Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան մէջ սկսան խոշոր իւրացումներ, որոնցմէ տուժեց երկիրն ու քաղաքացին. «Ասպարեզ»

Նոյեմբեր 26,2020 09:24

Մենք ունինք տարիներու վրայ երկարող մեր յանցանքի մեծ բաժինը’ մեր դիմադրականութեան նուազեցման մէջ: Մենք ունեցանք անլուրջ մօտեցումներ’ որոնք մեզ առաջնորդեցին դէպի պարտութիւն: Յիշենք մի քանին – ո’չ անպայման կարեւորութեան կարգով:

  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ Հայաստանի անկախացումէն ետք Հայաստանէն արտագաղթը մնայուն երեւոյթի վերածուեցաւ…
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ մենք չյաջողեցանք Արցախի մարդահամարը 150,000-էն վեր բարձրացնել: Ինչպէ՞ս բացատրել աշխարհագրական հսկայ տարածքի մը վրայ բնակչութեան այդքան ցանցառ խտութիւն մը:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմի’ն իսկ մեր դէմ գործածուած տրօններու (այժմ վատահամբաւ ԱԹՍ-ները, այսինքն Անօդաչու Թռչող Սարքեր) ազդեցիկութեան վերաբերեալ դասեր չքաղեցինք, և չպատրաստուեցանք մեր զինեալ ուժերը 2020-ի տրօններէն վնասազերծելու համար:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ մենք Սփիւռքը երկրորդ կարգի քաղաքացիի տեղ դրինք վերջին երեսնամեակին ու անտեղի լարուածութիւններ յառաջացուցինք:
  • Մենք անլուրջ էինք երբ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը «կեղծ գաթէկորիայ» որակում ստացաւ:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան մէջ սկսան խոշոր իւրացումներ, որոնցմէ տուժեց երկիրն ու քաղաքացին:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ թաւշեայ յեղափոխութեան պիտակին տակ, ապազգային քաղաքականութիւն մշակելու ազդանշան տրուեցաւ Հայաստանի մէջ – ի միջի այլոց նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի ԿԳՄՍ-ի մարզէն սկսեալ:
  • Մենք անլուրջ էինք երբ դարձեալ թաւշեայ յեղափոխութեան վաղորդայնին տրօրինուեցաւ փակել Սփիւռքի նախարարութիւնը և զայն փոխարինել Գլախաւոր Յանձնակարութեամբ մը: Անաղմուկ: Կարծէք հայութեան համրանքին մի’այն աննշան մէկ փոքր տոկոսը ըլլար «արտասահման»ի մէջ: Բառ մը որ ինքնի’ն նողկալի է:
  • Մեր դիմադրականութիւնը կորսնցուցինք երբ հարիւր հազարաւոր հայաստանաբնակ հայեր գործ որոնեցին ու տեղափոխուեցան Պոլիս ու այլուր, ինքնի’ն Թուրքիոյ մէջ: Եւ մենք անոնց օրապահիկ ապահովելու տրամաբանութեան մէջ այդ մէկը գտանք «նորմալ»: Աւելի’ն, հայերո’վ ողողեցինք Թուրքիոյ Պոտրումին ու Իզմիրին ոսկեայ ծովափները, իբրեւ զբոսավայրեր:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ ԱՊՀ-ի երկիրներու մէջ հաստատուած նորանոր Սփիւռքը քաղաքականօրէն չկազմակերպեցինք, ու բաւարաուեցանք որոշ տեղեր – ամէնայն յարգանքով – եկեղեցի սարգելով միայն:
  • Մենք անլուրջ մօտեցանք մեր բազմահազար զինուորներու կեանքին սպառնացող վտանգներուն: Ա’յս ի հեճուկս անոնց սխրագործութիւններուն, վկա’յ մեր նահատակ զինուորներուն, պահեստայիններուն ու կամաւորներուն մինչ այս անսպառ թիւը: Աւելի’ն, վիրաւորական արժեւորումներ կատարեցինք, «բանը բանէն անցնել»էն ետք, անոնց մարտունակութեան և պատրաստուածութեան վերաբերեալ:
  • Մեր դիմադրականութիւնը կորսնցուցինք, ինքնագոհ (complacent) մօտենալով մեր 1994-ի յաղթանակներէն ետք, ու ենթադրեցինք թէ յաղթած ենք յաւիտեանս յաւիտենից: Աւելի’ն, իբրեւ յաղթական ուժ օրին մեր այդ երթը չթագադրեցինք Արցախի կարգավիճակի ի նպաստ մեզի ամրագրումովը: Մենք ո’չ ճանչցանք Արցախի անկախութիւնը, ոչ ալ զայն կցեցինք (annexation) Հայաստանին:
  • Մեր դիմադրականութիւնը կորսնցուցինք երբ Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը չպատրաստեցինք ԹԷ’ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ, և ԹԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ:
  • Մենք անլուրջ մօտեցանք Հայաստանի Սահմանադրութեան, երբ մէկ անձի Նոյեմբեր 9-ի ստորագրութեամբ անկարեւոր սեպեցինք թէ Ազգային Ժողովը, և թէ’ հայ ժողովուրդի կարծիքը ունենալը:
  • Մեր դիմադրականութիւնը կորսնցուցինք երբ հաւատացինք ընտրեալ ղեկավարներու տուած փուճ խոստումներուն, թէ Արցախի կարգավիճակին հետ կապուած որեւէ նիւթով ժողովուրդին պիտի վերադառնայինք (առանց յստակացնելու թէ ժողովուրդին վերադառնալու մէքանիզմը ի՞նչ էր):
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ անտեղի կերպով (բայց ի սկզբանէ’ կարծես դիտաւորեալ) Ռուսիոյ հանդէպ մարտահրաւէրներ ընթերցեցինք (Զօրավար Խաչատուրովը ՀԱՊԿ-ի (CSTO) շրջուն նախագահութեան պաշտօնէն արձակելով, մինչեւ այլ հակադիր կեցուածքներ Ռուսիոյ հանդէպ), առանց անդրադառնալու որ նմանօրինակ պարագաներու ի՞նչ պատահած էր այլուր (Վրաստան, Ուգրանիայ, եւլն.):
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ օրին մեզի յաճելի թուող «Արցախը Հայաստան է» վարչապետի բերնով իսկ յայտրարեցինք Շուշիի մէջ, առանց անդրադառնալու որ թուրքեւազրպէյճանական ռազմափորձերն ու նկրտումները հասած էին նոր մակարդակներու, և առանց զինուորական ու պաշտպանական դասերը (դարձեալ տրօններ) Քառօրեայ Պատերազմէն քաղած ըլլալու:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ արտօնեցինք որ Հայաստանի գործադիր (executive), օրէնսդրական (legislative) և դատական (judiciary) ղեկն ու որոշումները կեդրոնանան մէկ անձի շուրջ, յանձինս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
  • Մեր դիմադրականութիւնը կորսնցուցինք երբ բազմատասնեակ տարիներով Հայաստանի մէջ նաեւ անթափանցիկութեան պատճառով, ներդրումներ ընելը գրեթէ համազօր եղաւ ստոյգ նիւթական կորուստներու:
  • Մենք անլուրջ եղանք երբ Հայաստանի մէջ սանցարձակ կաշառակերութիւնը ազգովին հանդուրժեցինք, չըսելու համար որ զայն քաջալերեցինք:
  • Մեր դիմադրականութիւնը նուազեցաւ երբ ներսի և դուրսի, սպիտակի ու սեւի հարց լսեցինք, և շատ բան չըրինք այդ ուղղութեամբ:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ «ասֆալտին փռելու» և «պատին ծեփելու» սպառնալիքներ լսեցինք, և բնական սեպելով զանոնք, աղմուկ չի բարձրացուցինք:
  • Մենք ծայր աստիճան անլուրջ եղանք Հայաստանի մէջ ռազմարդիւնաբերական ճարտարաուեստ չյառաջացնելով, նա’մանաւանդ որ ունէինք Արցախի հարց մը, որ տակաւին իր վերջնական ու բարուոք լուծումին կը կարօտէր:
  • Մենք անլուրջ ենք սփիւռքի հայահոծ շրջաններուն մէջ (օրինակ Քալիֆորնիոյ Կլէնտէյլ քաղաքը), երբ մեր ինքնաշարժներուն վրայ Եռագոյնը պարզելով, «Artsakh is Armenia» պիտակ փակցնելով ենթադրեցինք որ մեր ազգին հանդէպ պարտքը այդ ձեւով իսկ մեծաւ մասամբ մատուցած կ’ըլլանք (անշուշտ յարգելի’ են բոլորը որոնք նաեւ ոգի ի բրին այլ գործեր ալ ըրին կամ կ’ընեն):
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ Երեւանը ողողուեցաւ թրքական ապրանքներով, ու մենք այդ մէկը սեպեցինք «նորմալ»: Նոյնն էր պարագան նշանաւոր Կլէնտէյլին մէջ:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» սկսանք, գիտնալով որ «փրոթոգոլներ» կը պատրաստենք որոնք անլուրջ մօտեցումներ են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի Թուրքիոյ առերեսման:
  • Մենք անլուրջ եղանք երբ Հայաստան-Սփիւռք համագումարներով ու Հայաստան Հիմնադրամի թելեթոններով ստեղծեցինք այն տպաւորութիւնը որ իսկապէս շա’տ արդիւնաւէտ գործեր կ’ըլլային, կամ հայ սփիւռքի ներուժը լա’ւապէս կ’օգտագործուէր:
  • Մենք անլուրջ եղանք երբ նո’յնիսկ հայկական օդանաւային ընկերութիւն մը – ի հեճուկս բազմաթիւ փորձերու – չկրցանք կանգուն պահել, կամ յաջողիլ Երեւանի օդակայանը Եւրոպայի նորմերուն հետ համընկնել:
  • Մեր դիմադրականութիւնը պակսեցաւ երբ մոռցանք Չարենցի 1933-ին հնչեցուցած պատգամը «Ով Հայ Ժողովուրդ, Քո Միակ Փրկութիւնը Քո Հաւաքական Ուժի Մէջ Է»ն: Մեր միասնականութիւնը մի’շտ թերի մնաց վերջին երեսնամեակին:
  • Մենք շա’տ համակրեցանք Արծրունին ալ, Շուշան Ստեփանեանին ալ – իսկապէ’ս: Բայց եկէք համաձայնինք որ անլուրջ է նո’յնիսկ բանակի կորովը բարձր պահելու ուղղուած ապատեղեկատուութիւնը, ուրիշ բառով չորակելու համար այս պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցածը: Ինքզինքը յարգող պետութիւնը (ա’յդ կ’ակնկալենք ՄԵ’Ր պետութենէն), նա’մանաւանդ այսպիսի պարագաներու, ինքզինքին չ’արտօներ անճիշդ և ուռուցիկ տեղեկութիւններով ժողովուրդը առաջնորդել, մանաւանդ ներկայի արհեստագիտութեան օրերուն, #հաղթելուենք ու #հաղթելենք-ը իրար հետ մրցակցութեան մէջ դնելով, ու սառն ջուր թափելով ժողովուրդին գլխուն: Այլապէս դասուելու ենք Եգիպտոսի Նասըրի 1967-ի «յաղթանակ»ներու շարքին, կամ 2003-ի Սատտամի «Ալլուշ»ին որ Ամերիկեան բանակը Պաղտատ մտած օ’րն իսկ տակաւին կը շարունակէր շեփորահառել Իրաքեան բանակի թշնամիին դէմ մղած «յաջող» պատերազմին ու Ամերիկեան մեծ վնասներուն մասին…գիտենք հոն իրականութիւնը ինչպիսին դուրս եկաւ: Երբ երկրի ղեկավարութեան ու ժողովուրդին միջեւ «Միհրանիկ»ի պատմութիւն մը կը սկսի զարգանալ, դժբախտաբար բազմաթիւ բաներ կը սկսին կասկածի տակ առնուիլ, ու լաւ տեղեր չառաջնորդել մեզ պարզ մահկանացուներս…
  • Եւ տակաւին այլ բաներ ու երեւոյթներ որոնք մեր դիմադրականութիւնը տկարացուցին, ու մեզ հասցուցին ուր որ ենք այսօր:

ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30