Այո՛, այդպէս է:
Այս պատերազմը երկարեցաւ, կրնայ տակաւին երկա՜ր տեւել, բայց աւարտին՝ պիտի յաղթենք:
Այսօր, իրական պատկերը ցոյց կու տայ, որ եթէ «ամէն ճամբայ Հռոմ» կը տանի, այդ ճամբան ո՛չ Ստեփանակերտէն կ’անցնի, ո՛չ ալ Ստեփանակերտ կը տանի: Ստեփանակերտը մինակ չէ, այլ ամէն մէկ ափ հող, ըլլայ այդ մէկը բարձունք, թէ ձոր կամ հարթ հաւասար շաւիղ, փակ է ու փակ պիտի մնայ ազերիին առջեւ:
Թշնամին, անօդաչու սաւառնակներու կողքին, գործի լծած է նաեւ ինքնագործ հրասայլեր…: Բացայայտ է որ անոր տրամադրութեան տակ եղող հրասայլերուն եւ անձնակազմին մէկ մեծ մասը զոհը դարձած է արցախցիի հրետանիին…
Ալիեւի բանակը այնքան զինուոր եւ վարձկան ոճրագործ կորսնցուցած է, որ հաւանաբար ան միլիոններ պատրաստ է մսխելու համակարգչային ընկերութիւններու հետ, անշունչ ելեկտրոնային վարձկաններ՝ ռոպոթներ պատրաստելու համար, սակայն հոս ալ արդիւնքը պիտի մնայ անփոփոխ:
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ, ոչ ոք կրնայ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ պատրաստել: Հողին կառչած եւ յանուն հայրենի հողին համար պայքարող, նահատակուող զինուոր կարելի չէ «շինել», ո՛չ փայտէ, ո՛չ պողպատէ, ո՛չ ալ յախճապակիէ: ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ-ը կը թրծուի, յատուկ դաստիարակութեամբ, հիւլէով եւ աւիշով:
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում