«Ազդակ». ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Պաապտայի մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցելու նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ նախարարութիւններու հերթափոխութեան մասին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կեցուածքը սկզբունքային է եւ հինէն եկած է, այսինքն` անպայման շիի համայնքին չի վերաբերիր:
«Նախարարութիւններու հերթափոխութեան մասին մեր կարծիքը նոր չէ. մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ նախարարութիւնները համայնքներու սեփականութիւնը չեն: Մեզի համար անընդունելի է նախարարութիւններու որակումը, ինչպէս` ուժային, ծառայութիւններու, երրորդ կամ չորրորդ կարգի նախարարութիւններ: Հետեւաբար, մենք համաձայն ենք նախարարութիւններու հերթափոխութեան»,- շեշտեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ վարչապետին կողմէ նախարարներու ճշդումին պարագային պէտք է իմանանք, որ ո՛վ են նախարարները: «Վերջին հաշուով երեսփոխանական պլոքներն են, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն: Այսինքն, ինչքան ալ վստահ ըլլանք վարչապետէն, մենք պիտի ուզենք տեղեկութիւն ունենալ նախարարներուն մասին»,- յայտնեց ան:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ մերժելի է այն գաղափարը, թէ հոս բոլորը պիղծ են, ուրեմն պէտք է դուրսէն նոր նախարարներ ներածել: «Մենք նախարար ներածելու գաղափարին դէմ ենք: Մենք պիտի մասնակցինք կառավարութեան եւ մեզի անծանօթ մարդու քուէ տալու պատրաստ չենք: Եթէ մենք հայ նախարարին անուան շուրջ համաձայն չըլլանք, վստահ չենք, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ կը շնորհենք»,-ընդգծեց Յ. Բագրատունի: