«Հորիզոն». Գանատայի խորհրդարանի Հոկտեմբեր 27-ի նիստին, խորհրդարանի անդամ եւ «Կանաչ» կուսակցութեան նախկին ղեկավար Էլիզապէթ Մէյ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին հարց տուաւ, թէ ինչ միջոցառումներ պիտի նախաձեռնէ Գանատան Արցախի մէջ առկայ մարդասիրական աղէտին առնչութեամբ, նշելով, որ Արցախի բնակչութիւնը ջարդի ենթակայ է, իսկ հրադադարները դատապարտուած են ձախողութեան։ Ան նաեւ հարց տուաւ վարչապետին, թէ արդեօ՞ք Գանատան դիւանագիտական ներկայութիւն չէ տարածշրջանի մը մէջ, ուր Թուրքիա եւ Իսրայէլ սպառազինութիւն կ՚առաքեն դէպի Պաքու։
Պատասխանելով հարցին, վարչապետ Թրուտօ ըսաւ, թէ Գանատան խորապէս մտահոգ է Արցախի մէջ տիրող կացութեամբ եւ կոչ կ՚ուղղէ թշնամական իրադրութեան անմիջական դադրեցման ու հրադադարը պահպանելու անհրաժեշտութեան։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ Գանատան կ՚աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին հակամարտոութեան խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն։ Հարցին զինուորական լուծումը բացառուած է եւ կողմերը պէտք է վերադառնան բանակցութեան սեղան, եզրափակեց վարչապետ Թրուտօ։