Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն հանդիպում մը ունեցաւ Հ․Հ․ դեսպան Վարուժան Ներսիսեանի հետ։ Արծարծուեցաւ Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ դեսպանը նշեց Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնն ու առ այդ կատարուելիք աշխատանքները, այս համաձայնագրի առնչութեամբ։
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն բռնօրէն քննադատեց վարչապետ Փաշինեանի ստորագրած այս ահաւոր եւ միակողմանի համաձայնագիրը։ Ան անձնապէս առած է որոշումներ եւ պարտադրած՝ ժողովուրդին, առանց որեւէ խորհրդակցութիւն կատարելու։ Նաեւ, խօսուեցաւ հրատապ հարցերու մասին, որոնց կարգին յատկապէս գաղթականներու ստեղծած քաոսային վիճակը։
Տեսակցութեան աւարտին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն յանձնեց նամակ (տեսնել՝ աւարտին) մը, պահանջելով վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ուշադրութեան
Կարդացեք նաև
Նոյեմբեր 12, 2020
Սոյն նամակով պաշտօնապէս կը պահանջենք Ձեր անյապաղ հրաժարականը:
Դուք, Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը դիմակայելու Ձեր ձախողութեամբ եւ աղէտալի յայտարարութեան տակ դնելով Ձեր անձնական ստորագրութիւնը, լուրջ վտանգներու տակ դրած էք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան փրկութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, եւ իբրեւ այդպիսին՝ Դուք զուրկ էք Հայաստանը ղեկավարելու, Արցախի անունով խօսելու եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ներկայացնելու իրաւունքէն:
Դուք ամբողջական յանձնատուութեան մը տակ ստորագրած էք առանց Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի գիտակցութեան, առանց Խորհրդարանական քննարկումներու, եւ նոյնիսկ առանց Հ․Հ․ Նախագահի գիտակցութեան: Ձեր ընթացքը ճգնաժամի ողջ ընթացքին, ներառեալ ընդդիմախօսներու հակաժողովրդավարական ձերբակալութիւնները, գոյութենական վտանքի առջեւ կանգնեցուցած են Հայաստան հայրենիքը: Առ այդ, պէտք է հեռանաք եւ անյապաղ փոխարինուիք յանուն Հայաստանի փրկութեան:
Կը պահանջենք, որ անմիջապէս հրաժարիք, առիթ տալով նոր ղեկավարութեան մը, որ կարող է առաջնորդելու դէպի փրկութիւն, անվտանգութիւն եւ Հայաստանի ու Արցախի երկարակեաց լինելիութիւն:
Հ․Յ․Դ․ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէ