Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Մեր հողերը եւ մեր սրբութիւնները ամէն բանէ վե՛ր». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Նոյեմբեր 15,2020 19:50

Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին վճռադրոշմ պահեր կրցած ենք դիմագրաւել՝ ամուր հաւատքով ու կամքով եւ հեռատես մօտեցումով։ Ներկայ պահը մեր ազգի ու հայրենիքի ժամանակակից պատմութեան մէջ աւելի քան ճակատագրական է։ Մեր քաջ բանակը հերոսաբար դիմադրեց արդիական զէնքերով օժտուած ազերիական, թրքական եւ ահաբեկչական հսկայ բանակին։ Յարգա՜նք ու պատիւ մեր նահատակներուն, եւ հայրենիքին համար արիւն թափելու պատրաստ ազգանուէր զաւակներ ծնող մայրերուն։

Պատերազմը չէ աւարտած։ Ըլլանք զգօն ու իրատես։ Հայաստանն ու Արցախը վտանգուած են իրենց ժողովուրդով ու պետականութեամբ, ներկայով ու մանաւա՛նդ ապագայով։ Մեզ շրջապատող պայմանները ու աշխարհաքաղաքական շահերը ի նպաստ մեզի չեն։ Փաստօրէն առանձին ենք։ Զգացական պոռթկումներէ անդին, որոնք բնական են ու արդար, այժմ ժամանակն է՝ միասնականութեամբ ու խոհեմութեամբ դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամային հանգրուանը։ Արդ, այս խոր գիտակցութենէն ու համոզումէն մղուած՝

1) Պէտք է մերժել օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ կէտերով լեցուն եւ վտանգալից հետեւանքներով յղի ներկայ փաստաթուղթը։

2) Պէտք է զգոյշ ըլլալ ներքին բեւեռացում ու ապակայունացում յառաջացնող քայլերէ՝ յարգելով օրէնքի գերակայութեան հրամայականը ու միաժամանակ բացառելով ազատ կարծիքի դէմ բռնութիւնը։ Մեր ազգին միակամութիւնը եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը աղբիւրն են ու երաշխիքը՝ մեր հզօրութեան։

3) Պէտք է ծրագրուած ու հետեւողական կերպով եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ աշխատանքի բաժանումով հետապնդել Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը։ Միաժամանակ, անհրաժեշտ է որ պայմաններու պարտադրանքով Հայաստան ապաստանած Արցախի մեր սիրելի զաւակները վերադառնան եւ իրենց կեանքը վերականգնեն ու վերակազմակերպեն՝ Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքի օժանդակութեամբ։

4) Պէտք է գործել միայն ու միայն ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն մղուած՝ հեռու մնալով անձնական ու կողմնակի մօտեցումներէ ու նկատումներէ։

Ա՛յս կը պահանջէ ներկայ ճակատագրական պահը։
Հայաստանը մե՛նք ենք՝ բոլորս միա՛սնաբար:
Արցախը մե՛նք ենք՝ բոլորս միա՛սնաբար։
Սփիւռքը մե՛նք ենք՝ բոլորս միա՛սնաբար։

Հետեւաբար, մեր հաւաքական վճռակամութեամբ թոյլ պէտք չէ տանք, որ մեր ազգին ու հայրենիքին անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը ենթակայ դառնան աշխարհաքաղաքական հաշիւներու ու փանթուրանական ծրագիրներու։

Ըսած ենք ու կը կրկնենք՝ համազգային բնոյթ ունեցող խնդիրներ հարկ է միասնաբա՛ր քննել ու համազգային մաշտապով որոշում կայացնել։

Դարձեալ, ըսած ենք ու կը կրկնենք՝ ժողովուրդին կամքը պէտք է մնայ գերակայ ու ճշդորոշիչ բոլո՛ր պարագաներուն, բոլո՛ր ժամանակներուն ու բոլո՛ր պայմաններուն մէջ՝ միշտ յարգելով սահմանադրութեամբ ճշդուած սկզբունքներն ու գործընթացները։

Բոլորս, անխտիր, համարատու ենք ժողովուրդին եւ պատասխանատու՝ պատմութեան դիմաց։

Հայութիւնը եւ հայրենիքը ամէն բանէ վե՛ր:
Մեր հողերը եւ մեր սրբութիւնները ամէն բանէ վե՛ր:

Ա՛յս գիտակցութեամբ ու ա՛յս յանձնառութեամբ պէտք է գործենք ու պայքարինք այսօր, վաղը եւ միշտ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

14 Նոյեմբեր 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՄՔԸ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ԳԵՐԱԿԱՅ ՈՒ ՃՇԴՈՐՈՇԻՉ Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին վճռադրոշմ պահեր կրցած ենք...

Posted by His Holiness Aram I on 2020 թ. նոյեմբերի 15, կիրակի

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30