Գրող, «Արեւելք» կայքին խմպակիր Սագօ Արեան ֆեյսպուքին մէջ կգրե. «Մինչ Էրտողան կոչ ըրած է պոյքոթի ենթարկելու ֆրանսական արտադրութիւնները, անդին Իտլիպի սահմանային մէկ անցակէտին վրայ իսլամիստ զինեալներ ոտնակոխ ընելով կը վիրաւորեն Ֆրանսական դրօշ՝ Bleu Blanc Rouge-ը։
Ճիշդ է, որ ֆրանսացիք կեցուածքներէն անդին երթալով հարուածած էին Սուրիոյ հիւսիսի ահաբեկիչներու մի քանի կեդրոններ, բայց տեսնես այդքանը բաւարա՞ր է։ Ես շատ թերահաւատօրէն կը մօտենամ Ֆրանսայի եւ կեցուածքներուն եւ ռազմավարութեանը. մեր տառապանքը փորձ ունի, ու իմ համար անկարելի է մոռնալ առաջին համաշխարհայինի օրերուն Ֆրանսայի անտարբերութեան հետեւանքով Մարաշի մէջ նահատակուած մեր խաղաղ հայրենակիցներուն դատը։
Պատմութիւնը առնուազն սորվեցնող հանգամանք մ՚ունի ու անկարելի է մոռնալ եւ ուրանալ անցեալը։
Այսօր դիւանագիտական ճանապարհով Փարիզը մեր կողքին է, այո, բայց այս օրհասին խօսքերն ու դատապարտումները բաւարար չեն։ Այս պատերազմը, նաեւ ձերն է Ֆրանսացի ընկերներ, ձեզ տեսնեմ»։
Կարդացեք նաև
Ֆրասիացիների պատասխանը կլինի՝ամենքը իրավունք ունի իր կարծիքը արտահայտել ինչպես ուզում է….