Asbarez.com. ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավարներէն կազմուած պատուիրակութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանին յայտնեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած համաձայնագիրը, որ վերջ դրաւ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ անողոք պատերազմին, պարտուողական էր եւ նուաստացուցիչ, եւ որ հաստատօրէն կը մերժուի ժողովուրդին կողմէ:
«Այսպիսի փաստաթուղթ մը մեծագոյն դաւաճանութիւն է մեր ազգին նկատմամբ», ըսին ՀՅԴի ղեկավարները:
Հիւպատոսարանին մէջ Բայբուրդեանի հետ հանդիպելով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետներ Աւետիք Իզմիրլեան ու տոքթ. Քարմէն Օհանեան յստակօրէն փոխանցեցին ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անոր յարակից կազմակերպութիւններուն համատարած դժգոհութիւնը համաձայնագիրին մանրամասնութիւններուն նկատմամբ:
ՀՅԴի ղեկավարները յայտնեցին, որ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, միայնակ կը կրէ նշեալ համաձայնութեան ստորագրումով յառաջացած տագնապին պատասխանատուութիւնը:
Կարդացեք նաև
Անոնք նաեւ յայտնեցին իրենց յուսախաբութիւնը եւ ընդվզումը՝ աւելցնելով, որ իրենք կը միանան Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Երեւանի մէջ դժգոհութեան հաւաքներ կազմակերպող հազարաւորներուն:
Ընդգծելով յառաջիկային մեզի սպասող բարդ վիճակները՝ ՀՅԴի ղեկավարները հաստատեցին, որ պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծել փոխելու մեզ փակուղի տանող այս ճամբան: Մեր պետութիւնը պէտք ունի ազգը փրկութեան տանող՝ նոր պայմաններու համարժէք կարողութիւններու տէր բանակցողներու: Իրենք կը հաւատան, որ ազգային ընդվզումի շարժումը կոչուած է լուծելու այդ նպատակին համար բարդագոյն խնդիրները եւ մարտահրաւէրները:
Անոնք նաեւ պահանջեցին անյապաղ ազատ արձակել Չորեքշաբթի, 11 եւ Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբերին ապօրէն կերպով ձերբակալուած ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամները եւ ղեկավարները:
Դեսպան Բայբուրդեան խոստացաւ մտահոգութիւնները փոխանցել Երեւանի պատասխանատուներուն: