Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ինչը մեզի բերաւ այս անփառունակ հանգրուանին. խաբուած ազգ. Սեւակ Յակոբեան

Նոյեմբեր 27,2020 12:26

Ժողովուրդին մեծ սիրոյն եւ վստահութեան որպէս արդիւնք, ատենին կազմուած կառավարութեան երէկուայ նիստը հսկող ոստիկանութիւնը՝ կառավարութեան շէնքին մուտքին…

Երէկ տեղի ունեցաւ ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը իր հերթական օրակարգով: Նիստը այն ձախաւեր կառավարութեան, որուն անդամները կարծես իրենց աթոռներուն կառչած կը փորձեն իրենց կազմին անիմաստ գոյութիւնը երկարաձգել:

Կառավարութիւն, որուն համար կարծես ոչ մէկ վատ բան տեղի ունեցած է, եթէ դատենք ժողովին մէջ ընթացող խօսակցութիւններէն:
Կառավարութիւն՝ որ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդ մը, որ յետ տագնապի շոքին՝ բաժնուած է երեք տեսակի.

Առաջինը՝ իրավիճակին հետ չհաշտուող, քաղաքական բնականոն ընթացքով մը նոր իշխանութիւն յառաջ բերել ցանկացողներու հոյլ մըն է, որ լաւ ըմբռնած է, թէ տեղի ունեցած եւ ունենալիք հարցերու միակ հանգուցալուծումը՝ կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններն են, սակայն կազմակերպչական առումով տակաւին կը խարխափէ:

Երկրորդը՝ խաբուած սակայն սեփական խաբուածութիւնը տակաւին չընկալող զանգուած մըն է, որ նաեւ սթոքհոլմեան սինտրոմի ախտանիշերով կը պաշտպանէ այն կառավարութիւնը, որ զինք գերի բռնած է: Այս խումբին կը խթանէն ընկերային համացանցի տարաբնոյթ կեղծ «էութիւնները» fake accounts, եւ Հայաստանը շատո՜նց լքած կարգ մը նորաբոյս սփիւռքահայեր: Այս դասալիքները անոնք են, որոնք շատոնց Հայաստանի անունն անգամ լսելու ցանկութիւնը չեն ունեցած:

Երրորդը, ամենամտահոգիչն է: Ան լուռ սակայն իր դժգոհութիւնը ամէն օր աւելի եւս սրուող հաւաքականութիւնն է: Դժգոհութեան մէկ տեսակ, որ սահմանակից է խոր անտարբերութեան եւ կամ յուսահատութեան:

Տխուր է նայիլ այս կառավարութեան եւ այս կառավարութիւնը ձեւաւորած խորհրդարանի այսօրուայ գործունէութեան: Տխուր՝ որովհետեւ անցեալի իրադարձութիւնները կարծես հարիւր տարի ետք պատմական զարգացման օրինաչափութեամբ, դարձեալ կը կրկնուին…: Տխուր է տեսնել ու զգալ մեր ժողովուրդին ապրումները այսօր:

Տխուր եմ, որովհետեւ կարծէք, մեր Հայրենիքը կը համակերպի այն բանին, որ հաւանաբար այս ընթացքով ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի չկարենայ որոշել իր ճակատագիրը:

Սա լուրջ խորհելու եւ մտորելու առիթ է բոլորիս համար:

Դառնութեամբ կը գրեմ այս տողերը: Պիտի չգրէի, եթէ Աստուծոյ, ժողովուրդիս եւ խիղճիս հանդէպ պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն չզգայի այսօր: Դառնութեամբ եւ մտահոգութեամբ կ՛արտայայտուիմ այսօր, քանի, որ հարցերը հարիւրապատիկ անգամ շատ են քան պատասխանները: Իսկ եթէ պէտք է ըլլամ աւելի եւս անկեղծ՝ պիտի ցաւով պիտի հաստատեմ, որ պատասխաններ չկան…: Եւ կարծես հասարակութիւնը պատասխաններ տալու կամ պատասխաններ լսելու կարիքն ալ չզգար:

Այսօրուընէ տասնամեակներ անց դժուարութիւնը պիտի ունենանք մեր սերունդներուն բացատրելու, թէ ինչը մեզի բերաւ այս անփառունակ հանգրուանին: Ամէն պարագայի, համահայկական նոր գաղափարի, նոր նպատակակէտերու եւ ռազմավարութիւն ձեւակերպելու կենսական անհրաժեշտութիւնը կայ այսօր:

Մինչ այդ սակայն տակաւին ինչե՜ր կրնան պատահիլ…. անոր դատողութիւնը արդէն կը ձգեմ ընթերցողին:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30