Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Անհրաժեշտ է արթնցնել խղճի ու բարոյականութեան աչքերը եւ վերջնականապէս մարել իրարու դէմ որդեգրած ատելութեան մեզ լափող բոցը. «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 28,2020 08:45

Ճիշդ է, որ այս պատերազմն ու իրեն հետ բերած իրավիճակները վառած են մեր յոյզերը, սակայն տակաւին չեն մարած մեր յոյսերը: Նաեւ ճիշդ է, որ պատերազմի առաջին իսկ վայրկեանին հայ կեանքը դէպի մահ վազած էր, որովհետեւ հայրենիքն ու իր սուրբ հողը խօսած էին բոլորի սրտին եւ հոգիին: Որովհետեւ հողը, հայերուն համար ազգային արժէք էր: Իսկ հիմա, կորսնցնելէ ետք այդ հողերը… «սիրտս լացում ա»:

Ուստի իրապաշտ կերպով կ’ուզեմ մօտենալ մեր իրավիճակին եւ ըսել, թէ հայը աշխարհի պատմութեան եւ միջազգային ներկայ քաղաքականութեան ամէնէն մեծ զոհն էր, ճակատագրական այս պատերազմին մէջ: Անոր համար հայութիւնը պէտք չէ որ ինքզինք ուրանայ: Բայց այնպէս կ’երեւի, թէ հայու գիտակցութեան մէջ, մանաւանդ այս օրերուն բան մը բացակայ է: Ու այս մէկը իր տկարութեան արդիւնքն է: Միւս կողմէ աշխարհն ալ խառնարկ է: Ամէն բան իր կարգին չէ: Այսպէս, մէկուն համար երգ՝ իսկ ուրիշին համար՝ ուռենիի տխրութիւն, որովհետեւ պահեր կան, որոնք չեն մոռցուիր: Ուստի ինչպէ՞ս հասկնալ մեր հոգեվիճակը: Գիտենք, որ շատ սխալ բաներ կատարուած են մեր բոլորին պատճառով:

Հին ու նոր սպառնալիքներու աշխարհի մէջ կ’ապրէինք ու տեղեակ չէինք այս բոլոր վտանգներուն ու անոնց իսկութեան ճշգրտութեան: Մեզի համար ներելի չէր երբեք զգացականապէս շարժիլ: Պարտաւոր էինք գիտակցիլ եւ միաժամանակ գտնել մեր ժողովուրդի առողջ բազկերակը: Չ’ըրի՞նք, թէ՞ ո՛չ, չ’ուզեցինք ընել: Չեմ գիտեր: Դուք ըսէ՛ք: Մեղքը մեր բոլորի վիզը: Անոր համար ներկայ մթնոլորտի մէջ ապրիլը իրապէս, որ դժուար է ու վախազդու: Իբրեւ լաւագոյն լուծում, կը կարծեմ, որ հայը պէտք է վերադառնայ իր իսկական հոգիին, միաժամանակ որոնելով իր կամքի գաղտնի խորհուրդը:

Այլապէս ո՞ւր մնաց հայ ըլլալու եւ մնալու իր դարաւոր պատգամը: Ո՞ւր մնաց հայրենիքը հզօրացնելու եւ զարգացնելու մեր կամքը: Ո՞ւր է մեր ղեկը: Ըսէ՛ք, արդեօ՞ք պայման է ուրիշի մոմը մարել, իրը աւելի լաւ երեւնալու համար: Ամէն առիթով միութիւն եւ միասնութիւն քարոզուած է: Իմ կարծիքով նման զգացում լոկ քաղաքական արժէք չէ, այլ՝ բարոյական եւ ազգային պարտաւորութիւն ու յանձնառութիւն, արժանապատուութիւն ըլլալու աստիճան:

Տարիներով խօսեցանք, գրեցինք, երազեցինք եւ վերանորոգ տեսիլքներով սպասեցինք ազգային այս յանձնառութիւն կոչուածին: Մենք ըսինք եւ մենք լսեցինք: Իսկ այս օրերուն ներքին եւ արտաքին հարցերու մէջ կը թաւալինք իբրեւ ազգ եւ երկիր: Չենք ուզեր, որ եղածն ալ կորսնցնենք: Մեզի նոր դիւանագիտութիւն է պէտք, յաղթութեան եւ յաղթահարելու բոցով: Տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս բոլորի շրթներուն վրայ կոյր ատելութիւն մը կայ: Հայու անվայել: Մոռցած են, թէ իրենք բոլորն ալ կոչուած են որակ դառնալ, գալիք ուղեղները լուսաւորող շողով, գիտակից ու զոհաբերող ոգիով: Ե՞րբ կանգ պիտի առնեն ատելութիւն եւ նախանձ:

Օտարներուն սկսած ենք նմանիլ: Ու՝ «սիրտս լացում ա…»:

Անհրաժեշտ է արթնցնել խղճի ու բարոյականութեան աչքերը եւ վերջնականապէս մարել իրարու դէմ որդեգրած ատելութեան մեզ լափող բոցը: Հաւատացէ՛ք, Արարատը իր վեհաշուք տեսքով իսկ լուռ եւ մտահոգ մեզ կը դիտէ: Մի ձգէ՛ք, որ ստեղծուած աղմուկին մէջ ծերանանք: Մեզի համար ազգային ընդհանրական ձգտում է պէտք, վրէժը լուծող զաւակներու կամքով: Բոլորս ալ առաքե-լութիւն մը ունինք: Նախ մենք մեզի պէտք է, որ վերադառնանք, միաժամանակ գնահատելով եւ վերանորոգելով մեր միտքերը: Որովհետեւ յստակ է, թէ դեռ բաւական երկար պիտի քալենք եւ միասին, մեր նպատակներու իրականացման խնդիր: Ուստի պարտինք սորվիլ, թէ վերջապէս հայրենիքն է մեր բոլորի կեանքի բանալին: Պէտք չէ զոհ երթալ աժան գաղափարախօսութիւն-ներու եւ կեղծ հայրենասիրական կոչերու: Մտածենք, թէ ինչպէ՞ս ազգովին դուրս պէտք է գանք խառնակ եւ անախորժ եւ մեր ձեռքերով իսկ ստեղծած այս իրավիճակէն: Դարձած ենք ինքն իրեն չվստահող մարդ: Անճանաչելի: Անորակ: Անմարդ հայ:

Արդ, ինչպէ՞ս պէտք է ընել վերագտնելու համար մեր սեփական արժանապատուութեան զգացումը: Շատ պարզ է: Պէտք է դասեր քաղել պատմութենէն: Ազգային ոգիով օծուն նոր եւ առողջ շունչ տալ հայու կեանքին եւ հայրենիքին: Եւ անպայման՝ հայրենիքը զարգացած երկիր մը դարձնել: Անկասկած՝ իրականութիւնը օր մը պիտի վերադառնայ մեր ժողովուրդին, բայց մինչ այդ, մենք պարտաւորութիւններ ունինք: Ներկայի մեր կեանքը կը պահանջէ, հեռու մնալ մեր իսկ ձեռքերով ստեղծած անդունդի եզրէն: Հայ կեանքը նոր բաներ կը պահանջէ եւ ամէնէն էականը՝ համերաշխութիւն եւ քաղաքական իմաստութիւն:

Իսկ այժմ, համատարած այս սուգի ու տխրութեան մէջ, էական է, մեր ազգի նոր յոյսի եւ կեանքի լարերը միասնաբար թրթռացնել: Այլապէս տակաւին օրերով, մեր բոլորին սրտերը այսպէս երկար պիտի լան:

Թող բոլորս ալ առիթ տանք, որ անգամ մը եւս հայու մեր գիտակցութիւնը բանայ մեր խղճին պատուհանները, որպէսզի մեր սրտերուն «լացում ա»ները փոխարինուին ուրախութեան եւ խնդութեան աղաղակներով:

Գէորգ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30