Գանատայի Քեպէգ նահանգի Լաւալ քաղաքի Նոյեմբեր 4-ին կայացած քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց յատուկ բանաձեւ, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։ Բանաձեւի գլխադիր կէտով խորհուրդը կը ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։
Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուի Արցախի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճնական ռազմական յարձակումը եւ կոչ կ՚ուղղուի Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան եւ Քեպէգ նահանգի կառավարութեան, որպէսզի սատարեն Արցախի հակամարտութեան գծով միջազգային մարդասիրական օրէնքներու գործադրման:
«Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամին տուած յատուկ հարցազրոյցին մէջ Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմերս մասնաւորապէս նշած է. «Մենք կը խնդրենք Դաշնակցային կառավարութենէն աւելի յստակ դիրքորոշում ցուցաբերել, և որ մարդիկ, ովքեր կ՚ապրին այս պատերազմական իրավիճակին մէջ, զգան իրենց աջակցութիւնը ըստ Գանատայի և Քէպէգի մղիչ արժեքներուն համաձայն»։
Մանրամասները՝ Մոնրէալի «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի տնօրէնուհի Թամար Շահինեանի պատրաստած տեսանիւթում:
Կարդացեք նաև
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ