Ազատութեան եւ հանդուրժողութեան քաղաք Փարիզի երկինքին տակ, պողոտայի ծայրը կանգնած է ԿՈՄԻՏԱՍԻ արձանը, խորհրդանիշ հայոց ցեղասպանութեան եւ վկայութիւն տարագրութեան ճամբաներուն վրայ ցաւի եւ տառապանքի բեռան տակ լռած Կոմիտասի սաւառնող հանճարին:
Ժամանակակից թուրքը, ժառանգելով հայը անհետացնելու իր հայրերու ցեղասպանական միտումը, կը պղծէ յիշելու խորհրդանիշը: Պետական ուրացումներու եւ սպառնալիքներու ուղիղ գիծին վրայ, ցեղապաշտական մոլուցքով, մութին մէջ, ան կ’ուզէ ջնջել ոճիրի վկայութիւնը, որ մարդոց եւ ժողովուրդներու ուղղուած զգօնութեան հրաւէր է, մանաւանդ այս օրերուն, երբ օսմանի կայսրութիւնը վերականգնելու զառանցանքը քաղաքական առաջադրանք է:
Հայը վարժուած է թուրքին անսանձ նախայարձակումներուն: Բայց Ֆրանսայի պէս մեծ երկրի մը մէջ, կոթողներու պետական մարմնին հսկողութեամբ կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը երբ կը պղծուի, արժանապատուութեան հարց կը ստեղծուի երկրին համար: Հեղինակներու ինքնութիւնը եւ նպատակը կասկած չեն յարուցեր: Պետական սպասարկութիւնները նման պարագաներու հետապնդումի կը դիմեն, յանցաւորները գտնելու եւ պատժելու համար: Նաեւ հայկական կազմակերպութիւնները պէտք է բողոքեն եւ պահանջեն դատախազութենէն, որ յանցաւորները դիմակազերծ ըլլան եւ դատուին:
Այս բոլորէն անկախ, հետաքրքրական պիտի ըլլար ուրացող մոլեռանդներուն հետ առերեսուիլ: Կոթողին վրայ գրել, որ ՃԻՇԴ ՉԷ, եթէ համոզում է, ժամադրուինք եւ խօսինք, որպէս քաղաքակիրթ քաղաքացիներ զիրար լուսաբանենք, ոչ միայն պատահական թուրքին հետ, որ յուշակոթող կը պղծէ, այլ ուժի եւ անպատժելիութեան կռթնած թուրք նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ անոնց բանբերներուն հետ, ի յառաջագունէ ընդունելով, որ բիրտ ուժը իրաւունք եւ օրէնք չի ճշդեր:
Կարդացեք նաև
Ինչպէ՞ս պատահած է, որ հայկական քաղաքներ, ուր կան դեռ վկայող գերեզմանաքարեր, եկեղեցիներ, Մուշ եւ Սասուն, Կարս եւ Իգդիր, դեռ Այնթապ եւ Զէյթուն, բազմաթիւ ուրիշներ, դատարկուած են իրենց տէր հայ բնակիչներէն: Անոնց սպանդին մասին վկայած են գերմանացիներ, զուիցերիացիներ, ֆրանսացիներ, արաբներ: Դասական է ըսել՝ ճողոպրածները դարձած են գաղթական Եւրոպա, Ամերիկաներ, արաբական երկիրներ: Ինչպէ՞ս կը պատահի նաեւ, որ ժամանակակից թուրքեր կը խօսին ստոյգ մահէ փրկուած որբուհիներու մասին, որոնք եղած են իրենց մեծ մայրերը:
Ի վերջոյ, տարրական ողջախոհութիւն ունեցող շարքային կամ ղեկավար թուրքը պահ մը կանգ առնելով ինքնիրեն հարց չի՞ տար, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս բազմաթիւ երկիրներու առաջնորդներ եւ խորհրդարաններ պաշտօնապէս կը յայտարարեն, այդ կ’ընեն նաեւ թուրք լուսամիտ մտաւորականներ, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը:
Վանտալիզմը ո՛չ օրէնք է, ո՛չ դատարան, ո՛չ բարոյական:
Կոմիտասի արձանը պղծող(ներ)ը տարրական չափով եթէ հետաքրքրուէր իր ժողովուրդի պատմութեամբ, փոխանակ եաթաղանով մտածելու եւ աղօթելու, մարդկայնացման այլ մակարդակի կը հասնէր, եւ հարց կու տար, թէ ինչո՞ւ իր նախնիները ցեղասպանութիւն գործեցին հայերու դէմ:
Ցեղասպանութիւն գործեցին հայու բազմադարեան հայրենիքը բռնագրաւելու համար, եւ անոր հողը հայազերծին:
Ուրացումով ճշմարտութիւնը չի ջնջուիր:
Յ․ ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում