Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Խորհրդային շրջանի դասագիրքերուն մէջ շատ աւելի տեղ տրուած էր արեւմտահայ գրականութեան եւ գրողներու, քան այսօր, երբ կ՛ակնկալուէր ճիշդ հակառակը․ «Ազգ»

Սեպտեմբեր 05,2020 10:35

Արեւմտահայերէնի պահպանման հարցով Հայաստանի կառավարութիւնը սկսաւ զբաղիլ, մասնաւորաբար սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն ուղղակի կամ անուղղակի դրդումով, խնդրանքով, կամ պահանջով: Այսինքն 2013-14 թուականներէն սկսեալ:

Անցան ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ եւ նոր դասագիրքեր տպուեցան ու յայտնի դարձաւ, որ լեռը ծնած է մուկ մը:

Գրականագէտ, լեզուագէտ, ազգագրագէտ, հայերէն դասագիրքերու հմուտ հեղինակ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ մեծ յուսախաբութիւն մը ապրած ըլլալուն փաստերը կու տայ, ներկայ՝ 2020-2021 դպրոցական տարեշրջանին համար պատրաստուած դասագիրքերուն մէջ արեւմտահայ հեղինակներու աննշան ներկայութեան մասին, երբ այդ ժողովներուն յոյսեր կապած՝ կ՛ակնկալուէր որ արեւմտահայ հեղինակներուն թիւը պիտի կրկնապատկուէր:

Կրնա՞ք պատկերացնել, որ ամբողջ 1-6 դասարաններու հայերէնի դասագիրքերուն մէջ ոչ մէկ արեւմտահայ հեղինակ կայ, իսկ 7-12 դասարաններուն՝ հազիւ 10, երբ արեւելահայ եւ օտար հեղինակներուն թիւը 90-ի մօտ է:

Պր. Չոլաքեան կ՛ըսէ, թէ խորհրդային շրջանի դասագիրքերուն մէջ շատ աւելի տեղ տրուած էր արեւմտահայ գրականութեան եւ գրողներու, քան այսօր, երբ կ՛ակնկալուէր ճիշդ հակառակը:

Ընդդիմադիրներ ներկայ իշխանութեան որեւէ նոր որոշում քննադատութեան նշաւակ կը դարձնեն, նոյնիսկ եթէ որոշումին մէջ դրական եւ օգտակար բաներ ալ կան: Չափազանցութիւնը կը հասնի այն աստիճանի, որ ներկայ իշխանութիւնը թուրքին հետ կը բաղդատեն, նոյնիսկ գտնուեցաւ տիկին մը, որ զանոնք թուրքէրէն ալ վատ որակեց…

Այս առթիւ թող ինծի ներուի, եթէ ըսեմ, որ կան հայաստանցի կանայք, որոնց գործածած փողոցային խօսքերն ու հայհոյանքները այնքան ահաւոր են, որ ես տղամարդ ըլլալով կ՛ամչնամ այդպիսի բառեր լսելէ:

Ես անշուշտ կը միանամ կրթութեան նախարարութեան կողմէ պատրաստուած հայերէնի դասագիրքերուն այսպիսի տգեղ կողմնակալութեան համար բողոքողներուն, սակայն չեմ հայհոյեր: Թող դասագիրքերը կազմողները ամչնան իրենց ըրածէն: Արեւմտահայ գրողներն ու անոնց գեղեցկագոյն գործերը հայ գրականութեան ադամանդակուռ զարդերն են: Եթէ այսքանը կ՛անգիտանան այդ գիտունիկ-գրչակները, թող բարի ըլլան հրաժարելու եւ իրենց վստահուած, հայ նոր սերունդին դաստիարակութեան միտուած գործը ուրիշներուն յանձնեն: Այսօր Հայաստանի մէջ արեւմտահայ գրականութեան եւ լեզուին գիտակ սփիւռքահայ մարդիկ կան, թող զանոնք հրաւիրեն այս գործը լաւապէս գլուխ հանելու:

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930