Հիմա որ պատերազմական գործողութիւններուն կիզակէտը գրեթէ հիւսիսարեւելեան ճակատ փոխադրուած կը թուի ըլլալ, յատկանշականօրէն սկսած է շեշտադրուիլ Արցախը ճանչնալու եւ նման քայլով մը արցախահայութիւնը ստոյգ ցեղասպանութենէ փրկելու տարբերակ մը, որ բաղդատականի ալ կը դրուի՝ Քոսովոյի ճանաչման բաղադրիչներուն թուարկմամբ։
Երբ Միացեալ Նահանգներ ճանչնան Քոսովոյի անկախութիւնը, այդ օրուան արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիսա Ռայս աճապարեց յայտարարելու, որ Քոսովոյի ճանաչումը չի կրնար նախաքայլ եւ օրինակ ծառայել այլ պարագաներու եւ ան յատկապէս ի մտի ունէր Արցախն ու հիւսիսային Կիպրոսը։ Ռայս չորս դրոյթներ յայտարարեց՝ իբրեւ Քոսովոյի ճանաչման բաղադրիչ-տուեալներ, որոնց առկայութիւնը միջազգային ընտանիքը մղեց, որպէսզի նման քայլի դիմէ։
Քոսովօ ունէր գրեթէ անկախ դրութիւն մը՝ կիսախարխուլ համակարգի մը մէջ, որ խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք առաւել շեշտուած էր, միջցեղային տագնապներու եւ մաքրագործումներու ընդհանուր ենթահողի մը վրայ։Խորքին մէջ ամբողջ շրջանին տարածքին ցեղային մաքրագործումներու խորքային պատճառները զանց առնել կարելի չէր, իսկ Քոսովոյի մէջ արդէն իսկ բաւական չափով եւ տարողութեամբ ձեւաւորուած էին ժողովրդավարական հաստատութիւնները՝ խորհրդարանական, դատաիրաւական, հասարակական թէ այլ։ Բայց ամէնէն հիմնական խնդիրը, ըստ Ուաշինկթընի, շրջանին կայունութեան պահպանումն էր, որ միայն կարելի պիտի ըլլար իրագործել՝ ճանչնալով Քոսովոյի անկախութիւնը։
Այս բաղադրիչներուն նկատմամբ արեւմտեան քաղաքական թէ վերլուծական շրջանակներուն մօտեցումը բաւական բան կ՛ըսէ, այն իմաստով, որ արհամարհելի չէ թիւը անոնց, որոնք կը պնդեն, թէ նոյն բաղադրիչները հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ նաեւ կիրարկելի են Արցախի պարագային։ Անոնցմէ մին է Ուաշինկթընի մէջ լոյս տեսնող ,Նեշընըլ Ինթըրըսթե հանդէսը, որ իրաւամբ կը շեշտադրէ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման տուն տուող պատճառներուն Արցախի պարագային ալ կիրարկելի ըլլալը՝ այսպիսով մատնացոյց ընելով Արցախի անկախութեան ճանաչմամբ, Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման նպաստելու, ու մանաւանդ արցախահայութիւնը ցեղային մաքրագործումէ մը փրկելու կարելիութեան ճշմարտացիութիւնը։
Կարդացեք նաև
Իսկ բաւական նշանակալից է նախագահ Տանըլտ Թրամփի անցեալ կիրակի օր ընտրական միթինկի մը ընթացքին կատարած ակնարկութիւնը Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման։ Թրամփ ի պատասխան ազգութեամբ հայ քուէարկողներու, անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն՝ յղումներ կատարելով նաեւ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման։
«Անջատում Յանուն Փրկութեան» բանաձեւումը իսկապէս Արցախի հանրապետութեան պարագային կրնայ կիրարկելի դառնալ, եթէ միջազգային ընտանիքը ուզէ լուրջի առնել ցեղային մաքրագործման ատրպէյճանական այն իսկական վտանգը, որ դամոկլեան սուրի մը նման կախուած է արցախահայութեան գլխուն։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում