Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայկական վճռականութիւնը եւ պատերազմական ճակատներուն վրայ արձանագրուած խիզախ իրագործումները իսկապէս կրնան խաղաքարտերը խառնել․ «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 03,2020 08:49

Թուրքեւատրպէյճանական ճակատին կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը նորագոյն մեծագոյն մարտահրաւէրն է, որ ուղղուած է համայն հայութեան, Արցախի մէջ փորձաքարի զարնելով Հայկական զինուժին մարտունակութիւնը, եւ որ կը հետապնդէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած Սթաթիւս Քոն ի նպաստ Ատրպէյճանի փոխելու եւ նոր իրավիճակ մը ստեղծելու նպատակը։
Պատերազմին սկսումէն առաջ քանի մը շաբաթներու վրայ երկարած քաղաքական – դիւանագիտական յայտարարութիւնները եւ կեցուածքները՝ թուրք եւ ատրպէյճանցի պատասխանատուներու կողմէ, ինչպէս նաեւ գաղտնի բանակցութիւններու մասին ատրպէյճանական լրատու աղբիւրներու կողմէ շրջանառութեան դրուած ապատեղեկատուութիւնը, բաւական լոյս սփռեցին այն դիտաւորութիւններուն վրայ, որոնք առկայ էին Պաքուի եւ Անգարայի մէջ։ Եւ երբ Կիրակի, Սեպտեմբեր 27-ին առաւօտեան ժամը 7-ին ատրպէյճանական յարձակումը սկսաւ Արցախի հիւսիսային, հարաւարաւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններով, առաւել յստակացաւ, որ թուրքեւատրպէյճանական ճակատը աւելի քան միաւորուած է եւ կը ջանայ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր իրավիճակ մը ստեղծել։

Խորքին մէջ, պատերազմական գործողութիւններու սկսմամբ, Ատրպէյճան սուրիացի վարձկաններու առաքմամբ եւ Նախիջեւանի ինքնավար մարզին ու Հայաստանի հանրապետութեան սահմանին երկայնքին՝ ռուս սահմանապահ ուժերուն դիմաց ուժի կուտակմամբ, Թուրքիա ասպարէզ կը կարդար Ռուսիոյ, որ աւանդականօրէն ռազմաքաղաքական միակ ուժն է Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ ուր ահա ճեղքեր կը յառաջանային եւ Թուրքիա ասպարէզ կը մտնէր, իբրեւ հարաւային կովկասեան իրադրութիւններուն մէջ ազդեցութիւն ունեցող շրջանային ուժ մը։ Թուրքիա ահա Ռուսիոյ դէմ երրորդ ճակատ մը կը բանար՝ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ետք։

Այս բոլորին մէջ սակայն ամէնէն կարեւոր եւ բաւական մըն ալ մտահոգիչ հանգամանքը այն է, թէ պատերազմական գործողութիւններուն կասեցումէն եւ զինադուլի մը հաստատումէն ետք, դիւանագիտական ինչ իրավիճակ պիտի ստեղծուի։ Ռուսիա, իբրեւ խաղին միակ եւ կարեւորագոյն դերակատարը, ինչ առաջարկներ պիտի ներկայացնէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման վերաբերեալ։ Արցախի մէջ ստեղծուած գոյավիճակի շարունակման մերժումը արդէն իսկ յստակօրէն բանաձեւուած եւ որոշ իմաստով ալ հող շահած է, եթէ ի մտի ունենանք «բովանդակալից բանակցութիւններու անյապաղ վերսկսման» մասին կոչերը։ Եւ եթէ այս պատերազմը այն սպառնական ոճի զգուշացումն է, որ եթէ «բովանդակալից բանակցութիւններ» չկայանան, պատերազմը կը մնայ միակ ընտրանքը, առաւել կը յստականայ, թէ ատրպէյճանական այս յարձակման ետին դիւանագիտական ինչպիսի սենարիօ մը կրնայ թաքնուած ըլլալ։
Մինչ այդ հայկական վճռականութիւնը եւ պատերազմական ճակատներուն վրայ արձանագրուած խիզախ իրագործումները իսկապէս կրնան խաղաքարտերը խառնել։ Ասոր հաւատացողն է ամբողջ հայութիւնը, որ ահա դարձեալ մէկ ճակատ՝ միասնական ու համախումբ, կը կանգնի Արցախի կողքին։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031