Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Հայ գրականութիւնը ձեր սեփականութիւնը չէ՛․ սերունդներ դաստիարակող գրականութեան դասագիրքերու հարցն ու հա՛ցն է սեղանին վրայ․ «Ազգ»

Սեպտեմբեր 05,2020 10:15

Հայ գրականութեան դասագիրք մը ցեղի հոգիին պատմութիւնն է որ կը փոխանցէ: Տեսանելի ալքեր, խորհրդաւոր ծալքեր: Այլ խօսքով՝ ժողովուրդի լեզուին ու հոգեխառնութեան սրբամատեանն է: Այո՛, սուրբ. որովհետեւ պիտի անմահացնէ ցեղին ձայնը. պիտի լուսաբանէ դեռատի պատանին ու երիտասարդըՙ ցոյց տալով անոր արմատները իր հողին:

Հայ գրականութեան արմատները տարածուած են զանազան երկիրներու մէջ, իսկ երբ Հայաստանի մէջ վերջերս ծրագրուած գրականութեան դասագիրքերու շարքի մը մէջ կ՚անտեսուի, կ՚արհամարհուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս նուաճուած գրականութիւնը, կը նշանակէ դասագիրքը կիսատ-պռատ է:

Եթէ դիտումնաւոր է զանցումը արեւմտահայ գրագէտներու, լրջամտութեան պակաս եւ խորապէս թերի յանձնառութիւն է ու, հետեւաբար, դատապարտելի:

Եթէ դիտումնաւոր չէ՝ անսահման տգիտութեան ընկերակցող անպատասխանատուութեան ներկայութիւն է:

Եւ ահաւասիկ չափորոշիչներով ողողուած դասագիրքերուն լեցուն նժարը արդէն թերի է, իսկ միւս նժարը՝ զարմացած, սառած աչքի նման դատարկ է: Չափորոշիչներու որոշողները որոշապէս դեր ունին, իսկ այդ դերը մեզի համար դեռ անորոշ կէտեր ունի: Սակայն առկայ է քաղաքականութիւն մը, որ կը խեղանդամէ հայ գրականութեան առողջ մարմինը, կ՚անդամալուծէ անոր կենսունակութիւնը:

Ի՜նչ շնորհ որ ինը արեւմտահայերէն գրող ներառուած է. այն հրեշտակը որ յուշեր է՝ յայտնապէս թեւեր չունէր, որ ամբողջութիւնը տեսած ըլլար: Ցանկը կը յորդի օտար գրողներէ կատարուած թարգմանութիւններով: Ուրեմն տեղը նեղ ըլլալուն համար չէ, որ չեն ներկայացուած հայագիրները:

Թարգմանաբար ներկայացուած են օտարագիր գրողներ, եւ անտեսուած՝ միեւնոյն արտասահմանին մէջ ապրող արեւմտահայ գրողներ, որոնք ընտրա՛ծ են հայերէն գրել: Իրենք փառք ու պատիւ արհամարհած՝ հայ լեզուի շքեղութիւնը եւ հոգիի ազնուութիւնն ու ողբերգութիւնը փոխանցած են սեփական գիրով եւ արիւնո՛վ՝ տասնամնեակներէ ի վեր, երբեմն կէս դարէն աւելի: Կսկծանքի կծիկներով ապրած են եւ վերապրումի պատսպարաններ արարած: Բազմամշակութային երկիրներու մէջ ապրելովՙ բերած են յաւելեալ լոյս եւ ինքնագիտակցութիւն:

Յարգելի եւ ոչ-յարգելի խմբագրական կազմ,

Շնորհաւորելի է ձեր եռանդը հայրենի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն տեղ տալու, բայց անոնք ալ քսան տարիէն երիտասարդ պիտի չմնան, ի՞նչ պիտի ընէք: Ծրագրա՞ծ էք տասը-քսան տարին անգամ մը նոր դասագիրք մէջտեղ հանել: Նորարար մտածելակերպը չի բաւեր. պէտք է ըլլալ շինարա՛ր եւ ձգտիլ կատարեալին:

Իսկ եթէ այնքան լայնամտութիւն ունիք գնահատելու երիտասարդները, ո՞ր լուսամուտէն փախեր է ձեր լայնախոհութիւնը Սփիւռքի ժամանակակից, արդէն բերք ու վաստակ ամբարած, հռչակ ու յարգանք վայելած գրագէտները չանտեսելու:

Թերեւս կարդացած իսկ չէք հոգեբանական նրբագոյն երանգներ բռնող վիպագիր Զապէլ Եսայեանը. Ատանայի ջարդով փշաքաղող, իր Սիլիհտարի պարտէզները՝ Հայաստան հաստատուելէ ետք վերյիշող գրագէտը, որ մեծագոյն բարիքը ըրաւ ներգաղթելով եւ ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդելով Հայաստանի Պետական համալսարանին մէջ: Ու իր վախճանը կնքուեցաւ այն օրը, երբ ամբողջ դասապահ մը նոր բանտարկուած Չարենցի արժեւորումը կատարեց իր ուսանողներուն, գիտնալով հանդերձ, որ Չարենցի անունը արտասանողը ծայրագոյն բռնութեան կ՚ենթարկուի: Ինք միա՛կն էր Երկրին մէջ, որ բարձրաձայնեց հանճարեղ Չարենցի կարեւորութիւնը, եւ յաջորդ օրն իսկ այլեւս Եսայեանը մահուան նկուղի մէջ դրուած էր:

Գրական երկնակամարի վրայ բառերու հրախաղութեամբ եւ գաղափարներու մտավառութեամբ փայլատակող եօթը լեզուներու տիրապետած (եւ օտար գրողներու կողմէ հիացուած) Կոստան Զարեանը, նոյնիսկ Գրողների միութեան մէջ չընդունուեցաւ Հայաստան հաստատուելէ ետք: «Նաւը Լերան Վրայ»ի Հայաստան հրատարակուած օրինակը խիստ գրաքննուած էր. կ՚ուզեմ հաւատալ, թէ վէպին Պոսթընի հրատարակութիւնը գործածած էք: Կը յիշատակեմ որպէսզի գիտակցիք, թէ իրենց հայրենասիրութեան համար զոհուած սփիւռքահայ գրողներու նկատմամբ ինչպիսի՛ն է ձեր վերաբերումը:

Սփիւռքի գրողները հոգեկան հայրենիք կերտեցին. մեր կեանքի ովկիանոսը խորաչափեցին:

Յակոբ Օշական երեւոյթ է մեր գրականութեան մէջ. տուաւ հումը, հունը, էութիւնը, ակն ու ծակը, հայութեան անհունը: Իր սրտին ահաթափ տառապանքը կրնա՞ք հասկնալ, երբ գիտնաք, թէ սրտի կաթուածով մահացաւ իր Տէր Զօր ծրագրուած այցելութենէն քանի մը ժամ առաջ:

Մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն՝ Նիկողոս Սարաֆեանէն ալ զրկած էք հայրենի ուսանողը: Կը յիշեմ Ալեքսանդր Թոփչեանի յօդուածը, ուր կ՚աւաղէր թէ հայրենի ընթերցողը անտարբեր մնաց Հայաստան հրատարակուած Սարաֆեանի վսեմ քերթողութեան նկատմամբ:

Դատարկ նժարին համար ուրի՛շ չափորոշողներ գործի անցնելու են: Դոյզն իմաստութիւնը չկա՞յ խորհրդատուութեան հրաւիրելու արեւմտահայերէնի արգասիքին հմուտ գրականագէտներ:

Հայ գրականութիւնը ձեր սեփականութիւնը չէ՛: Սերունդներ դաստիարակող գրականութեան դասագիրքերու հարցն ու հա՛ցն է սեղանին վրայ:

Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930