Ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան շտեմարանը Հայոց Պատմութիւնն է։ Իսկ դասաւանդման եղանակի, մեթոտաբանութեան եւ մօտեցումներու ճշգրիտ կիրարկմամբ՝ մասնագէտ մանկավարժներու եւ հմուտ պատմաբաններու միացեալ ճիգերով, Հայոց պատմութիւնը կարելի է իսկապէս վերածել աշակերտին համար հրապուրիչ նիւթի, եթէ չափորոշիչը նիւթին ակունքները ի մտի ունենայ, եւ ոչ թէ Հայոց պատմութեան նիւթին ազգային ինքնութեան դրսեւորումներու հրաժարմամբ, ճիգ կատարուի իբրեւ թէ «երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան» պատրաստել սերունդները։
Շատ յստակ է ազգայնամոլութեան եւ հայրենասիրութեան միջեւ տարբերութիւնը։ Առաջինը կտրականապէս մերժելի է։ Երկրորդը՝ հիմքն է մեր հայրենիքին բարգաւաճման, զարգացման, ծաղկման, պետական հաստատութենական մտածողութեան առաւել հիմնաւորման հոլովոյթներուն, որպէսզի պետութիւնը գերադասուի անհատական- հատուածական շահերէ, որպէսզի պետութիւնը համարուի եւ ընդունուի իբրեւ մնայուն իրողութիւն մը, որ պիտի շարունակէ իր երթը՝ անկախ թէ ով իշխանութեան վրայ կը գտնուի։ Եւ պէտք է շեշտել,որ պետական այս մտածողութեան վերաբերեալ դաստիարակութեան չափորոշիչներու ակունքները Հայոց Պատմութեան մէջ կը գտնուին։
Օրինակ մը։ Եօթներորդ դարու հերոսներէն է Տարօն աշխարհի տանուտէր Մուշեղ Մամիկոնեանի որդեգիր՝ Վահան Մամիկոնեանը, որ իր խորամանկութեան համար ստացաւ Գայլ Վահան անունը։ Մեր նորահաս սերունդներուն համար՝ Գայլ Վահանի կերպարին վերապրեցումը չափորոշիչ է՝ ազգային- հայրենասիրական իր ամբողջական խորքով։ Թէ մանկավարժական ինչպիսի մեթոտաբանութեամբ նիւթը պիտի փոխանցուի, ատիկա մասնագէտներուն գործն է։ Հոս էականը ազգային դաստիարակութեան ուղիները ապազգային արահետներու մէջ չմխրճելն է, երբ փոխանակ մարմնաւորելու հերոսական արարքներու կերտիչները, յանկարծ կը շեշտադրուի Արտաշէսի կողմէ Ալաններու թագաւորի դուստր Սաթենիկի առեւանգնման ժխտական ազդեցութիւնը։
Նման անհեթեթութիւններ յաւելեալ լոյս կը սփռեն չափորոշիչներու եւ ծրագրերու պատրաստութեան աշխատանքային խումբին անդամներէն ոմանց նախկին գործունէութիւններուն վրայ՝ կասկածներու առաջնորդելով ազգային- հայրենասիրական առողջ դաստիարակութեամբ մտահոգուած մտաւորականութիւնը։ Ասոր համար է, որ իրազէկ ու արթնամիտ շրջանակներ ահազանգ կը հնչեցնեն՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարին հովանաւորութեան տակ գործող մասնագէտներուն կատարած աշխատանքին վտանգին ի տես։ Աշխատանք մը, որ խորքին մէջ գրագողութեամբ ալ պարուրուած է։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում