Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հոկտեմբեր 8-ի բողոքի համապետական հաւաքը առաջին փորձաքարն է. «Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 26,2020 10:20

Հայաստանեան ներքին քաղաքական, ընկերատնտեսական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ յստակ է, որ կան որոշակի խնդիրներ եւ դժգոհութիւններ, որոնց նկատմամբ ձեռնածալ մնալը եւ լռութիւն պահելը կը նշանակէ պատասխանատուութեան որոշ բաժին մը ունենալ։ Ներքին անհանդուրժողականութեան, իրարամերժութեան, դիմացինը միշ ու միշտ յանցաւոր, սխալական եւ ապակառուցողական համարելու մօտեցումն է, որ առաւելաբար իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական խումբին վարկին կը վնասէ եւ ժամանակի թաւալումին հետ կը վերածուի բողոքի ալիքներու յառաջացման գործօնի մը։ Միշտ ու միշտ դիմացինը սխալի մէջ տեսնելու, միւսին ծրագրերը, քայլերը, նախաձեռնութիւնները եւ պատկերացումները սխալ, իսկ՝ իրը ճիշդ, տեղին եւ նպատակայարմար համարելու համոզումը նախեւառաջ ինքնասպանութեան կ՛առաջնորդէ։

Ասոր մէջ ընդդիմութիւնը, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, յանցանքի բաժին մը չունի։ Սխալը կ՛ըլլայ, երբ հակազդեցութիւն չ՛ըլլար, բողոքի ձայն չի բարձրանար։Այս իմաստով ալ Հ․Յ․Դ․ – Հայրենիք – Բարգաւաճ Հայաստան եռեակին կողմէ կազմակերպուելիք՝ Հոկտեմբեր 8-ի բողոքի համապետական հաւաքը առաջին փորձաքարն է, որ թէ՛ ընդդիմութեան, եւ թէ իշխանութիւններուն համար կարեւոր է։ Ընդդիմադիր ճակատը հրապարակ պիտի իջնէ եւ ցոյց պիտի տայ, թէ հայաստանեան հասարակութեան տարբեր խաւերուն մէջ առկայ դժգոհութիւնը ինչպէս կրնայ համախմբել եւ բողոքի մէկ ճակատ ձեւաւորել։ Իսկ իշխանութիւնները՝ ժողովրդավարական արժէքներու ամբողջական յարգման եւ բողոքի հաւաք կազմակերպելու ընդդիմութեան իրաւունքը պաշտպանելու հարկադրանքին տակ կը գտնուին, մանաւանդ եթէ իսկապէս կը հաւատան, որ այդ իրաւունքը սահմանադրութեամբ ամրագրուած է։ Մինչ այդ, ժողովրդային մեծ դժգոհութիւն չտեսնել ձեւացնող՝ իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն կողմէ այս մասին կատարուած յայտարարութիւնները իսկապէս կը մղեն նմանութեան եզրեր տեսնելու նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն միջեւ, առաւել հիմնաւորելով այն համոզումը, թէ մարդ կրնայ շատ փոխուիլ, երբ իշխանութեան հասնի։

Հոկտեմբեր 8-ին Ազատութեան Հրապարակին վրայ ազգային իշխանութեան ձեւաւորման պահանջով կազմակերպուելիք բողոքի համապետական հաւաքը առաջին նախաձեռնութիւնն է, որուն պիտի հետեւին այլ աշխատանքներ եւ շարժումներ, որպէսզի հայաստանեան հասարակութիւնը կարենայ իր դժգոհութիւնները եւ բողոքը արձանագրել։ Հոկտեմբեր 8-ի հաւաքը շատ լաւ առիթ մըն է ապացուցելու, որ Հայաստանի մէջ իսկապէս ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունի։ Եւ իշխանութիւնները այս իմաստով քննութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուին։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930