Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Փառք ու պատիւ մեր մարտունակ բանակին, մեր յաղթանակ կերտող զինուորին․ «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 17,2020 08:21

Այս օրերուն, մեր ազգային բանակը, պատիւ իրեն, շնորհիւ հայ զինուորի քաջարի ծառայութիւններուն եւ սխրագործութիւններուն, եւ մեր զինեալ ուժերուն եւ անոր ղեկավարներուն անվախ ու մարտնչող անպարտելի ոգիին, մեր երկրի սահմաններուն, ձեռք ձգած է մեծ յաղթանակներ:
Ու այս բոլորը համայն հայութեան համար համազգային ուրախութիւն եւ հպարտութիւն առթող առիթներ են, որոնց միշտ եւ անկեղծօրէն կը դիմաւորենք մեծ ցնծութեամբ, խոր յարգանքով եւ երախտապարտ ոգիիով:
Մեզի համար այս բոլորը ոչ միայն նորութիւններ են, այլ նաեւ ներշնչման աղբիւրներ: Հայկական բանակ եւ հայ Զինուոր: Հայոց բանակ՝ հայու հպարտութիւն:

Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ:
Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն ալ է: Գիտենք ու մանաւանդ այս օրերուն, ամէնօրեայ մեր կեանքի հեւքին հետ ալ, մօտէն ե՛ւ դրական զօրակցութեամբ, ե՛ւ բարի մաղթանքներով, ե՛ւ աղօթքով կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն, որոնք վառ յոյս կը սփռեն մեր հայրենիքի փայլուն ապագային: Անոր համար է, որ մեր բանակի անձնազոհ զինուորներով ու մարտիկներով, յաղթանակներ կը կոթողուին:
Մեր այս տողերը պարզ եւ սակայն յատուկ եւ մեծ պաշտամունքի մը ծնունդն են, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր բանակը մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ ալ կ՛առաջնորդէ:

Վկայ այս օրերուն յատկապէս եւ անցեալի Արցախեան արիւնոտ պայքարները: Ու տեղին է յիշեցնել բոլոր նահանջող հոգիներուն, որ մեր ազգային բանակը, մեծ յանձնառութիւններուն տակ մտնելով, իբրեւ մէկ բռունցք, թշնամի հոսող ժամանակին դէմ թիավարած է եւ տակաւին կը թիավարէ, երբեմն բոլորովին աննպաստ պայմաններու տակ, երբեմն ալ նոյնիսկ արիւնոտ յաճախանքներով, միշտ ուժ ունենալով միայն իր ներքին հաւատքը, պատկանելիութեան հուրքը, ծառայելու տենդը եւ մահուան ու ազատութեան գիտակացութիւնը:
Միշտ մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է պէտք է դառնայ մեր հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք: Պէտք է միշտ անոր զօրակցիլ: Արդիական դարձնել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել մեր յոյսերը:

Մեր ժողովուրդը միշտ բարձր գնահատած է հայ բանակի անդամներուն հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով, եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ անոր կողքին կենալով, քաջալերած ու գնահատած է ու աւելին՝ խանդավառուած է անոր լաւ լուրերով եւ յաջողութիւններով:
Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:
Հայ ենք ու պատմութիւնը վկայ: Ու այս օրերուն համայն ժողովուրդով բանակ դարձած ենք, մեր մեծով ու պզտիկով, մեր կամաւորկան գունդերով, ու աննկուն ոգիով լի մեր զինուորներու հերոսական խոյանքներով:
Դարերու ընթացքին հայկական բանակը միշտ կռուած ե՛ւ կեանքի, ե՛ւ հաւատքի ու հողի, ե՛ւ երկրի ազատութեան ու մահուան համար: Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն:

Ահա ասոնք են մեր բանակին դեղատոմսերը եւ ահա ասոր համար է, որ հայկական բանակը դարերէ ի վեր իր խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութիւն պարտադրող արարքներով, եւ մեզ առաջնորդած՝ դէպի առաջ, դէպի ապահով ապագայ:
Փառք ու պատիւ մեր մարտունակ բանակին, մեր յաղթանակ կերտող զինուորին եւ իր արիւնը հայրենիքի հողի պաշտպանութեան թափող նահատակ եւ մարտիրոսացած՝ հայուն եւ մեր բանակի մեծ ու փոքր բոլոր ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն:

Ու մենք՝ Յաղթելու ենք:

Գէորգ ՊԵՏԵԿԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031