ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան առնչուող հարցեր: Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց ներկայ փուլի խնդիրները եւ յոյս յայտնեց, որ կարճ ժամանակի մը մէջ կարելի կ՛ըլլայ ունենալ նոր կառավարութիւն:
Այս ուղղութեամբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իրենց միջոցները կը դնեն դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որ այլեւս անյետաձգելի պահանջ է քաղաքացիին համար:
Բանակի Հրամանատարին Մօտ
Աւելի ուշ, երեսփոխան Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեանի, այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ երկարատեւ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ապահովական կացութիւնը եւ բանակի կարեւոր դերակատարութիւնը:
Կարդացեք նաև
Բագրատունի բանակի հրամանատարութեան ներկայացուց Լիբանանի մէջ թրքական գործօնի աշխուժացումը եւ այդ ուղղութեամբ պետական, զինուորական սպասարկութիւններու աչալուրջ հսկողութեան կարեւորութիւնը:
Այցելութիւն Ռուսիոյ Դեսպանին
Երեսփոխան Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ: Լիբանանեան կացութեան քննարկումի կողքին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը դեսպան Ռուտաքովին ներկայացուց Լիբանանի հայ համայնքի դերակատարութիւնը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքականութեան ուղղուածութիւնը:
Քննարկումի նիւթ դարձաւ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ: Ռուսիոյ դեսպանը ներկայացուց իր երկրին կեցուածքը այս պատերազմին կապակցութեամբ: Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց Ռուսիոյ արագ միջամտութիւնը հայութեան դէմ շղթայազերծուած այս պատերազմի դադրեցման համար` նկատի ունենալով Արցախի ժողովուրդին կամքը եւ թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպանական վարքագիծին վտանգաւոր բնոյթը:
aztagdaily.com