Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մեր կարելի բոլոր միջոցները ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու պետական շրջանակները ծանրագոյն դատապարտանքի խօսքերով ուշքի բերեն խելագարութեան հասած ատրպէյճանական իշխանութիւնները.ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէ

Սեպտեմբեր 27,2020 14:56

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի Համատարած Յարձակումին Վերաբերեալ

Իրենց ձախող յուլիսեան արկածախնդրութենէն անճրկած՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անցնող ժամերուն ձեռնարկեցին նոր արկածախնդրութեան մը՝ լայնածաւալ յարձակումի դիմելով Արցախի Հանրապետութեան հետ սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին:

Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ ծանր մարտեր տեղի կ՛ունենան բոլոր ճակատներուն վրայ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի բանակները փայլուն կերպով կը կատարեն հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստագոյնս կը դատապարտէ մեր հայրենիքին դէմ կատարուած ատրպէյճանական նորագոյն այս յարձակումը, որ 1994-ին կնքուած զինադադարէն ետք աննախդէպ է իր ծաւալով:

Այս առիթով, Կեդրոնական կոմիտէս իր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, ի մասնաւորի հայկական զոյգ բանակներուն, որոնք մեր համազգային պարծանքն են: Մեր կարգին եւ մեր կարողութիւններով պիտի ընդառաջենք Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանի մարտակոչին՝ մեր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով մեր պետականութեան եւ հայրենի մեր ժողովուրդին: Մեր կարելի բոլոր միջոցները ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու պետական շրջանակները ծանրագոյն դատապարտանքի խօսքերով ուշքի բերեն խելագարութեան հասած ատրպէյճանական իշխանութիւնները: Պիտի աշխատինք օրն ի բուն, որ ամերիկեան իշխանութիւնները ամբողջովին վերջ տան Ատրպէյճանին ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու քաղաքականութեան:

Դարձեալ կ՛ուզենք յիշեցնել Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մեր Զինուորներուն Հետ» նախաձեռնութիւնը եւ անգամ մը եւս կը դիմենք մեր համայնքի զաւակներուն՝ զօրավիգ կանգնելու մեր սահմանները պահող հայ զինուորին:

Կասկած չունինք, որ «Յաղթելու ենք» այս անգամ եւս, եւ ամէն անգամ:

 

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930