Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բանակցութիւններու սեղանին նո՛ր որակ բերելու հրամայականէն մեկնած կը պահանջենք Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան անհապաղ հրաժարականը. Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջան

Նոյեմբեր 16,2020 12:08
hyd

Բողոքի Նամակ` Աւստրիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպան Արման Պապիկեանին

Պրն. Արման Պապիկեան,
Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Աւստրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան

Մեծարգոյ Պրն. Պապիկեան,
Վերջին օրերուն համայն Հայութիւնը իր պատմութեան ամէնէն խայտառակ, նուաստացուցիչ, բարոյալքող ու անընդունելի օրերէն մէկը կ՛ապրի: Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը եւ հրադադարի պայմանները աննկարագրելի ցաւի, ողբի ու ընդվզումի ալիք բարձրացուցին իւրաքանչիւր հայու մօտ: Իրաւական ու բարոյականօրէն այս յայտարարութեան առաջին ու հիմնական պատասխանատուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական իշխանութիւններն են յանձինս Նիկոլ Փաշինեանի, որ նենգաբար առանց նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահին, ազգային անվտանգութեան խորհուրդին, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ խորհրդակցութեան ստորագրեց փաստաթուղթին տակ:

Այստեղ չ՛արժեր մէջբերել այդ չարափաստիկ, ազգային պետական շահերուն հակասող ու կործանարար յայտարարութեան պայմանները՝ անթիւ նահատակներու արեամբ պաշտպանուած պատմական հայրենի հողերու զիջումէն սկսեալ, մինչեւ բան-թուրանական ծրագրին ճամբայ յարթող Թուրքիան ու Ազրպէյճանը իրար կապող ճանապարհի տրամադրութիւնը: Մենք վստահ ենք, որ դուք լաւապէս կրնաք պատկերացնել այս պարտուողական զիջումներուն ունեցած եւ ունենալիք անդառնալի հետեւանքները Հայոց պետականութեան եւ Հայ Ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան վրայ: Թերեւս կարճ ժամանակի մը համար այս յայտարարութիւնը կը կասեցնէ պատերազմը ու նոր զոհեր կը խնայէ, բայց ազգային անվտանգութեան, հայրենի պետականութեան ամրագրութեան եւ երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան իմաստով անառարկելիօրէն խիստ խոցելի է: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ այն հանգամանքը, որ այս յայտարարութիւնը տեղի ունեցաւ միջազգային օրէնքի սկզբունքերուն, գործընթացներուն եւ ոգիին հակառակ, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ ուժերու աշխատանքին մէջ անմիջականօրէն Թուրքիան ներգրաւեց:

Այս ծիրին մէջ, խստօրէն կը դատապարտենք նաեւ վերջին օրերուն ՀՀ.-ի եւ Արցախի իշխանութիւններուն որդեգրած մարտավարութիւնը՝ բոլորը մեղաւոր ու դասալիք նկատելու, բանակն ու կամաւորները նսեմացնելու, «նախկիններու» եւ «ներկաներու» զզուելի քննարկումներու, պարակտումներ խորացնելու, պատասխանատւութենէ խուսափելու, ինչպէս նաեւ ընդիմախօս քաղաքական ուժերու արդար ցասումը լռեցնելու ձգտող քաղաքական ձերբակալութիւններու ճամբով:

Առ այդ, պատմական գերվտանգաւոր այս հանգրուանին առկայ ռազմավարական վնասները հակակշռելու, կործանարար զիջումները նուազեցնելու եւ բանակցութիւններու սեղանին նո՛ր որակ բերելու հրամայականէն մեկնած կը պահանջենք Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան անհապաղ հրաժարականը:

Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի հայ ժողովուրդը կարիքը ունի միասնական ազգային կառավարութեան որ կրնայ համայն հայութեան ներուժն ու կարողականութիւնը իր շուրջը համախմբել, վերանայիլ վերջին տարիներուն գործուած ռազմավարական կոպիտ սխալները ու նոր շունչով դիմագրաւել ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները:

Կը խնդրենք, համապատասխան միջոցներով այս պահանջքը փոխանցել ՀՀ.-ի իշախնութիւններուն Կեդրոնական Եւրոպայի եւ յատկապէս Աւստրիոյ մէջ գործող ստորեւ նշուած կազմակերպութիւններուն անունով:

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջան
Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վիեննայի Մասնաճիւղ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30