Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ռուսիա մինչեւ ե՞րբ կրնայ կոչերով բաւարարուիլ Թուրքիոյ նուաճողական քաղաքականութեան դէմ․ «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 24,2020 07:45

Կրնանք զանազան վարկածներ ունենալ Ռուսիոյ հակազդեցութեան մասին, բայց առայժմ Փութին սփինքսի պէս լուռ է: Թէեւ, իրեն համար անմիջական տեսանելին այն է, որ Թուրքիոյ հեռացումը Ատլանտեան Ուխտէն, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի դէմ իր դիրքը կը զօրացնէ: Էրտողանի հակաեւրոպական եւ համաթրքական քաղաքականութեան վտանգը պատճառ կրնայ ըլլալ նոր դասաւորումներու եւ համագործակցութիւններու, հասարակաց վտանգի մը դէմ: Այսպէս թէ այնպէս, Ռուսիա մաս կը կազմէ լայն առումով արեւմտեան կրօնամշակութային տիեզերքին:

Վլատիմիր Փութին հաշտ աչքով չի կրնար դիտել Էրտողանի ծաւալապաշտութիւնը, ան չի կրնար Պիղատոսի դերով բաւարարուիլ, թոյլ տալ որ ան տէր դառնայ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ հայութեան դէմ անսահմանափակ նախայարձակում գործէ, մանաւանդ որ կայ 1915ի հայկական ցեղասպանութեան նախընթացը: 27 Սեպտեմբերէն ի վեր ծաւալած Ատրպէյճանական նախայարձակումը այլեւս Ատրպէյճան-Արցախ-Հայաստան ներքին հարց ըլլալէ դադրած է:

Թուրքիա մուտք գործած է Կովկաս, սպառնալով Ռուսիոյ վերահսկողի եւ իրաւարարի դերին, շրջանին մէջ, հեղինակութեան, imperia-ին: Նոյնպէս, միշտ Էրտողանի պատճառով, Եւրոպայի դռներուն եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ խնդրոյ առարկայ է Արեւմտեաններու imperiaն: Այլեւս միջազգային քաղաքականութեան համար մասնակի եւ տեղական համարուող Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի կենսագործումը, ընդունումը եւ մերժումը, դարձած են տարածաշրջանային, թերեւս աւելի լայնածիր աշխարհաքաղաքական խնդիր:

Մէկ բան որոշ է: Ոչ Արեմուտքը, ոչ Ռուսիան, ոչ արաբական աշխարհը, ոչ Հնդկաստանը եւ ոչ Չինաստանը կրնան ընդունիլ եւ թոյլ տալ միջազգային հաւասարակշռութեան խախտում մը, որ կրնայ յառաջանալ Էրտողանի ծաւալապաշտական եւ մեծամոլական կիրքին պատճառով, զիրենք ապակայունացնել եւ յանգեցնել մեծ աղէտներու:

Ռուսիա մինչեւ ե՞րբ կրնայ կոչերով բաւարարուիլ Թուրքիոյ նուաճողական քաղաքականութեան դէմ, որ կը միտի նաեւ զինք հեռացնել քաղաքական հրապարակէն, իրեն հակադրուելու գնով: Փաստ է Ուքրայինայի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին իր յայտնած տեսակէտը, որ Խրիմը մաս կը կազմէ Ուքրայինայի, անոր միացումը Ուքրայինայի իրականացնելու համար ինք պատրաստակամ է օժանդակելու: Պատրաստակամութիւն մը, զոր Վլատիմիր Փութին ըստ արժանւոյն պիտի գնահատէ, երբ նկատի կ’ունենանք, որ Ռուսիոյ դռներուն, Էրտողան Թուրքիայէն լայնածաւալ զէնք եւ զինամթերք բերած է, կը բերէ նաեւ վարձկաններ, որոնք վաղը կրնան տարածուիլ, օգտուելով կրօնական մոլեռանդութեամբ տարուած շրջանակներ, Ռուսիոյ կամ անոր դրացի թրքալեզու եւ թրքացեղ երկիրներուն մէջ:

Ըստ տուեալներու, թրքական բանակի միաւորներ չկան Ատրպէյճանի մէջ: Եթէ անոնք երեւին բեմի վրայ, այդ կ’ըլլայ գրգռութիւն, casus belli, եւ Ռուսիա կը միջամտէ: Կը միջամտէ նաեւ եթէ յարձակին Հայաստանի վրայ, քանի որ Հայաստան մաս կը կազմէ Հ.Ա.Պ.Կ.-ի, (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւն), որ կ’ենթադրէ փոխադարձ պարտաւորութիւններ:

Ռուսիա եւ Հայաստան գիտեն, որ քաղաքակրթական եւ կրօնական պատճառներով, բնական դաշնակիցներ են շրջանին մէջ: Բայց նկատի ունենալով Արցախի իւրայատուկ պարագան, Փութին դեռ պատասխանատուութիւն չ’ուզեր ստանձնել անոր նկատմամբ:

Դեռ չէ հասունցած այն միտքը, որ խաղաղութեան համար, Արցախի Ատրպէյճանի կազմէն դուրս մնալը տագնապի այսօրուան եւ վաղուան անխուսափելի լուծումն է, անկախ պետութեան կամ Հայաստանի հետ բնական միացման ձեւով:

Ինչ որ ալ պատահի, ինչ ալ ըլլան Թուրքիոյ բաղձանքները եւ այլ երկիրներու մեծ կամ պզտիկ շահախնդրութիւնները, նկատի ունենալով միջազգային հաւասարակշռութիւնները, վերջնական լուծման բանալին Մոսկուայի ձեռքին մէջ է:

Այսքան քաղաքական պարզ իմաստութիւն, ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը, մենք պէտք է հասկնանք եւ ըստ այնմ խօսինք ու գործենք, ինչ ալ ըլլան մեր նախասիրութիւնները եւ տեսակէտները:

Հայաստան, կամայ ակամայ, կը գտնուի աշխարհաքաղաքական հակամարտ ուժերու շրջանակին մէջ: Մեր քաղաքական խօսքը եւ գործը այս չեն կրնար անգիտանալ:

Իմաստութիւն է չըսելիքը գիտնալ:

Սանձարձակ արշաւող Էրտողան պէտք է յիշէ Փութինի պատմաքաղաքական անսեթեւեթ խօսքը. «Հիթլէր կ’ուզէր քանդել Ռուսիան, եւ ամէն ոք պէտք է յիշէ թէ ան ինչպէս վերջացաւ…»:

Մարք ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031