Թուրքիոյ մէջ ատելութեան խօսքն ու հայերու նկատմամբ սպառնալիքները աշխուժացած են Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու լոյսին տակ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան թրքական «Տուվարի»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը երկրին մէջ ստեղծած է «ատելութեան սովորական մթնոլորտ»:
Լրատուամիջոցը նկատել տուաւ, որ Կարօ Փայլան եւս Թուրքիոյ մէջ թիրախ դարձած է` ազրպէյճանական-արցախեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարին կողմնակից ըլլալուն եւ խաղաղութեան կոչ ուղղելուն համար:
Փայլան նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին տարբեր ինքնութիւններ, տարբեր հաւատք եւ համոզում ունեցող քաղաքացիներ: «Սակայն ներկայի վարչակազմը, ցաւ ի սիրտ, կը շարունակէ վարել իր ազգայնական, ցեղապաշտական եւ կրօնական ուղղուածութիւն ունեցող քաղաքականութիւնը», շեշտեց Փայլան: