«Ազդակ». Տարակարծութիւնները պատմութեան դիմաց արհամարհելի մանրուք են: Չեն յիշուիր:
Երբեմն ալ հարկ է անջատուիլ անմիջականէն, յուզումներէն, համամարդկային ժառանգութեան էջերուն վերադառնալ, հոն գտնելու համար կեանքի եւ պատմութեան դասը, յաճախ մեզի պակսող իմաստութիւնը, առաքինութիւնները:
Սխալ պէտք չէ հասկնալ. մեծ վտանգին դիմաց տարակարծութիւնները յաղթահարել` չի նշանակեր իւրայատկութիւններ եւ ինքնութիւն կորսնցնել, բազմակարծութեան իրաւունքը գերեզմանել, հաստատել օրուէլեան անհոգի, միակարծիք եւ միապաղաղ կառավարում:
Այսօր, մեր պատմութեան ներկայ հանգուցային պահուն, պիտի կարենա՞նք նուաճել իրաւ մէկութիւն (ո՛չ ամբոխավարական եւ ո՛չ ճառային) եւ յայտարարել, որ ԱԶԳԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻՆ: Եւ վե՛րջ: Հայրենիքը արցախցիին, գիւմրեցիին, երեւանցիին, բոլորին, բայց նաեւ երբեմն որպէս հպարտութիւն յիշուող համաշխարհային ընդունուած ազգի աւելի քան կէսին պատասխանատուութիւնն է, հաւասարապէ՛ս:
Կարդացեք նաև
Պատասխանատուութենէ խուսափումին կը տրուին բացասական արդարացումներ, զորս պիտի չկրկնեմ:
Ժողովուրդը պահած է ընդոծին իմաստութիւն. պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած երիտասարդը, շրջանցելով արգելքները, վերստին մեկնած է ռազմաճակատ: Հայր ու որդի մեկնած են ռազմաճակատ, զոհուած է որդին: Հայ կիներ կը մեկնին ռազմաճակատ, զինուոր են: Անոնք ո՛չ իշխանութեան եւ ո՛չ ընդդիմութեան, ո՛չ աջին եւ ո՛չ ձախին համար ռազմաճակատ կ’երթան:
Կռուի կ’երթան ազգ, հայրենիք, գոյութիւն եւ իրաւունք պաշտպանելու: Չանհետանալու իրաւունք պաշտպանելու:
Խիստ ուշագրաւ լուր մը տրուեցաւ եւ մոռցուեցաւ: Հայ բանտարկեալներ դիմում ըրին ճակատ մեկնելու եւ խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք իրենց ազատ կամքով վերադառնալու բանտ: Օրինակելի: Օրինազանց հայն անգամ պահած է հաւաքականի, ամբողջականի, տոկալու եւ տեւելու գիտակցութիւնը: Չեմ գիտեր, թէ այդ բանտարկեալները ճակատ գացի՞ն: Զանոնք տարի՞ն:
Այլազան գոյներով վերնախաւը պէտք է լսէ համաժողովրդական այս ընդոծին գիտակցութեամբ ճակատ մեկնողներու եւ մեկնիլ ուզողներու ցանկութեան թելադրած ազգային-քաղաքական իմաստութիւնը, եւ ինք ըստ այնմ պէտք է առաջնորդուի եւ առաջնորդէ` հրաժարելով խաղաղ պայմաններու մէջ թերեւս սովորական եւ ընդունելի համարուած վերաբերումներէ, կիրքերէ:
Խօսքը դասական դարձած Ազգային Միութեան Կառավարութիւն մը կազմելու մասին չէ, այլ` ազգի բոլոր ուժերը, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու, զօրաշարժի ենթարկելու, յարմար անձերը դնելու ճիշդ դիրքերու վրայ, բոլոր կարողութիւնները հայրենիքին ծառայեցնելու: Յաղթական թշնամին երբեք պիտի չզբաղի մեր ներքին կեանքի «ո՞վ իրաւունք ո՞վ իրաւունք չունի»-ի բիւզանդագիտութեամբ եւ մեզի պիտի ձգէ աւաղելու տխրութիւնը:
Այնքա՜ն զիրար վատաբանեցինք, որ հիմա կարծէք կողք կողքի նստելու, կողք կողքի թշնամիին դէմ կանգնելու հոգեբարոյական ուժը կորսնցուցած ենք:
Հայկական սփիւռքը հզօրութիւն կը ցուցաբերէ, հաւաքական կամքով, քանի մը շաբթուան ընթացքին 150 միլիոն տոլար գոյացնելով կռուող եւ վիրաւոր Հայաստաններու համար: Օդանաւերով օգնութիւն կը հասցնէ Հայաստան, Արցախի ճակատին: Մոլորակի հեռու եւ մօտ աշխարհներուն մէջ զօրակցութեան ցոյցեր կը կազմակերպէ: Արցախի որպէս պետութիւն ճանաչման ուղղութեամբ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնները, իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, մամուլ, մտաւորականութիւն, պարտք պէտք է համարեն ոչ միայն խօսելու միասնութեան մասին, այլ այդ միասնութեան գործնական իրականացումը եւ պատկերը տալու ժողովուրդին եւ աշխարհին, ամէնքի մասնակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, մարտական, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական կեանքի բոլոր մակարդակներուն:
Աջը եւ ձախը, իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը, գերանցում կատարելով, պիտի ընեն այնպէս, որ ոչ թէ մէկը, կամ միւսը իրաւունք ունենայ, այլ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունենան:
Ժան Ժաք Ռուսօ ըսած է, որ` «Սիրոյ եւ բարեկամութեան հետ կը ծնին տարակարծութիւններ, թշնամութիւն եւ ատելութիւն»*: Այսօր ահազանգային վիճակի մէջ գտնուող ազգի անդամները պիտի յաղթահարեն տարակարծութիւն, թշնամութիւն եւ ատելութիւն, նուաճելու համար միասնաբար տեւելու եւ տոկալու հզօր կամքը, որ գերազանց բարեկամութիւն է, սէր է: Գոյութեան իրաւունքի տիրանալէ ետք կրնանք կրկին անձնատուր ըլլալ եսական սովորական դատարկաբանութիւններու:
Պարտինք գործել Ժան Ժաք Ռուսոյի յոռետեսութեան հակառակ ուղղութեամբ, բուսած մրցակցութիւններէն եւ ատելութիւններէն վերադառնալ սիրոյ եւ բարի կամքի:
Ազգի եւ հայրենիքի ոչնչացման հետամուտ պատմական թշնամին Հայաստաններու դռներուն կանգնած է, կարծէք` կիսատ ձգած ոճիրը իր լրումին հասցնելու համար:
Մեծ ու պզտիկ, մեծանուն եւ շարքային հայ, այսօր աւելի քան երբեք, պարտին մտածել, գործել, առաջնորդուիլ, յանձնառութիւն ընդունիլ, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի համար, այլ` յաւելեալ պարտքի:
Եթէ թշնամին իր չարիքը գործէ, յաւելեալ իրաւունք կամ յաւելեալ պարտք չեն մնար:
Այս պէտք է ըսել Հայաստանի, սփիւռքներու եւ, ինչո՞ւ ոչ, թաքնուած հայերու ժողովուրդին, որ մեծ ոճիրին յիշատակարանն է:
Եթէ յաւելեալ պարտքի գիտակցութեան կոչը լսուի, այդ կ’ըլլայ հզօրութեան ազդանշանը եւ մեր պատմական յաղթանակը:
Եթէ ներսը եւ դուրսը այդ չլսուի…
Ինչո՞ւ չլսել Ռիւտիարտ Քիփլինկը` Մուշեղ Իշխանի հարազատ բառերով.
Եթէ կրնաս արքաներու հետ ` պարզուկ,
Ամբոխին մէջ` առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ թաղես կիրքի րոպէն վաղանցուկ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար…
Բանաստեղծը` Քիփլինկ, իր տողերը հայացնողը` Մուշեղ Իշխան, կ’ըսեն…
Այն ատեն մարդ ես, տղա՛ս…
Մարդու այս առաքինութիւնը ուղիշ ճանապարհն է հայացման եւ հայ ապրելու իրաւունքի:
Իրաւունք, որ չի գնուիր, նուէր չի տրուիր: Կը նուաճուի:
Հռոմէացիի հաստատակամ քաջութեան պէս պէտք է ըսենք` վահանի ետին կամ վահանին վրայ…
Այս սպառողական ընկերութեան մէջ չընդարմացած ազգի իրաւ անդամի ճշմարիտ առաքինութիւն է:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
22 հոկտեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան