Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Քաղաքական կեանքի սխալներու ճակատագիրը այնպէս է, որ հազուադէպօրէն սխալ գործողները իրենք վճարեն անոնց գինը, այլ՝ իրենց յետնորդները․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 29,2020 12:10

Մեր այսօրուան սխալներուն համար պիտի վճարեն մեր յետնորդները:

«Զարթօնք», Պէյրութ, 25/08/2020. Գէորգ Կիւլիւմեան ընդվզումով կը խօսի Հայաստանի հայերէնի դասագիրքերուն եւ կրթական բարեբախումներուն մասին. Հայ գրականութիւնը եղած է սոսկ գրականութիւն, ՀԱՅը պերճա՞նք է: Կը կարդանք.

«…ծրագրում ի սկզբանէ ներառուած չի եղել հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան որեւէ ներկայացուցիչ: Փոխարէնը ներառուած են ժամանակակից գռեհկաբան, գրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեցող թուղթ մրոտողներ,:… դպրոցական դասագրքերում չներառել Վահան Թէքէեանը, Յակոբ Օշականը, Համաստեղը, Կոստան Զարեանը, Մնձուրին, Շահնուրն ու միւսները: Ո՞րն է այդ չափորոշիչը, ովքե՞ր են չափորոշիչներ սահմանողները եւ ովքե՞ր են չափորոշիչ սահմանողներին ընտրողները» … «Հասարակութեան մէջ այսօր շրջանառւում է այն գաղափարը, ըստ որի` դասագիրքը կազմողները միտումնաւոր են արել այդ ընտրութիւնը` նախապէս հրահանգուած լինելով ինչ–որ տեղից (ընդգծ. Յ.Պ.):… «… Խօսք չեղաւ նաեւ մի շարք մաքուր ազգայնական արեւմտահայ գրողներու մասին, որոնք ներառուած չեն դասագրքերում: Ասենք` Ռուբէն Սեւակը: Չնայած` ի՞նչ կարիք կայ նրա մասին գրելու, երեխաները յանկարծ կ’իմանան, որ թուրքերը 1915 թուականին եղերական մահով սպանել են նրան: Ի՞նչ փոյթ, չէ՞ որ հիմա ոմանք որոշել են ներել թուրքերին եւ լուանալ Տէր–Զօրի արիւնոտ աւազները: Մի պատեհ առիթով սերունդները անպայման կը թքեն դաւաճանների անունների վրայ. Արիւնը ջուր չի՛ դառնալու» (ընդգծ. Յ.Պ.):

Քաղաքական կեանքի սխալներու ճակատագիրը այնպէս է, որ հազուադէպօրէն սխալ գործողները իրենք վճարեն անոնց գինը, այլ՝ իրենց յետնորդները: Այս ըմբռնումով եթէ դիտենք եւ դատենք քսաներորդ դարու սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը երկարաձգուող հայ կեանքը, Հայաստան եւ սփիւռք, պիտի տեսնենք որ սերունդները ապրած են պաղ ու տաք օրեր: Գործուած են սխալներ: Ճակատագիրը այնպէս է, որ անոնց հետեւանքներուն կրողները եղած են յետնորդները: Ազգովին մեր ներկան գերանցող իմացական բարոյականութիւն եթէ ունենայինք, թերեւս մեր այսօրը երէկուընէ լաւ կ’ըլլար, մեր յետնորդներուն ապագան աւելի լաւ հունի մէջ կը դնէինք:

Ի հարկէ, այսպէս է նաեւ բոլոր ժողովուրդներու պարագային:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), փոխանակ օտար աղբիւրներէ ներշնչուելով առաջնորդելու մեր ժողովուրդը, երբեմն լսէինք մեր հարազատ մեծերու խօսքը, կ’ունենայինք պատշաճ վերաբերում մեր ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային հարցերուն նկատմամբ: Ազգային առաջնորդութիւնը, բոլոր մակարդակներու, պատասխանատուութիւն է ազգին ներկային եւ ապագային առջեւ: Այսինքն, ղեկավարութիւնները պատասխանատու չեն միայն անմիջական ներկային մէջ, այլ նաեւ՝ վաղը, գալիք սերունդներուն առջեւ, քանի որ զանոնք կը դնեն պարտքի տակ, անոնց կտակ կը ձգեն մուրհակներ, զորս իրենք պիտի չվճարեն: Այս գալիք սերունդներուն չարաշահումն է, անոնց դէմ գործուած չարագործութիւն: Կեանքի եւ լինելութեան մուրհակ:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առաջնորդութեան կոչուածներ եւ իրենք զիրենք կոչածներ, անփոխարինելի ե անսխալական համարողներ, եթէ երբեմն կանգ առնէին եւ լսէին վաւերականութեան գաղափարները: Այսպէս, ինչո՞ւ փոխանակ լսելու միայն մի ոմն ամերիկացի, ֆրանսացի, գերմանացի կամ այլ իմաստունը, չտրամադրուինք արտակարգ տեսիլք ունեցած եւ ունեցող մեր հարազատի խօսքը լսելու: Լսելու՝ Եղիշէ Չարենցը, որ գիտցած է գեղեցիկի հետ սեւեռել նաեւ հայու եւ մարդու հոգին, տեսնել մարդկութիւնը:

Եղիշէ Չարենցի անձը միշտ խռոված է զիս, իր բարդ ներաշխարհով, անհանգիստ եւ անհանգստացնող հոգեխառնութեամբ եւ կեանքի մէջ ըլլալու իւրայատուկ արկածախնդրական ոգիով: Երբ ուրիշներ քառասուն տարեկանին,- տաղանդաւորներու մասին է խօսքը,- նոր կը սկսին իրենց դրոշմը դնել ժամանակին վրայ, Չարենց հեռացած է (զինք հեռացուցած են) այս աշխարհէն, բայց այդ պատճառ չէ եղած, որ իր հզօր խօսքը չշարունակէ ուռճանալ, ծաւալիլ, մնալ դարուն մէջ եւ մնալ դարերուն մէջ, ինչպէս աստուածաշնչական խօսք:

Եղիշէ Չարենցը պէտք է կարդալ եւ լսել, առանց դասական բանասիրական կաղապարներու մէջ բանտարկուելու: 1897ին ծնած Եղիշէ Սողոմոնեանը քառասուն տարի պիտի ապրէր իր կողմնացոյցը կորսնցուցած դարու մը մէջ եւ այսահար մարդոց հետ, որոնք իր մահէն ետք ալ շարունակեցին գազազած ապրիլ, զիրար յօշոտելով: Գաղութարարութիւն, երկու համաշխարհային պատերազմներ, գիտութիւնը դարձնելով մարդասպանութեան գործիք, գաղափար եւ գաղափարաբանութիւններ՝ ստրկացման հանդէս: Այդ բոլորին մէջ, ի հարկէ, մեր ժողովուրդը:

Եղիշէ Չարենց ընդհանրապէս մարդոց եւ հայերու միջինէն անջատուող եւ տարբեր ըլլալու կոչուած խառնուածք եւ ճակատագիր մըն էր: Անհատը գերացնելով հաւաքականութեան ապրումը եւ տեսիլքը խտացնելու եւ արտայայտելու հանճարը ունէր, որ ի վերուստ տրուած շնորհ է: Այդ տեսիլքը Եղիշէ Չարենց կ’ապրէր իր ժողովուրդին, անոր պատմութեան, լեզուին, մշակոյթին, հողին, քաղաքին հետ, այդ ամբողջութիւնը իրեն կը պատկանէր, զայն իր մէջ կը կրէր:

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31