առայժմ հարց է, թէ Թուրքիան ի՞նչ ստացած է կամ չէ ստացած Նոյեմբերի 9ին… Բայց այդ մէկը՝ յետագային քննարկուելիք խնդիր է:

Խօսինք առայժմ մեր մասին: Դժբախտաբար, այս կէտին վրայ, ստիպուած ենք առաջնորդուիլ միայն անուղղակի տեղեկութիւններով: Առաջին հարցումը, որ պէտք է անյապաղ լուսաբանութիւն ստանայ, հետեւեալն է. այս նախաձեռնութիւնը Վարչապետ Փաշինեանի՞ն կը պատկանի, թէ Մոսկուային… Առաջին վարկածով, ան կրնայ ըլլալ այն իսկ միջոցը, որմով Փաշինեան (Փութինի օգնութեամբ) կը փորձէ որոշ սրբագրումներ իրագործել վերանայման տանելով Նոյեմբեր 9ի Համաձայնագիրը եւ իր դիրքերը ամրապնդել թէ՛ Փութինի աչքին եւ թէ մեր երկրի ընդվզած հանրութեան… Երկրորդ վարկածով, Փութին՝ ի՛նքն է, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը կ՛օգտագործէ Ալիեւի եւ Էրտողանի յաւակնութիւնները Մոսկուայի շահերուն եւ քաղաքականութեան նորմերուն ենթարկելու առաջադրութեամբ… Պարզ է, որ երկու պարագային ալ մենք գործ պիտի ունենանք երկարատեւ եւ մանուածապատ բանակցութիւններու գործընթացի մը հետ: Իրականութեան մէջ, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Համանախագահութեան հովանիին տակ տարիներէ ի վեր քաշքշուող բանակցային գործընթացն է, որ նոր բովանդակութեամբ եւ նոր ձեւաչափով բեմ կը բերուի դերակատարներու նոր նուիրապետութեան (hierarchy) մը կառոյցը գործի լծելով:

Այստեղ կը դրուի տարածաշրջանի ուժերու փոխադարձ հաւասարակշռութեան կնճռոտ խնդիրը: Հարց է, թէ ի՞նչ չափով – եթէ երբեւէ – գործընթացին մաս պիտի կազմեն Մինսքի խումբի միւս համանախագահող պետութիւնները (ԱՄՆ և Ֆրանսա): Հարց է, թէ Թուրքիան ի՞նչ դիւանագիտական նուաճումով կամ նահանջով հանդէս պիտի գայ: Հարց է, թէ պարտուած կողմի իր դիրքերէն՝ Հայաստան այնուամենայնիւ ի՞նչ լծակներու պիտի կրնայ ապաւինիլ: Եւ վերջապէս մեծ հարցը կը մնայ այն, թէ Մոսկուա ի՞նչ խնդիրներ պիտի փորձէ լուծել Թուրքիոյ , Ազրպէյճանի, Արեւմուտքի եւ այլ խնդրայարոյց ուժերու կրկէսին մէջ քրքրելով իժերու այս բոյնը… Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ կը գտնուինք մէկ նոր Կարսի Պայմանագրի (1921) չարագուշակ իրականութեան առջեւ: Եւ հարց պէտք է տալ, թէ նմանօրինակ բախտորոշ հարթակի մը վրայ ո՞վ պիտի ըլլայ հայկական կողմի անունով խօսողը… Ինչպիսի՞ կառավարութեամբ մըն է, որ Հայաստան պիտի կրնայ մտնել բանակցային այս գործընթացին մէջ:

Այսօրուան հաշուարկով, վերոյիշեալ երկու վարկածներն ալ կրնան առաջնորդել Փաշինեանի դիրքերու ամրապնդման: Անոնք կ՛առաջնորդեն Փաշինեանի իշխանութեան հարազատագրման (legitimize), բայց նաեւ որպէս պարտուած իշխանութիւն՝ յառաջիկայ բանակցային գործընթացին մէջ հայկական կողմի դիրքերու առաւել եւս տկարացման: Անհաւանական չէ, որ, այս պայմաններուն մէջ, Փաշինեան նոյնիսկ դիմէ ինքզինք վերարտադրելու ապակողմնորոշիչ գործողութեան մը կառավարութեան գլուխ բերելով (իրեն փոխարէն) իր «վստահելի»ները եւ շարունակելով առեւանգուած պահել գործադիր իշխանութիւնը: Այսօր, հայկական կողմի գերագոյն շահերու դիրքերէն, նմանատիպ քայլ մը վերջնականօրէն կը թաղէ հայ պետականութեան համաշխարհային վարկը եւ լրջօրէն կը վտանգէ մեր կարելիութիւնները որեւէ բանակցութեան մէջ:

Յստակ է, որ Հայաստան եւ Արցախ կը գտնուին իրենց գոյութեան մեծ անկիւնադարձին առջեւ: Եւ այդ դժուարին մարտահրաւէրը կարենալ դիմագրաւելու համար, հայ պետականութեան կառավարման դիրքերէն պէտք է քաշուին վարչապետ Փաշինեանն ու իր կուսակցական համակարգը: Վարչապետ Փաշինեան պէտք է հրաժարի եւ իշխանութիւնը յանձնէ Ազգային Փրկութեան նոր կառավարութեան, որ այժմ կը ներկայանայ Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութեամբ: Քաղաքական մեքենայութիւններու պերճանքը չունինք: Ամէն քաղաքական ուժ եւ ամէն քաղաքացի եւ ամէն հայ պէտք է իր լաւագոյնը տայ օրհասական այս վայրկեանի յանձնառութեան: Մենք պէտք է յաղթենք: Մենք պէտք է յաղթենք նոյնիսկ մեր երկրին պարտադրուած պարտութեան այս ճահիճին մէջ: Մենք իրաւունք չունինք պարտուած իշխանութեամբ մը ներկայանալու միջազգային դիւանագիտութեան: Մենք պէտք է յաղթենք զմեզ եւ պատմութեան ներկայանանք անպարտելիօրէն ոգեզինուած: Մենք պէտք է յաղթենք, որպէսզի բանանք մեծ յաղթանակի փշոտ բայց անզիջելի մեր ճանապարհը բոլոր վաղուան սերունդներուն համար:

Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031