Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Ազրպէյճանի դեսպանատունը գրգռիչ պաստառ մը դրած էր դեսպանատան ճակատին՝ «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է» սպաներէն մակագրութեամբ»

Հոկտեմբեր 12,2020 12:04

Քաղաքական նախաձեռնութիւններ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Արցախի դէմ ազրպէյճանաթրքական պատերազմի ծիրին մէջ

Հարաւային Ամերիկայի մէջ ազրպէյճանաթրքական յարձակումը դատապարտող և Արցախի ու Հայաստանի կողքին կենալու զօրաշարժը սկսաւ պատերազմի առաջին օրերէն: Երկու հետևողական հաւաքներ տեղի ունեցան Պուէնոս Այրէսի մէջ: Առաջինը՝ 01 Հոկտեմոերին Հայաստանի դեսպանատան դիմաց՝ առ ի զօրակցութիւն հայրենի հողը պաշտպանող բանակին և երկրորդը՝ Պուէնոս Այրէսի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արամ Մանուկեան Կոմիտէի կազմակերպութեամբ բողոքի ցոյց 03 Հոկտեմբերին նախ Ազրպէյճանի ապա Թուրքիոյ դեսպանատուներուն դիմաց: Այս երկրորդին առիթով յատուկ, Ազրպէյճանի դեսպանատունը գրգռիչ պաստառ մը դրած էր դեսպանատան ճակատին՝ «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է» սպաներէն մակագրութեամբ:

02 Հոկտեմբերին, Արժանթինի Գորտոպա քաղաքի հայ համայնքը կազմակերպեց միջ-կրօնական հաւաք մը Ցեղասպանութեան յուշակոթողի մօտ միացեալ նախաձեռնութեամբ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արմենիա Երիտասարդական Միութեան տեղւոյն մասնաճիւղին և Հ. Բ. Ը. Միութեան Երիտասարդական Լիկային: Այս առաջին նախաձեռնութեան յաջորդեց ինքնաշարժերով բողոքի ցոյց Կիրակի 04 Հոկտեմբերին քաղաքի գլխաւոր պողոտաներուն վրայ որ աւարտեցաւ հաւաքով մը Գորտոպայի Պետական Համալսարանի պատմական բակին մէջ:

04 Հոկտեմբերին, Արժանթինի Պուէնոս Այրէս նահանգի հայահոծ Վիսենթէ Լոփէս արուարձանային քաղաքի համայնքը հաւաքուեցաւ Արմենիա Հրապարակին վրայ տեղադրուած խաչքարին շուրջ հաւաքական աղօթքով յարգելու համար արցախեան պատերազմին ինկած նահատակներուն յիշատակը և հաստատելու Արցախին կողքին կանգնելու յանձնառութիւնը:

05 Հոկտեմբերին Չիլէի հայկական համայնքը բողոքի ցոյց կատարեց մայրաքաղաք Սանթիակօ Տէ Չիլէի մէջ ազրպէյճանական հիւպատոսարանի դիմաց: Ցոյցին իրենց մասանակցութիւնը բերին Արժանթինէն և Ուրուկուայէն Չիլէ հատատուած հայորդիներ և Չիլէի Լիբանանեան Երիտասարդութիւն կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ:

06 Հոկտեմբերին, Արժանթինի մէջ գործող մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ որոնք պատմականօրէն ակտիւ եղած են 1976 – 1983 զինուորական բռնատիրութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան վերադարձի և մարդկային իրաւանց հաստատագրումի գործընթացներուն մէջ, միացեալ հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեցին ազրպէյճանական յարձակումը Արցախի դէմ . պահանջեցին անմիջական զինադադարի հաստատում՝ տագնապը խաղաղ բանակցութեանց ճամբով լուծելու համար:

Հաղորդագրութիւնը ստորագրողներու շարքին են ի մասնաւորի Մայիսեան Հրապարակի Մեծ Մայրեր և Մայիսեան Հրապարակի Մայրեր կազմակերպութիւնները:

Հերթական ապատեղեկատւութեան արշաւի շարքին, Պուէնոս Այրէսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը մամլոյ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը «սխալ տեղեկութիւն» որակեց Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը:

Նէուքէն նահանգի նոյնանուն մայրաքաղաքի քաղաքային խորհուրդը Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը «խստօրէն» դատապարտող որոշում մը կայացուց:

Պուէնոս Այրէսի նահանգի հայահոծ Լանուս քաղաքի Քաղաքապետարանը հայ ժողովուրդին զօրակցութեան յայտարարութիւն տարածեց:
Ուրուկուայի Անկախութեան հրապարակին վրայ հայ համայնքի կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ 07 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ համայնքային ցոյց:

Արժանթինի և Չիլէի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեան նամակով մը դիմեց Ֆրանսիսքօ Պապին ահանզանգելով հայ ժողովուրդի դէմ նոր ցեղասպանութեան մը վտանգին մասին: Առաջնորդ Սրբազանն ու Պապը անձնական բարեկամներ են այն ժամանակներէն երբ Պապը տակաւին Պուէնոս Այրէսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մարիօ Պերկոկլիօ Առաջնորդն էր:

Ուրուկուայի կառավարութիւնը 06 Հոկտեմբերին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ դատապարտելով «հայ ժողովուրդի դէմ յարձակումները»:

Ուրուկուայի կառավարութեան յայտարարութենէն մէկ օր յետոյ, 07 Հոկտեմբերին, Ուրուկուայի Ծերակոյտը յայտարարութեամբ մը «անմիջական» զինադադարի պահանջով հրապարակ եկաւ: Նիստին խօսք առաւ զբօսաշրջիկութեան նախկին նախարար Լիլիամ Քէշիշեան, որ ներկայիս ընդդիմութեան մէջ գտնուող Լայն Ճակատ կեդրոն-ձախ համախմբումէն ծերակուտական է:

07 Հոկտեմբերին Արժանթինի համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու կազմակերպած Խաղաղութիւն Հայաստանի Մէջ և Խաղաղութիւն Արցախի մէջ Թուիթըրեան արշաւը լայն տարածում գտաւ:

Արժանթինի Ընկերվարական Կուսակցութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց դատապարտելով «Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը Հայաստանի և Արցախի դէմ»:

08 Հոկտեմբերին, ինքնաշարժերու երկար շարասիւնով մը Հայաստանի և Արցախի դրօշակներ պարզած հայ համայնքի անդամներ շրջաքայեցան Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական պողոտաներուն վրայ դատապարտելով ազրպէյճանաթրքական յարձակումը և Արցախի մէջ խաղաղութեան պահանջով:

Արժանթինի մէջ Ծերակոյտի, Ներկայացուցիչներու Պալատի և Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մակարդակով յայտարարութիւններ հրապարակուեցան ի զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին: Հայութեան զօրակցութեան յայտարարութեամբ հանդէս եկան նաև օրուայ իշխանութիւններու ընդդիմադիր համախմբումի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Արժանթինի մօտ ՀՀ դեսպան Եսթեր Մկրտումեան յատուկ հիւրն էր շատ բարձր ռէյթինկ ունեցող պատկերասփիւռային յայտագրի մը 09 Հոկտեմբերի գիշերը: Յայտագրի այն բաժնին մէջ որ յատկացուած էր արցախեան պատերազմին, համայնքի հանրածանօթ անձնաւորութիւններ ելոյթ ունեցան դատապարտելով ազրպէյճանաթրքական յարձակումը և կոչ ուղղելով աշխարհին և արժանթինեան հանրային կարծիքին՝ թոյլ չտալ հայ ժողովուրդի դէմ նոր ցեղասպանութիւն մը: Այդ անձնաւորութիւններու շարքին էին՝ ձեռնարկատէր Էտուարտօ Էօռնէքեան, Արդարադատութեան նախկին նախարար, 1985ին զինուորական խունթան դատած ատեանի անդամ Լէօն Գարլոս Արսլանեան, հանրածանօթ տնտեսագէտ Գարլոս Մելքոնեան, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ և Թորքուաթօ Տի Թելլա Համալսարանի փոխ-տնօրէն Խուան Կապրիէլ Թոքաթլեան, ծանօթ ձեռնարկատէր Թէտի Գարակէօզեան, համավարակներու մասնագէտ և Քովիտ-19ի դէմ պայքարի ակտիւ մասնակից Գարլոս Գամպուրեան և թէնիսի նախկին ախոյեան Դաւիթ Նալպանտեան:

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԻ ԳՐԱՍԵՆՅԱԿ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031