Եռագոյն. Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սկսած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով՝ Յունաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ հայեր իրենց բողոքը արտայայտած են ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ:
Անոնք Հոկտեմբեր 19-ի վաղ առաւօտեան Ալեքսանդրուպոլիս քաղաքի կեդրոնէն ինքնաշարժներով շարժած են յոյն-թրքական անցակէտ, յետոյ քայլերթով փակած են զայն:
Ըստ «Արմենփրես»-ի` Հայերն ու անոնց աջակցող օտարները ծածանած են Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, վանկարկած` «Պիտի յաղթենք», «Յաղթանակ, յաղթանակ, յաղթանակ»:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցներուն ձեռքին եղած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Արցախն ուժեղ է», «Լեռնային Ղարաբաղն արդէն անկախ է», «Խաղաղութիւն Արցախի մէջ»: