«Ազդակ». Արցախեան պատերազմի բռնկման առընթեր, ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը տենդագին լծուած է տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ Արցախ հասցնելու աշխատանքին:
ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէներ եւ կազմակերպական միաւորներ դիմած են ժողովրդային հանգանակութեան: Լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ մեր ակումբները վերածուած են դրամահաւաքի կեդրոններու, ուր ժողովուրդը կը փութայ իր մասնակցութիւնը բերելու հայրենիքին ապրած օրհասի այս օրերուն: Արդարեւ, իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ իր լուման ներդրելով կը հաստատէ, որ կողքին է Արցախին եւ արցախահայութեան:
Հակառակ Լիբանանի ապրած թէ՛ նիւթական, եւ թէ քաղաքական անորոշ իրավիճակին, լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ անսալ Դաշնակցութեան կոչին եւ զանգուածային մասնակցութիւն կը բերէ «Արցախ ֆոնտ»-ի «Գոյամարտը յաղթելու ենք» ժողովրդային հանգանակութեան: Դրամահաւաքը կը շարունակուի, իւրաքանչիւր լիբանանահայ իր նուիրատուութեամբ խորհուրդ մը պիտի փոխանցէ անպայման: