Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ներկայ քաոսային վիճակին մէջ, կենսական անհրաժեշտութիւն է իշխանափոխութիւնը, յոյսի եւ համերաշխութեան առաջնորդութեամբ. «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 14,2020 07:49

Մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական ներկայ պահուն, ինքզինքս նուաստացած զգացի, երբ Հայաստանի նախագահը, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած զինադադարի եւ զիջումներու մասին իմացած է մամուլէն:

Այս պետական մակարդակով ինքնավարկաբեկում է, ծանրագոյն յանցանք:

Երանի չընէր նման յայտարարութիւն, որ ապացոյց է, որ տիրող վարչախումբ եւ վարչապետ ամբարտաւանութեամբ կը շրջանցեն նախագահը եւ իշխանութեան կառոյցներու միջեւ ըլլալիք տարրական իրաւ համագործակցութիւնը:

Եթէ վարչապետը անտեսէ մեր երկրի նախագահը, ինչո՞ւ օտար երկիրներ պիտի յարգեն մեր երկրի նախագահը: Ինչո՞ւ մեզ եւ մեր երկիրը պիտի յարգեն: Միջազգային հանրային կարծիքը ինչպիսի գնահատական պիտի տայ մեր ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան եւ բարոյականութեան մասին:

Այս անտեսման վերաբերումը ներազգային-ներքաղաքական մեծ գայթակղութիւն է, պատմութիւնը զայն պիտի արձանագրէ որպէս մեր ապիկարութեան փաստը, եթէ ազգովին չհակազդենք:

Եթէ Ազգային Ժողով, Սահմանադրական Դատարան եւ հայ անհատներ իրենց քաղաքացիի իրաւունքով չեն կրնար վարչապետը դատարան տանիլ, հանրային դատարանը այդ պէտք է վճռէ, որպէսզի չըսուի թէ ազգովին քուրջ ենք եւ արժանի չենք պետութիւն ունենալու:

Կարծէք խորհրդային-ստալինական գործելաձեւի առջեւ ենք: Կեդրոնը եւ հանրապետութիւնները կը կառավառուէին կուսակցութեան ինքնակալ ընդհանուր քարտուղարներու կողմէ, եւ վարչապետ կամ նախագահ պատկերներ էին, ինչպէս կ’ըսուի, figuration կ’ընէին, կամակատար գործակիցներ կամ առեւտրական ներկայացուցիչներ, VRP, salesman:

Ամբողջը կը կառավարուէր՝ ժողովուրդներու «պզտիկ հայր» Ստալինի կողմէ:

Հայաստանի վարչապետը կը գործէ որպէս ինքնակալ, ինչպէս կ’ըսուի՝ այլակարծութիւն մերժող իր թիմով: Ինչպէս անցեալին, մնացեալները առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, կը գտնուին փեչատողի վիճակին մէջ, գրուած թուղթը կնքողի:

12 նոյեմբերին, Երեւան տեղի ունեցող ցոյցի ընթացքին, ինչ որ կը մտածէինք բայց մենք մեզմէ կը վախնայինք բարձրաձայն ըսելու, ըսին, որ 1937-ը յիշեցնող քաղաքական անձերու ձերբակալութիւններ կան: Թուեցին անուններ:

Ինչո՞ւ կը ձերբակալեն:

Ինչպէ՞ս թաւիշը եղած է խարտոց:

Ինչպէ՞ս հայ մարդը պիտի չընդվզի, ցոյցերով նուազագոյն բողոքը պիտի չարտայայտէ, ազգային հիմնահարցի մը այսքա՜ն ինքնակալական (autocratic) լուծումով, որ ժողովրդական պարզ ողջախոհութեամբ եւ զգացականութեամբ կը դիմաւորուի որպէս հայրենազրկում: Հայ մարդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ի՛նք եւս մասնակից պէտք ըլլայ (ըլլար) իր ներկան եւ ապագան յանձնառութեան բեռան տակ դնող որոշման մը:

Ինչ ալ եղած ըլլան պայմանները, նման ճակատագրական պահու մը, վարչապետը, ով որ ալ ըլլար ան, բարոյական պարտաւորութիւն ունէր նախ խորհրդակցելու երկրի նախագահին հետ, փոխանակ զայն դնելու պատէն կախուած պատկերի տեղ, եւ խորհրդակցելու երկրի քաղաքական ուժերուն հետ նաեւ ընդդիմութեան: Ընդդիմութիւնը նոյնքան պատասխանատու է պատմութեան առջեւ, որուն դերին մասին այնքան ճիշդ բանաձեւում ունի Անգլիան, երբ զայն կը կոչէ «Նորին Վեհափառութեան հաւատարիմ ընդդիմութիւնը» (Her majesty’s loyal opposition), որ ինչպէս վարչապետը, ինք ալ ռոճիկ կը ստանայ պետական գանձէն:

Ներկայ քաղաքական, ազգային եւ հոգեբանական քաոսային վիճակին մէջ, կենսական անհրաժեշտութիւն է իշխանափոխութիւնը, յոյսի եւ համերաշխութեան առաջնորդութեամբ:

Յ. Պալեան

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30