Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կ’ուզենք հաւատալ, որ անցեալի շրջանակներու աշխատելակերպի փոփոխութեան ձգտող նոր իշխանութիւնները ի վիճակի են զանազանելու ցորենը որոմէն. հարցադրում Ամատունի Վիրաբեանի պաշտօնազրկման առիթով

Սեպտեմբեր 21,2020 17:19

Հարցադրում Դոկտ.Ամատունի Վիրաբեանի Պաշտօնազրկման Առիթով

Վերջերս Հայաստանի ազգային արխիւներու (ՀԱԱ) տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան հեռացուած է Արդարադատութեան նախարարին հրամանով: Հակառակ անոր որ հարցին վերաբերող ամբողջական տեղեկութիւնները չունինք, կը զարմանանք տրուած պատճառին ի լուր: Կը նկատենք, որ Ամատունի Վիրաբեանին չի վերագրուիր անձնական չարաշահում եւ եթէ սխալ մը կատարուած է՝ դատարանին կողմէ հաստատուած չէ: Կը նկատենք նաեւ, որ քանի մը տարի առաջ որոշ անձերու կողմէ ճիգ թափուեցաւ զայն պաշտօնէ հեռացնելու եւ երկար քննութիւններէ ետք ամբաստանութիւնները անհիմն նկատուեցան: Ա. Վիրաբեանի գող-աւազակի նման արագօրէն գործէն դուրս դրուիլը նախարարութեան որոշումով զարմանալի կը գտնենք, մանաւանդ որ անոր թոշակի անցումին մնացած էր քանի մը ամիս:

Մենք՝ ՀՀ Հայոց Ցեղասպանութեան Նախագահական մրցանակի յանձնաժողովի անդամներ՝ տասը տարիէ ի վեր կ’աշխատինք Ամատունի Վիրաբեանի հետ. առիթ ունեցած ենք չափելու եւ վայելելու մարդկային իր յատկութիւնները՝ ազնուութիւնը եւ պարկեշտութիւնը: Իբրեւ պատմաբան կամ արեւելագէտ առիթ ունեցած ենք նկատելու նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Ամատունի Վիրաբեան սրտանց եւ անձա՛մբ սատարած է իր հաստատութեան զարգացման, հակառակ բազմապիսի եւ բաւական դժուար պայմաններու. անդրադարձած ենք թէ որքա՛ն դիւրացուցած է հետազօտողներու գործը, օգնած է ուսանողներու՝ ըլլան անոնք Հայաստանէն թէ արտասահմանէն: Մէկ անգամ նոյնիսկ դժգոհութեան շշուկ չենք լսած իր մասին:

Մեզի համար անընդունելի է տեսնել այսպիսի կոշտ եւ անյարգալից վերաբերում տասնեակ տարիներ ծառայած այսպիսի անձի մը հանդէպ: Կ’ուզենք հաւատալ, որ անցեալի շրջանակներու աշխատելակերպի փոփոխութեան ձգտող նոր իշխանութիւնները ի վիճակի են զանազանելու ցորենը որոմէն եւ ատակ են պէտք եղած յարգանքը մատուցանելու Ամատունի Վիրաբեանի նման արժանաւոր մարդոց:

Դոկտ. Ստեփան Աստուրեան (Քալիֆորնիոյ «Պըրքլի» համալսարանի հայկական ծրագրի տնօրէն )

Դոկտ. Ռէյմոն Գէորգեան (Հետազօտութեան Պատուաւոր տնօրէն՝ աշխարհաքաղաքականութեան ֆրանսական կաճառին մէջ)

Տոքթ. Փիեթրօ Քիւչիւքեան (Գրող եւ հրապարակախօս, Միլանօ)

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930