Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՍԴՀԿ. Հայաստանի վարչապետի հարցը պիտի ճշդուի բացառապէս երկրի քաղաքացիներու մեծամասնութեան կամքով՝ Սահմանադրութեան շրջանակներէն ներս ու ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցաւ

Դեկտեմբեր 09,2020 12:04

Արցախի 44 օրուան պատերազմի վաղորդայնին Հայաստանի նախկին ռեժիմի հրապարակ իջնելն ու բռնի ուժով իշխանութեան տիրանալու փորձերը սկսած են մտահոգութիւն յառաջացնել սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ:

Այս օրերուն, երբ մեր ազգը կը գտնուի դժուարին պայմաններու տակ ու անոր առջեւ ծառացած են բազմաթիւ խնդիրներ, փոխանակ համագործակցութեան կոչեր հնչեցնելու, աթոռամոլական շիլ հաշիւներէ տարուած բոլորիս ծանօթ ուժերը իրենց հրապարակային ամբոխավարական ելոյթներով ու վտանգաւոր գործողութիւններով երկիրը կը տանին ապակայունացման, յոյս ունենալով շրջելու պատմութեան անիւը ու Հայաստանը վերադարձնելու տասնամեակներու փտած վարչակարգի օրերուն:

Այս առթիւ մտահոգիչ կը գտնենք նաեւ սփիւռքահայ որոշ քաղաքական եւ ոչ քաղաքական կազմակերպութիւններու կողմէ հնչող կոչերը, որոնք ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն Հայրենիքի շահերուն, եւ ընդհակառակը պատճառ կը դառնան համայնքէն ներս պառակտումի յառաջացման, մեզ վերադարձնելով անցեալի ոչ ցանկալի իրավիճակներուն, որմէ պէտք է խուսափինք բոլորս: Սփիւռքը բազմերանգ մտածողութիւններու խճանկար մըն է եւ որեւէ կազմակերպութիւն չի կրնար արտայայտել ամբողջ համայնքի տեսակէտը:

Հայաստանի վարչապետի հարցը պիտի ճշդուի բացառապէս երկրի քաղաքացիներու մեծամասնութեան կամքով՝ Սահմանադրութեան շրջանակներէն ներս ու ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցաւ: Մենք որպէս սփիւռքեան կառոյցներ պարտաւոր ենք զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի ժողովուրդին՝ Հայրենիքը դուրս բերելու համար այսօրուայ դժուարին իրավիճակներէն:

Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք համայնքի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն որեւէ ձեւով չնպաստել Հայաստանէն ներս իրավիճակի վատթարացման եւ պառակտումին խորացման, որմէ պիտի տուժենք բոլորս:

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031